Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի առաջին օրուայ նիստերը աւարտեցան
- (0)

Շաբաթ, 11 ապրիլ 2026-ին, Փարիզի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը: Բացման նիստի ընթացքին խորհրդաժողովի համադրող կազմի խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանը, իսկ ողջոյնի ուղերձներով հանդէս եկան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ ու նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեանը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը:
Խորհրդաժողովի առաջին կլոր սեղանը քննարկեց սփիւռքի ռազմավարական դերը ազգային հիմնախնդիրներու լուծման մէջ եւ անոր քաղաքական օրակարգը: Այս նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը, քաղաքագէտ Վահան Զանոյեանը, Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը, Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակի հաղորդակցութեան բաժանմունքի տնօրէն Եղիսաբէթ Չուլճեանը եւ Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդի ատենապետ Ճօնաթան Շպանգենպերկը: Նիստը վարեց ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու՝ Դոկտ. Գէորգ Ղուկասեանը։
Յաջորդիւ լսուեցան ողջոյնի խօսքեր Կլենտէլի նախկին քաղաքապետ Արտի Գասախեանի, Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանի եւ CCAF-ի համանախագահ ու «Nouvelle D’Arménie» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Թորանեանի կողմէ:
Երկրորդ կլոր սեղանը, զոր վարեց Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի հայերէնի ուսուցման պատասխանատու Նարեկ Հաննէեանը, անդրադարձաւ ազգային արժէքներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ կարեւորութեան՝ սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման համար, նամանաւանդ նոր իրավիճակի մարտահրաւէրներու լոյսին տակ: Քննարկման մասնակցեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ եւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը, Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Եպս. Խաչատրեանը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանը, հասարակական գործիչ Տքթ. Սարգիս Մեսրոպեանը եւ Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քհնյ. Գոյունեանը:
Երրորդ քննարկումը կեդրոնացաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու հիմնահարցերուն եւ հորիզոններուն վրայ: Այս նիստին ելոյթ ունեցան Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Բագրատունին, ՀՀ նախկին վարչապետ Վազգէն Մանուկեանը, «The California Courier» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեանը, լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Տիգրան Եկաւեանը եւ Զուիցերիա-Հայաստան ընկերակցութեան պատուոյ նախագահ Սարգիս Շահինեանը։
Օրուան աշխատանքներու աւարտին մասնակիցները այցելեցին Կոմիտաս Վարդապետի յուշարձանը՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին առջեւ: