Սփիւռքահայ Մտաւորականներ Արա Քեթիպեան Եւ Հայր Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեան Պետական Պարգեւի Արժանացան

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ հանդիպում ունեցաւ սփիւռքահայ մտաւորականներ Արա Քեթիպեանի եւ Մխիթարեան միաբանութեան միաբան Վահան ծ. վրդ. Օհանեանի հետ:

Ըստ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագիրով հայագիտութեան զարգացման եւ հայապահպանութեան գործին մէջ իրենց ներդրած աւանդին համար սփիւռքահայ մտաւորական Արա Քեթիպեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան միաբան Վահան ծ. վրդ. վարդապետ Օհանեան պարգեւատրուեցան «Մովսէս Խորենացի»  մետալով:  Պետական պարգեւը յանձնեց նախարար Ժաննա Անդրէասեանը:

Ողջունելով ներկաները` ան նշեց, որ հաճելի է պետութեան կողմէ գնահատանքի վկայագիր յանձնել վաստակաշատ մտաւորականներու, որոնց ամբողջ կեանքն ու գործունէութիւնը նուիրուած է ազգային կարեւոր նպատակներու եւ արժէքներու հաստատման ու արմատաւորման, որոնք հանրային եւ պետական շահերու ամենաուղիղ արտայայտումն  են:

«Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այն մեծածաւալ աշխատանքին համար, որ իրականացուցած էք եւ կը շարունակէք իրականացնել: Այս ոչ միայն ինքնին արժէքաւոր ուսումնասիրութիւն է, այլ նաեւ ճանապարհ կը բանայ բազում նոր ուսումնասիրութիւններու: Այստեղ ներկայացուած աղբիւրագիտական նիւթը պիտի դառնայ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու այն հարուստ հենքը, որ բազմաթիւ այլ հրատարակութիւններու առիթ պիտի հանդիսանայ: Կարեւոր է այն, որ հրատարակութիւնները օտարալեզու են, եւ այս մէկը կը նշանակէ, որ անոնք հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն նաեւ օտար գիտնականներու կամ հետաքրքրուողներու` ծանօթանալու հետազօտական նիւթերուն: Ապատեղեկատուութեամբ լեցուն այս օրերուն մէջ օտար լեզուով եղած հրատարակութիւնները տեղեկատուութեան եւ իրազեկման տեսանկիւնէ կարեւոր նշանակութիւն ունին` ճշմարիտ տեղեկատուութիւնը եւ պատմական փաստերը հանրութեան հասանելի դարձնելու առումով: Պատրաստակամ ենք աջակցելու ձեր գործունէութեան եւ համագործակցելու հետագայ բոլոր ձեռնարկներուն` շարունակելու, մեծածաւալ ու արժէքաւոր նոր հրատարակութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ հասարակութեան դատին յանձնելու», նշեց նախարար Ժաննա Անդրէասեան:

Արա Քեթիպեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան միաբան Վահան ծ. վրդ.  Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնեցին պետական բարձր պարգեւին համար: Վաստակաշատ մտաւորականներուն ընդգծմամբ, գնահատանքը իրապէս պարտաւորեցնող է:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ շեշտուած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը փաստագրուած է տասնեակ հազարաւոր փաստաթուղթերով` դիւանագիտական զեկոյցներով, ականատեսներու վկայութիւններով, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած մարդոց յուշագրութիւններով եւ բանաւոր պատմութիւններով: Աղբիւրագիտական առանցքային նշանակութիւն ունին 1890-1922 թուականներուն օտար մամուլին հրապարակումները օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու զանգուածային տեղահանութեան, հալածանքներուն, կոտորածներուն մասին: Յատկապէս արժէքաւոր տեղեկութիւններ կարելի է հաւաքել այդ տարիներուն ամերիկեան մամուլէն, որուն մէջ գրեթէ ամէն օր լոյս կը տեսնէին Օսմանեան կայսրութեան դիւանագիտական, միսիոնարական եւ այլ առաքելութեանց ներկայացուցիչներու վկայութիւնները, ահազանգերը, զեկոյցները, հաշուետուութիւնները` իրադարձութիւններուն վերաբերող:

Ամերիկեան մամուլի ուսումնասիրման եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող փաստագրական նիւթերու ամբողջացման ու հրապարակման գործին մէջ զգալի ներդրում ունին սփիւռքահայ մտաւորականներ Արա Քեթիպեանն ու Մխիթարեան միաբանութեան միաբան Վահան ծ. վրդ. Օհանեանը: Անոնք ամերիկեան մամուլի անդրադարձերն ու հրապարակումները ամբողջացուցած են «Հայոց ցեղասպանութիւն. նախերգանք եւ յետգրութիւն: Հաղորդումներ ամերիկեան մամուլում», «Ուաշինկթըն Փոստի 1890-1922 թուականներու հրապարակումները» 10 հատորներէ բաղկացած ժողովածուին մէջ:

Comments are closed.