Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովը Փարիզի մէջ աւարտեց իր աշխատանքները
- (0)

Կիրակի, 12 ապրիլին, իր աւարտին հասաւ համազգային նպատակներու շուրջ սփիւռքի զօրաշարժին եւ վերաշխուժացման նուիրուած խորհրդաժողովը, որուն վերջին նիստերը կեդրոնացան ռազմավարական առաջադրանքներու եւ գործնական քայլերու որդեգրման վրայ։
Խորհրդաժողովի չորրորդ նիստը, զոր վարեց ամերիկահայ հասարակական գործիչ, գործարար եւ կենսավերլուծաբան Տոքթ. Մխիթար Մուրատեան, համախմբեց միջազգային իրաւունքի, քաղաքականութեան եւ մշակոյթի ոլորտներու յառաջատար մասնագէտներ։ Նիստի ընթացքին Ֆրանսայէն մասնակցեցաւ միջազգային իրաւունքի մասնագէտ, IODA նախաձեռնութեան ընդհանուր քարտուղար եւ FIDH-ի նախկին քարտուղար Տոքթ. Ռաֆֆի Գալֆայեան, որ անդրադարձաւ իրաւական հարթակներու վրայ հայութեան դատի հետապնդման հնարաւորութիւններուն։ Անոր կողքին, ԱՄՆ-էն փաստաբան եւ Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի անդամ Գառնիկ Գէրքոնեան ներկայացուց արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները, մինչ Պելճիքայէն Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախագահ եւ «Europeans for Artsakh» նախաձեռնութեան հիմնադիր անդամ Գասպար Կարապետեան խօսեցաւ եւրոպական քաղաքական շրջանակներէն ներս տարուող լոպիիստական աշխատանքներուն մասին։ Նիստը եզրափակուեցաւ UCLA-ի Հայ լեզուի եւ մշակոյթի «Խաչիկեան» ամբիոնի վարիչ Փրոֆ. Յակոբ Կիւլլիւճեանի ելոյթով, որ շեշտեց ինքնութեան եւ մշակութային զօրաշարժի կարեւորութիւնը։
Յաջորդիւ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողովի ամփոփիչ նիստը, որուն ընթացքին նախորդ բոլոր նիստերուն չարծածուած նիւթերն ու ներկայացուած նոր առաջարկները դրուեցան ընդհանուր քննարկման։ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի համադրողութեամբ, ժողովականները ձեւակերպեցին խորհրդաժողովի հիմնական եզրահանգումները եւ ճշդեցին յառաջիկայ քայլերուն ուղենիշը, նպատակ ունենալով ստեղծել մնայուն եւ ազդու գործակցութեան դաշտ մը սփիւռքեան տարբեր կառոյցներու միջեւ։
Յայտնենք նաեւ, որ խորհրդաժողովը հանդէս պիտի գայ աշխարհասփիւռ հայութեան ուղղուած յատուկ կոչ-յայտարարութեամբ մը, որուն պիտի յաջորդեն քաղաքական, տեղեկատուական եւ համայնքային գործնական նախաձեռնութիւններ։