Սպիտակ Տան Քաջալերած Փաստաթուղթը Պիտի Օրինականացնէ Ատրպէյճանի Ցեղասպանական Գործողութիւնները

Սպիտակ տան մէջ նախատեսուած Հայաստան-Ատրպէյճան գագաթնաժողովի սեմին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ բոլոր մասնակցողներուն կոչ կ՛ընէ՝ ձգտելու սկզբունքային եւ տեւական խաղաղութեան, որ հիմնուած ըլլայ արդարութեան, պատասխանատուութեան, բռնի տեղահանուած հայութեան վերադարձին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ապահովութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման վրայ:

«Հայերը իրական խաղաղութիւն կ՛ուզեն: Արցախը «մաքրել»ը խաղաղութիւն չէ: Ցեղային զտումի օրինականացումը խաղաղութիւն չէ: Քրիստոնէական սրբավայրերը մոռացութեան մատնելը խաղաղութիւն չէ: Պատանդները մոռանալը խաղաղութիւն չէ: Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքի բռնագրաւումին հետ հաշտուիլը խաղաղութիւն չէ: Ուժի սպառնալիքով պարտադրուած խաղաղութիւնը խաղաղութիւն չէ», մեկնաբանելով հանդիպումը՝ յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

Հայ Դատը կ՛աւեցնէ, թէ, ըստ վստահելի աղբիւրներու, Սպիտակ տան հովանիին տակ  տեղի ունենալիք բանակցութիւններէն ետք, հաւանաբար հրապարակուի յայտարարութիւն մը կամ փոխըմբռնման յուշագիր մը՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ՝ մտահոգութիւն յայտնելով, որ այդ յայտարարութիւնը կամ համաձայնութիւնը պիտի չանդրադառնայ հիմնական առաջնահերթութիւններուն, մասնաւորապէս՝ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին, Պաքուի կողմէ հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման, հայկական քրիստոնէական սրբավայրերու միջազգային պաշտպանութեան եւ Հայաստանի գերիշխան տարածքէն  Ատրպէյճանի զինուած ուժերը դուրս բերելուն:

Ըստ Համբարեանի՝ որեւէ համաձայնութիւն, որ բնական կը համարէ, ապա կ՛օրինականացնէ 150,000 արցախահայերու բռնի տեղահանութիւնը կարելի չէ յառաջխաղացք համարել՝ աւելցնելով, որ այդպիսի քայլ մը շրջանը պիտի հեռացնէ խաղաղութենէն եւ պիտի քաջալերէ ատրպէյճանական նոր յարձակումներ: 

«Իրական խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի արցախահայերու վերադարձի իրաւունքին իրականացումով, պատանդները ազատ արձակելով, քրիստոնէական սրբավայրերը պաշտպանելով, Հայաստանէն օտար զօրքերը հեռացնելով եւ պատերազմական յանցագործները պատասխանատուութեան կանչելով: Եթէ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ Հարաւային Կովկասի մէջ ինքզինք ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեան միջնորդ, ուրեմն պէտք է ապահովէ, որ այս խաղաղութեան գործընթացը ըլլայ իսկական եւ հիմնուած պատասխանատուութեան եւ ոչ թէ Հայաստանին պարտադրուած սպառնալիքներու վրայ: Ամերիկահայերը վճռականօրէն դէմ են որեւէ համաձայնութեան, որ վտանգի տակ կը դնէ հայերու կեանքը», աւելցուց Համբարեան:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դարձեալ կը վերահաստատէ իր խիստ ընդդիմութիւնը Պաքուի կողմէ յառաջ տարուող, այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի գաղափարին, զայն նկատելով Հայաստանի գերիշխանութեան սպառնալիք: