Սուրիոյ խորհրդարանը կը ցրուի, կ’ընդունուի նոր սահմանադրութիւն եւ տեղի կ’ունենան նոր ընտրութիւններ. Մարիա Գաբրիէլեան

Horizon Weekly Newspaper

Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները երկրի խորհրդարանը լուծարելու եւ նոր սահմանադրութիւն կազմելու որոշում կայացուցին. նոր սահմանադրութիւնը պատրաստելէ եւ հանրաքուէով հաստատելէ ետք պէտք է կայանան խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ։ Կ’ենթադրուի, որ այդ գործընթացը 3-4 տարի ժամանակ կը պահանջէ:

«Արմենպրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Մարիա Գաբրիէլեան՝ խօսելով երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին, ներքաղաքական կեանքին մէջ ընթացող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի շրջանակներուն մէջ տիրող իրադրութեան վերաբերեալ։

Հայ պատգամաւորը, անդրադառնալով վերջերս տարածուած տեղեկութիւններուն, որ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները երկրի խորհրդարանը լուծարելու որոշում կայացուցած են, նշեց, որ նման որոշում իսկապէս կայացած է եւ կը վերաբերի նաեւ երկրի սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն:

«Այո, խորհրդարանը լուծարելու որոշում կայացած է եւ կը վերաբերի նաեւ Սուրիոյ նախորդ իշխանութիւններուն օրօք գործող սահմանադրութեան գործածութեան: Յառաջիկայ օրերուն պէտք է սահմանադրութեան մշակման մարմին ստեղծուի: Այս իմաստով շատ բան կ’ակնկալուի ազգային երկխօսութեան համագումարէն, ուր, հաւանաբար, պիտի քննարկուին երկրի համակարգի ձեւաչափը, ղեկավարման եղանակն ու պետութեան բնոյթը››, ըսած է պատգամաւորը:

Անոր բնորոշմամբ՝ հաշուի առնելով այս ամէնը՝ եթէ չկայ խորհրդարան, ապա չկան նաեւ պատգամաւորներ. «Սահմանադրութիւնը պատրաստելէ եւ հանրաքուէով հաստատուելէ ետք պէտք է կայանան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Կ’ենթադրուի, որ այս գործընթացը 3-4 տարի ժամանակ կը պահանջէ»:

Գաբրիէլեանի խօսքով՝ ներկայիս Սուրիոյ մէջ ամէն օր տեղի կ’ունենան նոր իրադարձութիւններ, իսկ երկրի պետական համակարգը հետզհետէ կը սկսի ձեւաւորուիլ։

«Սուրիոյ մէջ ամէն օր նորութիւններ կ’արձանագրուին: Երկրի պետական համակարգը հետզհետէ կը ձեւաւորուի: Ամէնէն ուշագրաւը արտաքին յարաբերութիւններուն հարցով նկատուած գերաշխուժութիւնն է թէ՛ Սուրիոյ պետական այրերու՝ դէպի տարբեր երկիրներ պաշտօնական այցելութիւններու, թէ՛ դէպի Սուրիա ժամանող արեւմտեան, արեւելեան, արաբական երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու այցերու առումով», նշած է Մարիա Գաբրիէլեան:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ ներքին կեանքին գրանցուող իրադարձութիւններուն, պատգամաւորը, այդուհանդերձ, նկատեց, որ ներքին անվտանգութեան իմաստով կը շարունակուին առեւանգումները, կողոպուտները, սպանութիւնները՝ չնայած նման դէպքերու թիւը երթալով կը նուազի։

«Իշխանափոխութեան եւ բանտերու դատարկման պայմաններուն մէջ զարմանալի չէ նման դէպքերու արձանագրումը, մանաւանդ, որ վրէժխնդիր անհատներ նման պայմանները պատեհ առիթ կը համարեն վրէժ լուծելու համար», ըսած է Գաբրիէլեան:

Վերջինիս փոխանցմամբ՝ հասարակութեան ընկերային-տնտեսական վիճակը կը շարունակէ մնալ անկայուն, քանի որ ելեկտրականութեան եւ ջուրի հետ կապուած խնդիրները տակաւին գոյութիւն ունին։

«Սակայն քարիւղ եւ կազ որեւէ ժամանակ կարելի է ապահովել: Առաջինին գինը նուազած է, սակայն կազի գինը՝ բարձրացած: Ապրանքատեսակներու եւ սնունդի գիները որոշ չափով նուազեցան, որովհետեւ սուրիական լիրայի արժէքը ամերիկեան տոլարին նկատմամբ մասամբ բարելաւեց իր դիրքերը: Տնտեսագէտները կը զգուշացնեն, որ այս բարելաւումը խաբուսիկ է, որովհետեւ ներմուծման եւ արտահանման ոլորտներուն մէջ փոփոխութիւններ տակաւին չկան», նկատել տուած է Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւորը:

Պատգամաւորին բնորոշմամբ՝ զանազան երկիրներ աջակցութեան կոչեր կը կատարեն, սակայն անոնք իրենց սատար կանգնիլը կը կապեն Սուրիոյ իշխանութեան տուած խոստումները կատարուած տեսնելու իրողութեան հետ:

«Արեւմուտքի կողմէ սահմանուած պատժամիջոցները, տակաւին, զօրեղ են, եւ այդ մէկը պատճառ կը դառնայ ժողովուրդի տառապանքի շարունակութեան։ Թէեւ եղան ոլորտներ, որոնց մէջ ժամանակաւորապէս առկախուեցան պատժամիջոցները, սակայն այս քայլին արդիւնքը տակաւին շօշափելի չդարձաւ», ըսած է պատգամաւորը:

Մարիա Գաբրիէլեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Սուրիոյ իշխանութիւնը կը պատրաստուի ազգային երկխօսութեան համագումարի կազմակերպման, որուն նախապատրաստական աշխատանքները իրականացնող յանձնաժողովը վերջերս հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ նախագահին հետ։

Պատգամաւոր Մարիա Գաբրիէլեանի փոխանցմամբ՝ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին կը սպասուի նոր կառավարութեան նշանակումը. «Կ’ակնկալուի, որ այն բաղկացած կ’ըլլայ երկրի տարբեր բաղադրիչներու ներկայացուցիչներէ: Նշեմ, որ իշխանութեան ներկայացուցիչները բազմիցս արտայայտուեցան, որ նշանակումները պիտի ըլլան ըստ կարողութիւններու եւ ոչ թէ համաձայն պատկանելիութեան»:

Պատգամաւորը, անդրադառնալով հայ համայնքին մէջ տիրող տրամադրութիւններուն, նշեց, որ հայերուն կեանքը կամաց-կամաց կը վերադառնայ բնականոն հուն։

«Հայկական բոլոր վարժարանները սովորականին նման կը շարունակեն դասերը, կը շարունակուին հայերէն եւ քրիստոնէական կրօնագիտութեան դասընթացները, միութիւնները վերադարձած են իրենց գործունէութեան, արուեստի դպրոցներն ու ակադեմիաները եւս վերադարձած են իրենց աշխատանքին», յայտնած է Մարիա Գաբրիէլեան:

Ան նաեւ նշած է, որ արդէն շուրջ մէկ ամիս է, որ Հալէպի մէջ կը շարունակուի գիշերային հսկողութեան աշխատանքը, եւ ապահովութեան պահպանման համար հայ երիտասարդները կէսգիշերէն մինչեւ առաւօտ ինքնագլորներով կը շրջին քաղաքին մէջ։

Մարիա Գաբրիէլեանի փոխանցմամբ՝ երկրին ներկայ ներքաղաքական կեանքին մէջ փոփոխութիւններ չեն նկատուիր, քանի որ փոքրամասնութիւնները նախորդ իշխանութիւններուն օրօք ունեցած իրենց իրաւունքները կը շարունակեն պահել։

«Չկայ ոչ մէկ միջամտութիւն դպրոցներու, աղօթավայրերու կամ անձնական այլ հարցերու մէջ: Դրական երեւոյթ է նաեւ պետական կեդրոններուն մէջ պաշտօնական վերաբերմունքի բարեփոխումը: Նկատելի է դիմորդներուն նկատմամբ յարգալիր մօտեցումը եւ կաշառակերութեան նուազումը», եզրափակած է պատգամաւորը, նկատելով որ Սուրիոյ պետական կեդրոնները մէկը միւսին ետեւէն կը վերաբացուին եւ կը վերսկսի ծառայութիւններու մատուցումը։