Սփիւռքացման Աղէտը Ահազանգող Եղած Է Հարիւր Տարի Առաջ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Հայոց պատմութենէն գիտենք արդէն, որ հայեր  քանի մը
անգամ գաղթած են Եւրոպա, ուր հարիւր հազարներով թիւեր
կազմած են. ո՞ւր են այժմ այդ հայերը»

ՄԿՐՏԻՉ ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԵԱՆ

Գրասէր բարեկամ մը` Ս. Ա., ընթերցելէ ետք «Սփիւռքացման» մասին յօդուածս (տե՛ս «Ազդակ» https://www.aztagdaily.com/archives/596911 եւ «Հայրենիք» թերթեր), համբերութեամբ նկարած եւ ինծի ղրկած է աւելի քան երեսուն էջով յօդուած մը` գրուած 1911-ին: Կ՛ընդօրինակեմ կողքը:

Մ.  ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԺԴ.

ՄԻ՛ ԳԱՂԹԷՔ

Գրեց

ՄԿՐՏԻՉ ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԵԱՆ

ՄԱՐՍԷՅ

Հայերէն տպարան Մ. Փորթուգալեանի
Imprimerie du Midi, 19, rue Grande Armée, Marseille

1913
33 էջ

ԱՐՄԷՆԻԱ
Լրագիր ազգային, քաղաքական եւ այլն
… հիմնուած 1885-ին

Անցեալի եւ մեր օրերու կացութիւնը բնորոշող ԽՈՐԱԳԻՐ մը, որ հաւանօրէն անհանգստացուցած էր դար մը առաջուան գործնապաշտ ամէն տարիքի եւ գոյնի քաղքենիացած մորթապաշտները: Նոյն կուշտ մորթապաշտները կը բողոքե՞ն հարիւր տարի առաջ հեռաւոր Մարսէյէն ազգային խոր մտահոգութիւն ազդարարող Մկրտիչ Փորթուգալեանի դէմ, որ ըսած է, թէ` «Յուսացուածին համեմատ չբազմացաւ հայրենիք վերադարձող գաղթականների թիւը»:

Այսօ՛ր ալ նման խօսք կ՛անհանգստացնէ ազգային իրատեսութենէ խուսափողները:

Ինչե՜ր ըսուած են մեր անցեալի կացութեան արձագանգող «ՄԻ՛ ԳԱՂԹԷՔ» վերտառութեան տակ: Խոցող խօսքեր ըսած է Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան: Աւելի քան դար մը առաջ ըսուածը այսօր ալ կարելի է կրկնել: Եթէ ըսող ըլլայ: Ի հարկէ եթէ լսողներ ալ ըլլան:

Մկրտիչ Փորթուգալեան կը գրէ.

«Օսմանեան սահմանադրութեան վերահրատարակումէն յետոյ, խօսուածին եւ յուսացուածին համեմատ չբազմացաւ հայրենիք վերադարձող գաղթականների թիւը: Ընդհակառակն, երթեւեկութեան ազատութիւնը պատճառ դարձաւ աւելի մեծ թիւով գաղթելու: 10 վերադարձողին դէմ 90 հոգի հայրենիքէն կու գայ դէպի Ամերիկա»:

Կը կարդանք. «Հայերին դէպի Ամերիկա գաղթի անհաշիւ եւ չափազանց հոսանքը Հայաստանի բնակիչների հետզհետէ աւելի նուազման պատճառներէն մին կը դառնայ»:

Այս էջերը գրուած են Թուրքիոյ մէջ սահմանադրութեան լաւատեսութիւն ներշնչող օրերուն: Բայց արտայայտուած միտքերը պէտք է դիտել ազգային-հայրենատիրական տեսանկիւնէ:

Եթէ Մկրտիչ Փորթուգալեան այսօր յայտնուէր, ցաւցնող իրատեսութեամբ պիտի ըսէր, որ հակառակ ցանկացուած անկախութեան` «յուսացուածին համեմատ չբազմացաւ հայրենիք վերադարձող գաղթականների թիւը»… Չբազմացան հայրենադարձները:

Ո՞վ կրնայ կասկածիլ այն պարզ իրողութեան, որ «…գաղթի անհաշիւ եւ չափազանց հոսանքը Հայաստանի բնակիչների հետզհետէ աւելի նուազման պատճառներէն մին կը դառնայ»: Արդարեւ, Հայաստան, ինչպէս` ուրիշ հայրենիքներ, այդպիսին ըլլալու համար, քարտէսի վրայ որպէս սոսկ տեղանուն չյիշուելու համար, տէր-բնակիչ կ՛ուզեն:

Մկրտիչ Փորթուգալեան կը հաւատար «բարեփոխուող» Թուրքիոյ, ուր հայը իր պապենական հողերուն վրայ կ՛ապրէր, որոնց տէր պէտք էր ըլլալ: Հողը եւ հայրենիքը ՆԵՐԿԱՅ ՏԷՐ կ՛ուզեն: Թրքական տիրապետութեան տակ գտնուող ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆի համար հոն ներկայ ժողովուրդը ազատագրական պայքար մղած էր, եւ իր իրաւունքը միջազգային ճանաչում ունէր:

Պարզ իմաստութեամբ ըսուած է, եւ այսօր ալ անվարան կարելի է կրկնել. «Ամերիկա գաղթողներին   100-էն հազիւ 10-ին յաջողութիւնը պէտք չէ շլացունէ հայաստանցիների աչքերը, որ չտեսնեն մնացած 90-ի թշուառութիւնը: Մենք տարակոյս չունինք, որ այդ 90-ի շատեր կան, որոնք եթէ մնային եւ այնտեղ յանձն առնէին ենթարկուիլ այն դրամական ծախքերին, նեղութիւններին ու չարաչար աշխատանքներին, որ յանձն կ՛առնեն Ամերիկա երթալու ճանապարհին վրայ եւ Ամերիկայի մէջ, պիտի կարենային  համեմատապէս աւելի լաւ դիրք մը ունենալ իրենց երկրին մէջ եւ աւելի առողջ ու հեշտին կեանք մը վարել»:

Երէկ մնային` Վան, Մուշ, Ուրֆա, Տիգրանակերտ…

Այսօ՛ր եթէ մնան Հայաստանի Հանրապետութիւն… Շարունակել Մկրտիչ Փորթուգալեանի հետ: Ազգային-քաղաքական բարձրամակարդակ իմաստութիւն էր Մկրտիչ Փորթուգալեանի միտքը:

Փակագիծ մը: Կը յիշեմ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական շրջանները այցելած հայու մը վկայութիւնը: Ան հանդիպած էր հոն բնակող «մնացորդաց»-ի մը, որ ըսած էր, թէ ինք մնացած է իր պապենական հողերուն վրայ անոնց տէր ըլլալու համար: Այս ազգի անդամի եւ հայրենատէրի անսեթեւեթ եւ առանց ճապկումներու քաղաքական ճառ է:

Մկրտիչ Փորթուգալեան կը դիմէ նաեւ պատմութեան վկայութեան: Ինչպէ՞ս կարելի է ազգի ուղղութիւն ճշդել` առանց անցեալի փորձին: Ի վերջոյ հայ ազգը երէկ չէ բուսած: Երբ Փորթուգալեան կը խօսի «Հայաստան»-ի մասին, ան կ՛ըմբռնէ, ինչ որ սովորաբար կը կոչենք «պատմական» Հայաստան, հետագային ըսինք ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆ կամ ՄԻԱՑԵԱԼ:

Պարբերութիւն մը կայ գրութեան մէջ, որ եթէ թերթ մը ընդօրինակէ եւ հրատարակէ` առանց օր եւ թուական ճշդելու, ան այժմէական պիտի թուի, ընթերցողը պիտի հաւատայ, որ այդ տողերը գրուած են այսօր: Կ՛արտագրեմ.

«Եթէ ուզէք քիչ մ՛աւելի հեռու ժամանակներն ալ երթալ Հայաստանի ժողովրդի վիճակն իմանալու եւ ներկայիս հետ բաղդատելով բարեշրջումը տեսնելու համար, թղթատեցէ՛ք նաեւ Առաքել պատմագիրը եւ պիտի տեսնէք, որ այդ գիրքի ամէն մէկ երեսէն արտասուքի եւ արիւնի կաթիլներ կը թափթփին: Այլ սակայն հայն ու հայութիւնը մեծ մասամբ մնաց իր նուիրական հողի վրայ եւ այն սոսկալի տառապանքների մէջէն շարունակելով` հասաւ մինչեւ մեր օրերը: Մի՞թէ համեմատապէս աւելի բարեբախտ վիճակի մէջ, անկարող ներկայանալով, հայրենիքը թափուր եւ բոլորովին ամայի հողելու գործը պիտի պատկանի հիմակուաններին, որ հիներէն աւելի հայրենասէր եւ իտէալական լինելու յաւակնութիւնն ունին…»:

Կ՛արձանագրեմ նաեւ քանի մը այլ միտքեր.

… «Հայերին օտար երկիրներ գաղթելը վտանգաւոր է անհատականէն աւելի ազգային տեսակէտով: Այն ազգ, որ իր ոտքի տակ սեփական հող չունի, չի կրնար կանգուն մնալ երկար ատեն:

… «Հայը Հայաստանով է, որ կրնայ ապրիլ իբրեւ Հայ Ազգ: Հայաստանէն դուրս ամէն տեղ ալ, ուշ կամ կանուխ, հայութիւնը կորսուելու վտանգին ենթակայ է: Կորուստն աւելի արագընթաց կը դառնայ, երբ գաղութին յարաբերութիւնները մայր հայրենիքին հետ աւելի շուտ կը խզուին»…  այլ տեղեր գաղթողը մինչեւ 3-րդ սերունդը կրնայ շատ կամ քիչ պահպանել իր նախկին ազգայնութիւնը, բայց 3-րդ սերունդէն ետք շատ դժուար է այդ»…

«Հայոց պատմութենէն գիտենք արդէն, որ հայեր մի քանի անգամ գաղթած են Եւրոպա,  ուր հարիւր հազարներով թիւեր կազմած են. ո՞ւր են այժմ այդ հայեր…»:

Շուրջ 30 էջերու վրայ փռուած են Մկրտիչ Փորթուգալեանի հայ ազգային գոյապահպանական այս միտքերը, հրատարակուած են 1913-ին, 110 տարի առաջ:  Անոնք ոչինչ կորսնցուցած են իրենց այժմէականութենէն: Մկրտիչ Փորթուգալեանի «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-ը Ցեղասպանութենէն եւ հայրենահանումէն առաջ եղած հայաբնակ պատմական Հայաստանն էր, որուն տէր ըլլալու եւ տէր մնալու համար ան բարձրագոչ ըսած է` ՄԻ՛ ԳԱՂԹԷՔ: Աշխարհամարտի աւարտին տեղի ունեցած եւ ձախողած ներգաղթին յաջորդած արտագաղթին, ապա նաեւ փոքրացած եւ վերանկախացած հարապետութեան առաջին օրէն ծաւալած եւ շարունակուող ԳԱՂԹին առջեւ ոչ ոք կրցաւ եւ ուզեց թումբ կանգնեցնել: Չունեցանք եւ չունինք ՄԻ՛ ԳԱՂԹԷՔի համազգային գաղափարախօսութիւն: Այդ ընելու համար չունեցանք եւ չունինք վերաբերում:

Փակագիծ մը: Հայրենադարձութիւնը յաճախ խոչընդոտուեցաւ զաւեշտական արգելքներով, որոնք երբեմն մաքսային են, օրինակ, երբ պահանջուեցաւ, որ հայրենադարձը ճշդէ, թէ իր բերելիք տնային կահ-կարասիներուն մէջ եղող աթոռներ քանի քիլօ կը կշռեն, կամ քանի դգալ-պատառաքաղ կայ… Այս առասպել չէ, վկայի խօսք է:

Ազգային-քաղաքական ապիկար ըմբռնում է ՄԻ՛ ԳԱՂԹԷՔին չանսալու համար տրուած արդարացումները, նոյնքան ապիկարութիւն են հայրենադարձութեան առջեւ դրուող մեծ ու պզտիկ խոչընդոտները, անոնք ըլլան անհատական, վարչական, թէ տեղական-ամբոխային: Հուսկ. հաւաքաբար պատասխանատու ենք, բուրգին գագաթէն մինչեւ ստորոտը:

Նորոյթի տուրք տալու համար չ՛արժե՞ր այժմէականացնել Մկրտիչ Փորթուգալեանի 110 տարի առաջ հրապարակուած  իրատեսական միտքերը եւ զանոնք տարածել Հայաստանի Հանրապետութեան, Եւրոպայի, Ամերիկաներու եւ Ռուսիոյ մէջ:

Փոխանակ զբաղելու հանգամանքներով, աթոռակռիւներով, ամէն բնոյթի քաղքենիացումներու տուրք տալու միտող ազգին համար անշահ խաղերով` խօսինք եւ գործենք սպառնացող վտանգները կանխելու եւ անոնց դէմ պայքարելու համար:

Հետեւութեամբ Մկրտիչ Փորթուգալեանի պատմաքաղաքական իմաստութեան, ազգային, կրօնական, եկեղեցական եւ այլ կազմակերպութիւններ, առաջնորդներ, մտաւորականներ պէտք է որ բարձրաձայնեն «ՄԻ՛ ԳԱՂԹԷ՛Ք»-ը եւ զայն լրացնեն` «ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁԷ՛Ք»-ով:

Թարգմանել եւ ոչ միայն հայերէնով տարածել հայրենահանման եւ Ցեղասպանութեան նախորդած օրերուն Մկրտիչ Փորթուգալեանի գրածը եւ ըսածը, հասկնալ, եւ ըստ այնմ, ներսը եւ դուրսը ազգ ղեկավարել:

Այս ընելու համար հարազատ հայ մտաւորականութիւնը պէտք է գիտնայ հակադրուիլ ներսի եւ դուրսի քաղքենիացած «էսթեպլիշմընթ»-ներուն, եւ ֆրանսացի բանաստեղծ Վիքթոր Հիւկոյի խօսքը կրկնելով` «Կարմիր գլխարկ դնէ հին բառարանին «j՛ai mis un bonnet rouge au vieux dictionnaire»…

Ուշադրութեամբ լսել այն ինչ որ Մկրտիչ Փորթուգալեան ըսած է զանազան գաղթականութիւններու համրանքի եւ անոնց շիջման մասին եւ ըստ այն գործել եւ առաջնորդել, կողմնորոշուիլ:

Անցեալին սփիւռքացումը ազգ չէ պահած, վաղն ալ ազգ պիտի չպահէ: Ըստ այնմ պէտք է կողմնորոշուիլ եւ մանաւանդ` գիտնալ առաջնորդել:

Թերեւս պէտք է կրկնել, որ հայրենիքի գոյութիւնը եւ պաշտպանութիւնը կ՛ըլլայ բնակիչ տէրերով: Վաղուան ազգային ապահովութեան ուղին վերադարձով եւ բնակեցումով պիտի ըլլայ:

Այլապէս, աստ եւ անդ, հանրապետութիւն եւ բազմանուն սփիւռքներ, պիտի շարունակենք բառախաղերով  եւ բարեսիրութեամբ ժամանակաւորապէս ձանձրոյթ փարատել:

Մտահան պէտք չէ ընել այն, որ Արցախը եթէ բնակեցուած ըլլար, անոր ճակատագիրը տարբեր կ՛ըլլար… Այս պատմութեան դաս է:

  1. Փարիզ, 1 նոյեմբեր 2023

Comments are closed.