ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան երկրաշարժի յետ աղէտի շրջանի գործունէութեան զեկոյց
ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը երկրաշարժին յաջորդող օրերուն լծուեցաւ աշխատանքի իրականացնելով բարեսիրական եւ մարդասիրական անհրաժեշտ ծրագիրները:
Երկրաշարժին յաջորդող ժամերուն վարչութիւնս այցելեց ՍՕ Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոն, ստուգելու կառոյցի ապահովական իրավիճակը: Բարեբախտաբար, շէնքը գրեթէ անվնաս էր, բայց երկրաշարժի յաջորդող ժամերուն միութիւնս ցնցեց գոյժ մը` իր նուիրեալ ընկերուհիներէն Միրնա Մինասեան Թէնէքէճեանի մեծ կորուստը:
Ապա յառաջիկայ ժամերուն վարչութիւնս ընթացք տուաւ հետեւեալ աշխատանքներուն.
Ա- Դարմանատան դռները բաց մնացին մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր, շտապ առողջապահական խնդիրներ դիմաւորելու նպատակով:
Բ- Միութիւնս առաջարկ ստացաւ مؤسسة تآزر للتنمية ի պատասխանատու Հայր Փոլ Պետնեանի գլխաւորութեամբ, եռօրեայ ծրագիրով ճաշ մատակարարելու փրկարար խմբակներուն: Ուստի, «Փեթակ» խոհանոցէն ներս.
– 7 Փետրուար 2023-ին պատրաստուեցան մօտաւոր 600 հոգիի ակրատ եւ ոսպապուր: Նոյն օրն իսկ Խնամատարական յանձնախումբը իր «Պնակ Մը Տաք Ճաշ» ծրագիրը գործադրեց, 140 անձի ճաշ մատակարարելով:
– 8 Փետրուար 2023-ին նոյն ծրագիրը շարունակուեցաւ, այս անգամ 1000 հոգիի միսով փիլաւ եւ ոսպապուր տրամադրելով:
– 9 Փետրուար 2023-ին, ծրագիրին երրորդ հանգրուանը եւս յաջողութեամբ պսակուեցաւ 1000 հոգիի կրկին եւս սիսեռով փիլաւ եւ ոսպապուր պատրաստելով: Խոհանոցը աշխատանքի մէջ էր մինչեւ գիշերուան ուշ ժամեր:
Գ- Միութիւնս անսալով Պետական Ընկերային Ծառայութեան երկրաշարժէն տուժածներու օժանդակութեան կոչին` իր զօրակցութիւնը յայտնեց եւ տրամադրեց փոքրիկներու կաթ (թիւով 400) նաեւ թէյ եւ շաքար:
Դ- 8 Փետրուար 2023-ին հայկական կեդրոններէ ներս ապաստանած հայորդիներուն երեկոյեան տրամադրուեցան1900 հոգիի կարկանդակի տեսականի նաեւ փոքրիկներուն կաթ (թիւով 350): Իսկ 9 Փետրուար 2023-ին «Շիրակ» վաճառատան արտադրանքներէն որպէս հիւրասիրութիւն զոյգ` Նոր Գիւղի եւ Վիլլաներու կեդրոններուն տրամադրուեցան սմբուկի, դդումի եւ նանրճի անուշ:
Ե- Միութիւնս Ազգ. Պատսպարանի կեդրոնը տրամադրեց SOS-ի օժանդակութեան խմբակին, որ պատսպարանի սաներուն հետ միասնաբար պատրաստեց թիւով 3000 ակրատներ զանոնք բաժնելու հայկական կեդրոններու ապաստանեալներուն:
Զ- 9 Փետրուար 2023-էն սկսեալ Դարմանատան մնայուն բժիշկն ու բուժքոյրերը այցելութիւն տուին կեդրոնները անհրաժեշտ բժշկական ծառայութիւն մատուցելու գծով:
Է- Աշխատանոցէն ներս արդէն իսկ սկիզբ առաւ բուրդէ ծածկոյթներու (պաթանիա) պատրաստութիւնը ե՛ւ փոքրերու, ե՛ւ մեծերու, որոնք պիտի տրամադրուին երկաշարժէն վնասուած արաբ ժողովուրդի զաւակներուն:
Որպէս յառաջիկայ ծրագիր Շրջ. Վարչութիւնը թելադրեց իր նստավայրի մասնաճիւղերուն մօտէն հետաքրքրուիլ իր անդամուհիներով, յատկապէս երէց եւ անտէր մնացած ընկերուհիներու առողջապահական վիճակով, նաեւ անոնց բնակարաններուն կրած վնասներով: Վարչութիւնս այս աշխատանքով նկատի ունի յառաջիկայ օրերուն, յետ մանրամասն ուսումնասիրութեան, անհրաժեշտ նիւթաբարոյական աջակցութիւնի տրամադրել, նախապատուութիւն տալով իր անդամուհիներուն:
Վարչութիւնս նաեւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ շրջաններու մասնաճիւղերու իրավիճակով եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց երկրաշարժէն վնասուած շրջաններուն օժանդակել ըստ կարելւոյն:
ՀՕՄ-ը իր «Ժողովուրդիս հետ, ժողովորդիս համար» նշանաբանով եւ աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերով, նոյնիսկ Արցախի ընկերուհիներով, աղէտի առաջին վայրկեաններէն փութաց իր նիւթական օժանդակութիւնը հասցնելու ՍՕ Խաչին: Ան յանձնառու է նաեւ անմիջական զոհողութիւններով շարունակելու իր առաքելութիւնը յանուն Սուրիահայութեան վերականգնումին: