Սուրիոյ Մէջ Հայ Մասնագէտները Ականազերծած են Աւելի Քան 10,510 քմ Տարածք

Horizon Weekly Newspaper

Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով  ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներէ բաղկացած խումբը, Փետրուար 19-ին, սկսած է ականազերծման աշխատանքները:

Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն ՊՈԱԿ-ին փոխանցած տեղեկութիւններով` մինչ օրս, հայ մասնագէտները ականազերծած են աւելի քան 10,510 քմ տարածք: Յայտնաբերուած եւ ոչնչացուած են հակահրասայլային եւ այլ տեսակի հարիւրաւոր ականներ, ռումբի չպայթեցուած մասնիկներ: Մարդասիրական առաքելութեան կազմին մէջ ընդգրկուած բժիշկները, իրենց գործունէութիւնը կը ծաւալեն Հալէպի ռազմական հիւանդանոցին եւ համալսարանական դարմանատուներուն մէջ:

Փետրուար 18-էն մինչ օրս, հայ բժիշկները, սուրիացի գործընկերներու հետ համատեղ, հիւանդներուն ցուցաբերած են 50 վիրաբուժական եւ մօտ 100 բուժական բնոյթի օգնութիւն: Իրականացած է 160 դարմանատնային, կենսաքիմիական եւ հորմոնալ տարրալուծական հետազօտութիւն:

Բացի վերոնշեալէն, մէկ բժիշկ՝ իւրաքանչիւր օր՝ բժշկական ապահովում իրականացնելու նպատակով կ՝ընդգրկուի ականազերծման խումբին մէջ:

Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւնը կը շարունակուի:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.