Սուրիոյ նախագահի հրամանով Հալէպի մէջ վարժարան մը կը վերանուանուի սուրիահայ նահատակ զինուորի անուամբ
Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հրամանով Հալէպի «Դամասկոս» նախակրթարանը կը վերանուանուի սուրիահայ նահատակ զինուոր Գրիգոր Աշնաքլեանի անուամբ, 5 Օգոստոս 2018-ին:
Նշենք, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ եւ առաջին տիկին Ասմա Ասատ, նահատակներու ծնողներու հետ իրենց կատարած հանդիպումներու ծիրէն ներս, երկու տարբեր առիթներով հանդիպում ունեցած էին Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայած եւ Հալէպի Ալ-Նիլ թաղամասին մէջ մարտական հերթապահութեան ընթացքին, 16 Ապրիլ 2014-ին նահատակուած Գրիգոր Աշնաքլեանի ծնողքին հետ: Այդ հանդիպումներուն սուրիահայ նահատակին ծնողքը խնդրած էր, որ կրթական հաստատութիւն մը կամ հիւանդանոց մը անուանակոչուի Գրիգորի անունով, անմահացնելու համար անոր յիշատակը:
Ընդառաջելով ծնողքին խնդրանքին, նախագահը յատուկ հրամանագիրով մը Հալէպի հայաշատ Սիւլէյմանիէ թաղամասին մէջ գտնուող «Դամասկոս» նախակրթարանը վերանուանեց «Նահատակ Գրիգոր Վարուժանի Աշնաքլեան» վարժարան, նկատի առնելով անոր մօր այդ դպրոց յաճախած ըլլալն ու պատերազմի դժնդակ օրերուն, իր զինուորական ծառայութեան ընթացքին Գրիգորի այդ դպրոցի ուսուցչական կազմին հաց մատակարարելը: Անուանակոչման արարողութեան ներկայ գտնուած են Հալէպի կրթական տնօրէնը, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու նահատակին ծնողքը:
Նշենք, որ Գրիգոր Աշնաքլեան եղած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտ։