Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի աշակերտները այցելեցին «Հորիզոն»ի խմբագրատուն
- (0)

Տօնական օրերուն առթիւ, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի աշակերտները՝ մարդասիրական, բարեսիրական, լրատուական եւ մշակութային միութիւններուն ու կառոյցներուն իրենց տուած երախտագիտական այցելութիւններու ծիրէն ներս, 17 Դեկտեմբեր 2019-ին այցելեցին «Հորիզոն»ի խմբագրատուն, վարժարանի տնօրէն տիկ. Լորի Ապրաքեանի ընկերակցութեամբ:
Այցելութեան ընթացքին աշակերտները ծանօթացան «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 40-ամեայ գործունէութեան, բաժանմունքներուն եւ անձնակազմին:
Աշակերտները, իրենց կարգին, առ ի երախտագիտութիւն «Հորիզոն»ի անսակարկ աջակցութեան, իրենց իսկ կողմէ պատրաստուած յատկանշական նուէր մը փոխանցեցին անձնակազմին եւ, փոխադարձաբար, ստացան «Հորիզոն»ի եւ բացառիկ յաւելուածի վերջին թիւերը:
Նշենք, որ «Հորիզոն»ի Մանկապատանեկան յաւելուածը շնորհիւ ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան հետ «Հորիզոն»ի համագործակցութեան՝ կը տրամադրուի Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի ամենօրեայ վարժարաններուն։