Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի գործունէութեան զեկոյց յետ երկրաշարժի շրջանին
1465
0
Բ. ԶԵԿՈՅՑ
(13-18 Փետրուար 2023)
Շրջ. Վարչութիւնը յառաջացուց Երկրաշարժի Կեդրոնական Յանձնախումբ մը բաղկացած նստավայրի վարչութիւններու ընկերուհիներէ: Յանձնախումբը պարտականութիւն ստանձնեց յետ երկրաշարժի աղէտին հետաքրքրուիլ բոլոր ընկերուհիներու բնակարաններու ապահովական իրավիճակով, ինչպէս նաեւ առողջապահական խնդիրներով եւ քրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցողներուն ցանկերը պատրաստել, որպէսզի միութեանս ստացած անվճար դեղորայքը տրամադրուի բոլորին անխտիր:
Ժողովուրդին օժանդակելու համար Կեդրոնական Յանձնախումբը պատրաստեց նաեւ կոկիկ ծրարներ (թիւով 200) լեցուն կնոջական մաքրողական պիտոյքով (անձեռոց, ակռայի դեղ ու վրձին, օճառ, թաց թաշկինակ եւ այլք): Իւրաքանչիւր ծրարի արժողութիւնն էր 20.000 ս. ոսկի: Վարչութիւնս այս ծրարները, ինչպէս նաեւ թիւով 100 ակրատ եւ տաքուկ ծածկոցներ (թիւով 40 հատ) բաժնեց տնազուրկ դարձած արաբ ժողովուրդին Պոսթան Փաշայի եւ Հալէպի կայարանի ապաստարաններէն ներս:
Շրջ. Վարչութիւնը այցելեց Կարմիր Մահիկի մանուկներու հիւանդանոցը եւ մանուկներու դէմքին ժպիտ մը գծելու նպատակով անոնց գրենական պիտոյքներու ծրարներ, ինչպէս նաեւ ՍՕ Խաչի աշխատանոցէն ներս կարուած յատուկ ծածկոցներ նուիրեց մօտաւորապէս 50 մանուկներու։
Երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակին լոյսին տակ, Շրջ. Վարչութիւնը որոշեց նիւթական օժանդակութիւն կատարել մօտաւորապէս 500 ընտանիքի յատկացնելով 200.000 ս. ոսկի: Այս ծրագրին ներառուեցան նաեւ ՍՕ Խաչի յանձնախումբերու պաշտօնեաները, թիւով՝ 63:
Ան որ դիմած կը դիմէ ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոն, անպայման պիտի օգտուի այնտեղ մատուցուող ծառայութիւններէն։
Այս ընթացքին Դարմանատուն յաճախող կարիքաւոր հիւանդներուն քննութիւնը անվճար կը կատարուի, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ դեղորայք կը տրամադրուի անոնց: Դեղորայքի անվճար տրամադրումը կը շարունակուի ՍՕ Խաչի Դարմանատուն բոլոր դիմորդներուն, յատկապէս քրոնիք հիւանդութիւններ ունեցողներուն, համապատասխան դեղագիրներով, նոյնիսկ կեդրոնը չգտնուած դեղեր կ’ապահովուին կարգ մը հիւանդութիւններու պարագային։
Միութեան ջանքերով ձեռք ձգուեցաւ նաեւ մեծ քանակով փոքրիկներու շոր եւ կաթ, անհատ բարերարէ մը եւ անոնք տրամադրուեցան Մանկամսուրի փոքրիկներուն եւ ժողովուրդին:
Երկրաշարժին անօթեւան մնացած ընտանիքներու համար հանդերձահաւաք կատարուեցաւ եւ բարերարի մը ճամբով մեծաքանակ կօշիկներ ապահովուեցան, որպէսզի տրամադրուին ապաստանեալներուն։
Յիշենք նաեւ, որ Շրջ. Վարչութիւնը ՀՕՄ-ի Ազգ. Ծերանոց ուղարկած յատկացումով գնեց երկու լուացքի մեքենայ: Պայմաններու բարելաւումով վարչութիւնը պիտի այցելէ նաեւ կեդրոն եւ բարոյական իր աջակցութիւնը բերէ տարեցներուն:
Կը շարունակուի նաեւ ՀՕՄ-ի «պնակ մը տաք ճաշ» ծրագիրը՝ շաբաթը երեք անգամով։ Նախկին ցանկին վրայ Շրջ. Վարչութեան առաջարկով կու գան աւելնալ նաեւ երկրաշարժէն տուժած ընտանիքներու անուններ։
ՍՕ Խաչը ծրագիր ունի նաեւ դպրոցական աշակերտներու սնունդ տրամադրել երբ դասաւանդութիւնը վերսկսի։
Շրջ. Վարչութիւնը կը գործակցի Կարմիր Մահիկ եւ «Ալ-Ամանա աս-Սուրիէ լիլթէնմիէ» մարդասիրական կազմակերպութեանց հետ։
Այս օրերուն, մեր ժողովուրդին մօտ անվտանգութեան մշակոյթը զարգացնելու միտումով, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը կազմակերպած է Շտապ օգնութեան եռօրեայ անվճար դասընթացք՝ երկու մասով, որուն գլխաւոր դասախօսն է Ֆրանսայէն ժամանած մասնագէտ Փիէռ Պազարպաշի։
ՀՕՄ-ը տեւաբար, իր բոլոր միաւորներով ՍՕ Խաչի կողքին է կանգնած։ Միութիւնը սատար կը հանդիսանայ սուրիահայութեան՝ ամէն ձեւով օգտակար դառնալու երկրաշարժէն տուժած Սուրիոյ ժողովուրդի զաւակներուն։ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ատենապետն ու Սուրիոյ ներկայացուցիչը ամէնօրեայ կապի մէջ են ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետին հետ։
Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամները օրական դրութեամբ կը գտնուին ընկերաբժշկական կեդրոն եւ պատրաստ են միութեան բոլոր գործունեայ անդամներով մարդասիրական եւ բարեսիրական ծառայութիւն մատուցելու ոչ միայն սուրիահայութեան, այլեւ Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին, որպէսզի Սուրիոյ ժողովուրդը նուազագոյն վնասներով յաղթահարէ երկրաշարժի աղէտին հետեւանքները։
ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւն