Սփիւռքի յանձնակատարը կը մեղադրէ անցեալը՝ արդարացնելու ներկան

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան վերջերս կատարած իր յայտարարութիւններով անդրադարձած է Արցախի կորուստի համար իշխանութեան պատասխանատուութեան հարցին։ Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ե՞րբ պիտի պատժուին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու իր վարչակազմը Արցախը յանձնելուն համար, Սինանեան շեշտած է, որ պատիժը «պէտք չէ հասնի վարչապետին կամ իշխանութեան»։

Լրագրողներու այն դիտարկման, թէ այս աղէտը տեղի ունեցած է գործող իշխանութեան օրոք, Սինանեան հակադարձած է բժշկական նմանակումով մը։ Ան իրավիճակը համեմատած է լեարդի փտախտ (ցիռոզ) ունեցող հարբեցողի մը հետ, որուն կեանքը վերջին վայրկեանին փորձած է փրկել բժիշկը, սակայն ապարդիւն։ Այսպիսով, ան ակնարկած է, որ ներկայ վարչակարգը ժառանգած էր արդէն իսկ անյոյս վիճակ մը։ Երբ հարց բարձրացուած է, թէ արդեօք Փաշինեան չէ՞ր կրնար հրաժարական տալ՝ տեսնելով, որ չի կրնար փոխել կացութիւնը, Սինանեան զայն որակած է որպէս «անպատասխանատուութիւն»։

Միաժամանակ, յանձնակատարը հերքած է այն տեղեկութիւնները, թէ Սփիւռքի կառոյցներուն կամ անհատներուն հրահանգուած է չանդրադառնալ Արցախի թեմային՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան չվնասելու նպատակով։ Ան վստահեցուցած է, որ նման ցուցմունք չէ տրուած ո՛չ մէկ մակարդակի վրայ, եւ նոյնիսկ իրեն՝ որպէս Փաշինեանի անմիջական ենթակայի, նման հրահանգ չէ փոխանցուած։

Այս յայտարարութիւնները սակայն կը հակասեն վարչապետ Փաշինեանի այն խօսոյթին, թէ Արցախի մասին յիշատակումները պէտք է սահմանափակուին։ Փաշինեան նախապէս իր վրդովմունքը յայտնած էր նոյնիսկ եկեղեցական պատարագներու ժամանակ Արցախի Հանրապետութեան յղում կատարելուն համար՝ պնդելով, որ նման արտայայտութիւնները կը նշանակեն հակամարտութեան եւ պատերազմի կոչ։