Ստորագրութիւններ յանուն (ոչ)ինչի՞

Ռուբէն Ճանպազեան

Այս ամբողջը մեզի կը ներկայացուի իբրեւ պատմական ձեռքբերում. Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ ձեռքսեղմում մը, Սպիտակ տան մէջ լուսանկարուելու առիթ մը, Հայաստանի վարչապետը՝ Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն կողքին նստած եւ քանի մը փաստաթուղթեր, որոնք, եթէ հաւատանք մամլոյ հաղորդագրութիւններուն, պիտի ճանապարհ բանան «միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման»։

Սակայն եթէ մէկ կողմ դնենք այս բոլոր ցուցադրական շքեղութիւնները, պատկերը շատ աւելի քիչ գրաւիչ է։ Այս գործարքին մէջ Հայաստանը կու տայ, կը զիջի եւ կը յարմարի՝ առանց որեւէ շօշափելի շահ մը ստանալու։

Սկսինք գլխաւոր կէտէն՝ այսպէս կոչուած «Թրամփի ճանապարհը՝ միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար»-էն («Trump Route for International Peace and Prosperity» – TRIPP), որ Ատրպէյճանը Նախիջեւանի հետ պիտի կապէ Սիւնիքի միջոցով։ Անուանումը հետաքրքրական է, դիւանագիտական լեզուն՝ յղկուած, բայց բուն էութի՞ւնը: Անկախ անկէ, թէ զայն ինչ կը կոչես (ճանապարհ, միջանցք թէ միացման ծրագիր), էութիւնը նոյնն է. Հայաստանի տարածքէն հատուած մը կը հանուի մեր ամբողջական վերահսկողութենէն՝ ուրիշին ռազմավարական շահերուն համար։

Մեզի կը յայտարարեն, թէ այդ ճանապարհը պիտի գործէ հայաստանեան օրէնքներով, որ «արտատարածքային» չէ, եւ թերեւս մասնաւոր անվտանգութեան ընկերութիւն մը պիտի կառավարէ զայն (ինչպէս Զուարթնոց օդակայանը, կ’ըսեն… կարծես թէ առեւտրական օդակայան մը նոյնն է, ինչ երկու թշնամի պետութիւններու միջեւ ռազմավարական երակ մը): Այս խօսքերը նախատեսուած են յոյզերը հանդարտեցնելու, ոչ թէ վստահութիւն ներշնչելու համար։ Գործնականին մէջ, անվտանգութիւնը եւ կառավարումը այլոց յանձնելը կը զրկէ մեզ փոխադարձութենէն, զոր պարտաւոր ենք պնդել։ Ոչ ոք լրջօրէն կը հաւատայ, թէ Պաքուն երբեւէ թոյլ պիտի տայ համարժէք պայմանաւորման մը իր տարածքին մէջ հայկական երթեւեկութեան համար։

Եւ այս բոլորին դիմաց ի՞նչ կը ստանայ Հայաստանը։ Ոչ մէկ խօսք, բառացիօրէն ոչ մէկ խօսք՝ արցախահայութեան ճակատագրին, իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքին (կամ անոր պայմանները ստեղծելու) մասին: Ոչ մէկ շշուկ հազարաւոր հայկական մշակութային եւ կրօնական յուշարձաններուն եւ վայրերուն մասին, որոնք այժմ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ են, ներառեալ միջնադարեան վանքերը, որոնք արդարօրէն կը պատկանին Հայ Առաքելական եկեղեցիին։

Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններո՞ւն մասին. 2021-էն ի վեր Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող (ՀՀ վարչապետին սիրելի եզրը գործածեմ… «իրական») Հայաստանի տարածքները՝ ռազմավարական բարձունքները, կենսական ջրային աղբիւրները, ամբողջութեամբ անտեսուած են։

Չկայ ոչ մէկ յիշատակում Պաքուի մէջ տակաւին գերի պահուող հայերուն մասին. Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական եւ զինուորական առաջնորդներ, 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին գերեվարուած քաղաքացիական դէմքեր եւ 2023-ի ցեղասպանական գործողութիւններու ընթացքին ձերբակալուածներ, ներառեալ նախկին նախագահներն ու միջազգային համբաւ վայելող բարերար Ռուբէն Վարդանեանը։

Սպիտակ տան արարողութիւնը մեզի տուաւ հաւասարութեան տպաւորութիւն՝ երկու առաջնորդ, երկու դրօշ, մէկ միջնորդ, առանց այն բովանդակութեան, որ հաւասարութիւն կը պահանջէ։ Ատրպէյճանի նախագահը գնաց ամերիկեան միջնորդութեամբ իր երկրի յարաբերութիւնները Ուաշինկթընի հետ բարձրացնելու, ԱՄՆ-ի զինուորական օգնութեան 907-րդ յօդուածի սահմանափակումներու դրոշմը հանելու եւ ստանալու ռազմավարական ճանապարհ մը, որուն ետեւէն ինկած էր երկար տարիներ։ Հայաստանը հեռացաւ համագործակցութեան երեք յուշագիրներով՝ ուժանիւթի (energy), արհեստական բանականութեան (Artificial Intelligence – AI) եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» վերամշակուած ծրագրով. այս բոլորը չեն անդրադառնար մեր հողերու բռնագրաւման, մեր ժողովուրդի վերադարձին կամ մեր սահմաններու անվտանգութեան։

Եւ տակաւին լռութիւն. հայ-թրքական սահմանը բանալու որեւէ պարտաւորութիւն չկայ, նոյնիսկ հիմա, երբ «խաղաղութիւն» ըսուածը իբրեւ թէ բոլորին ընդհանուր լեզուն է։ Այդ շրջափակումը մնացած է Ատրպէյճանի պնդումով, եւ հռչակագիրը ոչ մէկ յստակութիւն կու տայ, թէ ե՞րբ կամ արդեօք պիտի վերցուի՞ այն։

Միայն 907-րդ յօդուածի սահմանափակումի չեղարկումը պէտք է տագնապի ազդանշան տայ։ Ան կը վերացնէ այն քիչ լծակներէն մէկը, զոր Ուաշինկթըն ունէր Պաքուն պատասխանատուութեան ենթարկելու՝ խախտումներու եւ սրացումներու համար։ Անոր վերացումը, մինչ ատրպէյճանական զօրքերը դեռ կը բռնագրաւեն հայկական տարածքները եւ հայ գերիները կը մնան կալանքի տակ, չտեսնելու կու տայ յարձակումը եւ ազդանշան կը հանդիսանայ, որ հետեւանքները բացառուած են։

Աջակիցները կը պնդեն, թէ ԱՄՆ-ի ներգրաւումը պիտի «կայունացնէ» տարածաշրջանը եւ նուազեցնէ պատերազմի վտանգը։ Բայց ներգրաւումը, առանց կիրարկելի երաշխիքներու, թատրոն է, ոչ թէ անվտանգութեան քաղաքականութիւն։ Թղթէ խոստումները՝ սպառնալիքներն ու հրասայլերը չեն կանգնեցներ. չկայ հսկողութեան, պարտադիր զսպումներու եւ խախտումներու համար յստակ սահմանուած հետեւանքներ:

Կայ նաեւ աւելի մեծ վտանգ մը, թէ այս պայմանաւորումը ի՛նչ կը նորմալացնէ։ Թոյլ տալով որ ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ Սիւնիքի մէջ երկարաժամկէտ հատում մը ստեղծուի, Հայաստանի իշխանաւորները նախադէպ մը կը ստեղծեն ու աշխարհին կը յայտնեն, թէ հայկական տարածքը կրնայ ենթակայ ըլլալ միջազգային կառավարման, եթէ բաւարար ճնշում կիրառուի։ Միեւնոյն ատեն, ներքին քաղաքական վաճառքը եւ լեզուաբանական «ճկունութիւնը» արդէն իսկ կ’ընթանայ։ Վարչակազմին ներկայացուցիչներն ու այս բոլորը ամբողջութեամբ ողջունողները, որոնք կը պնդեն, թէ ասիկա «միջանցք» չէ, քանի որ այդ բառը էջին վրայ տպուած չէ, կը նուազեցնեն անոր մնայունութիւնը, քանի որ վարձակալութիւնը հարիւր տարուան համար չէ, ցոյց կու տան փոխադարձութեան դրոյթները, զորս ապահովելու հնարաւորութիւն չունին։ Յոյսը այն է, որ հանրութիւնը մխիթարութիւն պիտի գտնէ բառերուն մէջ եւ պիտի անտեսէ բուն էութիւնը։

Բայց բառապաշարի որեւէ փոփոխութիւն չի կրնար թաքցնել իրականութիւնը. սա միակողմանի զիջում է։ Մենք կը ստանձնենք մեր ինքնիշխանութեան սպառնացող վտանգներն ու անվտանգութեան ոչ մէկ ստոյգ երաշխիք կը ստանանք։ Մենք կ՚օգնենք Ատրպէյճանին ռազմավարական նպատակ մը իրականացնելու, առանց որեւէ հատուցում ստանալու մեր կրած անարդարութիւններուն համար։

ԱՄՆ կրնայ այս ամէնը ներկայացնել իբրեւ դիւանագիտական յաղթանակ՝ այսպէս ասած «TRIPP» մը դէպի խաղաղութիւն։ Ատրպէյճանը կրնայ զայն համարել իբրեւ յետպատերազմեան ձեռքբերումները ամրապնդելու եւս մէկ քայլ։ Հայաստանի համար զամբիւղը դատարկ է։ Եթէ իսկական խաղաղութիւնը նպատակն է, ան չի կրնար սկսիլ մէկ կողմի ինքնիշխանութեան քայքայումով եւ անոր տեղահանուած, բանտարկուած եւ սպառնալիքի տակ գտնուող քաղաքացիներուն իրաւունքներու անտեսումով։

Կառավարութեան գործը օտար մայրաքաղաքներուն մէջ ծափահարութիւններ ապահովելը կամ ռազմավարական լուրջ նշանակութիւն ունեցող կէտեր վարձակալութեան յանձնելը չէ։ Անոր գործը Հայաստանի շահերը պաշտպանելն է, երկրի օրէնքները պահպանելն է եւ՝ անոր ժողովուրդը պաշտպանելը:

Ուաշինկթընը մեզի բեմ եւ գրիչ մը առաջարկեց. մենք պէտք էր պնդէինք ստորագրել արժանապատիւ համաձայնութիւն մը կրող թուղթի մը վրայ։