Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը Հազարաւոր Քթակապեր Կը Կարէ

Horizon Weekly Newspaper

Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը կը թելադրէ մշտապէս օգտագործել քթակապեր նախազգուշանալու պսակաձեւ ժահրէն եւ զերծ մնալու որեւէ վարակի փոխանցումէն։ Այս իմաստով Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան Աշխատանոցի Յանձնախումբը ժողովուրդի զաւակներուն, յատկապէս ծառայողական ոլորտին մէջ աշխատող երիտասարդներուն համար հազարաւոր քթակապեր կարեց, հականեխել տուաւ զանոնք ու բաշխեց բոլոր անոնց, որոնք ծառայողական կամ բժշկական ոլորտներուն մէջ կ՚աշխատին՝ օգտակար դառնալու մեր ժողովուրդին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

#Տունը_Մնացէք։ Մենք պիտի ծառայենք ձեզի։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.