ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԲԱՍՏՐՄԱՃԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ 11 ՅՈՒՆԻՍ 2022-ԻՆ
1373
0
Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Բատրմաճեան Երկրորդականի Ե. կարգի Իսաջանեան Հունձքի աւարտականներու վկայականաց բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 11 Յունիս 2022-ին, ժամը 4:00-ին, , Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս: Հանդէսին ներկայ էին յարգարժան հիւրեր՝ Բարձրաշնորհ՝ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, Գերաշնորհ Տէր Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեան Հոգեւոր Տեսուչ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ, Արժանապատիւ՝ Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան, Հոգեւոր Հովիւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ, Արժանապատիւ՝ Տէր Յակոբ Քահանայ Գեադաեան, Հոգեւոր Հովիւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ, Մեծայարգ ներկայացուցիչներ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան : Ներկայ էին նաեւ բարերարներ, պարգեւներ եւ մրցանակներ տուող հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ուսուցչական կազմի անդամներ, ծնողներ եւ պատուարժան հիւրեր:
Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներուն յաջորդեց աւարտական դասարանի 40 աշակերտներու մուտքը որմէ ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց օրուան հանդիսավար պրն.Մհեր Գարագաշեան:
Հանդիսութեան յայտագիրը սկսաւ երբ խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Դանիէլ Վարուժանի “Ձօն”-ը:
Ասմունքին յաջորդեց վարժարանի ընդհանուր տնօրէնուհի՝ Լորի Ապրաքեանին խօսքը որ շնորհակալութեան եւ երախգիտութեան խօսք փոխանցելէ ետք դպրոցին անձնակազմին եւ ծնողներուն նուիերեց ՁՕՁՁ տարեշրջանի հունձքը ողբացեալ Տիկին Վանուհի Իսաջանեանի լուսաւոր յիշատակին։ Իր պատգամին մէջ ըսաւ՝
«Կը մաղթեմ սիրելիներ, որ ապագայի ձեր ծրագիրները յաջողութեամբ պսակելու եւ իմաստաւորելու համար, առաջնորդուիք Տիկին Վանուհիին օրինակով եւ Արմէն Գարոյի խօսքերով։
Եղէ՛ք վճռակամ որպէսզի ձեր բոլոր երազները իրականացնէք, հակառակ ձեր դիմաց դրուած մարտահրաւէրներուն, տէր կանգնեցէք ձեր լեզուին, ձեր մշակոյթին եւ պատմութեան որպէսզի ապահովէք մեր համայնքին ապագան, եւ երբ ժամանակը գայ գուրգուրացէք մեր կառոյցներուն վրայ, որպէսզի անոնք շարունակեն գործել հայրենիքէն ներս թէ դուրս, մինչեւ որ հասնինք մեր բոլոր երազանքներուն, մինչեւ որ մեր արագիլի համեստ բոյնը ըլլայ ամբողջական եւ ապահով։»
Վկայագրերու եւ մրցանակներու բաշխումը կատարեցին Ընդհանուր տնօրէնուհի Տիկ. Լորի Ապրաքեան եւ Վարժարանի վարչական խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Տէր-Ղազարեան:
Վկայագրերու բաշխման յաջորդեց, Նուիրահաւաքի եւ հաշուապահական գրասենեակի գործադիր տնօրէնութեան խօսքը որ փոխանցեց Տիկին Թամար Եաղճեան։ Ան նշեց «Կարելի չէ քանի մը խօսքով ներկայացնել, գնահատել կամ արժեւորել Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի գոյատեւման համար թիկունք կանգնած խումբը, ի մասնաւորի նուիրատուները, բարերարները եւ բարեկամները » ։
Շեշտեց « Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի ֆոնտին իրենց մնայուն ներդրումը կը կատարեն գաղութիս զանազան բարեսիրական միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ անհատական առատաձեռն նուիրատուները, որոնց անսակարկ նիւթական աջակցութեամբ կ’իրականանայ սոյն առաքելութիւնը» ։
Ապա խօսք արին աշակերտներ՝ Ֆրանսերէնով Րիթա Սամոնեանշ Անգլերէնով Մարի-Իզապէլ Կիւլեան եւ Հայերէնով Թամար Խշխշեան որոնք յիշեցին իրենց անցուցած օրերէն հաճելի դեպքեր եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին ուսուցչական կազմին եւ ծնոներուն։
Ապա Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան հանդիսութեան փակման խօսքը կատարեց եւ մեծապէս գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, եւ շեշտեց որ այս է Հայ աշակերտին տիպարը, այսպէս է որ կը դաստիարակուին մեր շրջանաւարտները: Մեծապէս գնահատեց եւ շնորհաւորեց մեր շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները:
Հանդէսէն ետք շրջանաւարտները հրաւիրուած էին cocktail-ի մը, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն, ինչպէս նաեւ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ վարժարանի անձնակազմին «Ահարոնեան» հիւրասրահին մէջ:
ՊԱՐԳԵՒՆԵՐ ԵՒ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ
Երկրորդական Ե. կարգի շրջանաւարտ
2021 – 2022
Բոլոր շրջանաւարտները կը ստանան հետեւեալ նուէրները
Mélanie Joly –էն վկայագրեր
*Նոթատետր– Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի Նախկին Աշակերտներու Միութեան կողմէ
*Հոգաբարձութեան կողմէ գրիչներ
*Նարեկ – Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ քոյրերու ժողովի կողմէ
– Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը կը շնորհաւորեն եւ կը նուիրեն Հատոր մը
Սարին Խշխշեան
– Ս. Գէորգ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կողմէ այն աշակերտին որ բարձրագոյն միջինը ապահոված է Ֆրանսերէնի մէջ:
Ռիթա Սամոնեան
– Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի կողմէ Հայերէնի մէջ բարձրագոյն տարեկան միջին ապահոված երեք աշակերտներ:
Ռիթա Սամոնեան
Թամար Խշխշեան
Սարին Խշխշեան
– ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան կողմէ այն աշակերտին, որ օրինակելի կամաւոր աշխատանք ցուցաբերած է դպրոցէն ներս:
Շանթ Քեջէճեան
– Հ.Օ.Մ.ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղին կողմէ այն աշակերտին որ իր դպրոցական աշխատանքներու կողքին կը մասնակցի նաեւ երիտասարդական, մարզական, եկեղեցական ու մշակութային միութիւններու ակմբային աշխատանքներու:
Սարին Խշխշեան
– Հ.Օ.Մ.ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղին կողմէ այն աշակերտին, որ գնահատելի ընդհ. միջին ապահոված է եւ միութենական կեանքի մէջ գործօն մասնակցութիւն կը բերէ:
Նարէ Զօհրապեան
Մեղրի Ղազարեան
– Հ.Յ.Դ. Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան այն աշակերտներուն, որոնք բարձրագոյն միջինները ապահոված են Հայոց պատմութեան եւ միջազգային պատմութեան նիւթերու մէջ, եւ որոնք իրենց դպրոցական աշխատանքներուն կողքին գօրծօն մասնակիցներ են պատանեկան, երիտասարդական, մարզական, եկեղեցական ու մշակութային միութիւններու ակմբային աշխատանքներուն:
Ռիթա Սամոնեան
Խաչիկ Սարգիս
– Հ.Յ.Դ. Մոնթրէալի Միհրան Փափազեան կոմիտէութեան կողմէ այն աշակերտին, որ բարձրագոյն միջինը ապահոված է Հայոց պատմութեան մէջ:
Խաչիկ Սարգիս
– Գանատայի Հայ Առեւտրականներու խորհուրդին կողմէ
Մանէ Դավթյան բարձրագոյն միջինը ապահոված է Թուաբանութեան մէջ:
Մարի Իզապէլ Կիւլեան բարձրագոյն միջինը ապահոված է Անգլերէնի մէջ
Շանթ Թոփալեան բարձրագոյն միջինը ապահոված է Entrepreneuriat-ի մէջ:
– Վիգթորիա Աբգարեան պարգեւ տրամադրուած Բժ. Փիէր Ասլանեանի կողմէ իր կարգին բարձրագոյն ընդհ. միջին ունեցողին:
Մարի-Իզապէլ Կիւլեան
– Սօֆիա եւ Առէն Արզումանեանին կողմէ այն աշակերտին որ գնահատելի միջին ապահոված եւ մնայուն ճիգ թափած է եւ նաեւ յարատեւութեան համար:
Սարգիս Կարապետ
Դրօ Պալուզեան
– ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Մոնթրէալի Լեւոն Շանթ եւ Լաւալի Բեկոր Աշոտ մասնաճիւղերու կողմէ
Հրակ Գայայեան
– Ընկ Վրէժ Արմէն Արթինեանի կողմէ Հայերէն լեզուի գրաւոր արտայայտութեան մէջ բարձր նիշ ապահովող աշակերտներուն
Ռիթա Սամոնեան
Թամար Խշխշեան
– Գէպէքի հայ բժիշկներու ընկերակցութեան (AMAQ) կողմէ Երկրորդական Ե. կարգի այն աշակերտին որ բարձրագոյն միջինը ապահոված է թէ թուաբանութեան եւ թէ գիտութեան մէջ
Մանէ Դավթյան
Լիանա Կիրակոսեան
– HEC-ի Գերազանցութեան մրցանակ կը տրուի Երկրորդականէն շրջանաւարտ այն աշակերտին, որ Entrepreneuriat-ի մէջ հմուտ է, կը ցուցաբերէ առաջնորդողի ձիրքեր եւ աշխատանքի գերազանցութիւն
Գարին Փոլաթ
– Médaille du Gouverneur Général կը տրուի այն աշակերտին որ իր կարգին մէջ բարձրագոյն ընդհանուր միջինը ապահոված է վերջին երկու տարիներուն:
Ռիթա Սամոնեան