Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի ամավերջի հանդէսներ

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի ամավերջի հանդէսներ

Երկրորդականի 54 շրջանաւարտներ, Նախակրթարանի 58 աւարտականներ, եւ Ծաղիկ դասարանի 65 աշակերտներ վկայուեցան յաջորդական երեք հանդէսներու ընթացքին

 « «Սօսէ Մայրիկ» հունձքը ուխտեց՝  տէր կանգնիլ Հայաստանին ու Արցախին, ու երբե՛ք ծնկի չգալ»

 Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան Երկրորդական»ի շրջանաւարտներու  ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 17 Յունիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ Տէր Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Քեպէգի խորհրդարանի անդամ Տիկ. Սոնա Լախոյեան Օլիվիէի,  հոգեւոր հայրերու, բարերարներու, վարչական խորհուրդի, հոգաբարձութեան, հիմնադրամներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ ուսուցչական կազմի անդամներու։

Ուսուցիչներու եւ շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք, հանդիսութիւնը մեկնարկեց Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով։ Հանդիսավար Պրն. Մհեր Գարագաշեան իր բացման խօսքով  ողջունեց ներկաներն ու Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի 2023 տարուան հունձքը, որ մկրտուած է քաջարի հայուհի «Սօսէ Մայրիկ»ին անունով, անոր մահուան 70ամեակին առիթով, հետեւաբար «Ձօն՝ Սօսէ Մայրիկին» համադրումով, շրջանաւարտներ՝ Միլանա Ճապրայեան, Լոռի Մխճեան, Սարին Բաբախեան եւ Ալիք Հատիտեան ներկայացուցին անոր կեանքին ու գործունէութեան գլխաւոր կէտերը։ Հանդէսի գեղարուեստական յայտագիրի բաժնով հնչեց   «Պինկէօլ» ժողովրդական երգը, կատարողութեամբ՝ Աննա Թեփիրճեանի (երգեհոն), Ռազմիկ Ազգանօղլի (սաքսոֆոն), Միքայէլա Պոյաճեանի (ջութակ), Վարդգէս Թիւֆէնքճեանի (ջութակ), Լորի Օլթաճիի (հարուածային գործիքներ) եւ Մհեր Խաշխըշեանի (տհոլ)։ Այնուհետեւ հանդիսավար Պրն. Մհեր Գարագաշեան յայտարարեց, թէ որովհետեւ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ամենազգայուն հանգրուաններէն մէկը կ՛ապրի, երբ վտանգուած են ոչ միայն Արցախի, նոյնպէս հայրենիքի ապագան, «Սօսէ Մայրիկ» հունձքը իր ձեւով կ՛ուզէ իր պատգամը փոխանցել Հայաստանի իշխանութիւններուն, հայրենիքի, Արցախի եւ ամբողջ սփիւռքի հայրենակիցներուն, եւ այդ նպատակով պիտի մեկնաբանեն հայրենի երգիչ Արաբօ Իսպիրեանի «Ծնկի չենք գալու» նորագոյն երգը։ Սակայն նախքան երգի կատարումը ցուցադրուեցաւ Արաբօ Իսպիրեանի տեսագրուած անակնկալ պատգամը, որուն մէջ ան կ՛ողջունէր «Սօսէ Մայրիկ» հունձքի յանձնառութիւնը եւ կը շնորհաւորէր բոլոր շրջանաւարտները. ապա աշակերտները միասնաբար կատարեցին երգը, ներկաներուն ապրեցնելով ամավերջի հանդէսի ամենէն յուզիչ պահը, մանաւանդ  անոնք բարձրացուցին «Հայաստանս ծնկի չի գալու, Արցախս ոչ մէկին չեմ տալու…» երգին բառերուն պաստառները։

Սուրբ Յակոբ  ազգային վարժարանի հիմնադրամի խօսքը փոխանցեց հիմնադրամի տնօրէնուհի Տիկ. Թամար Եաղճեան, որ ներկայացուց անցնող տարեշրջանի  գործունէութիւնը։ Վարժարանի երկրորդականի բաժնի կրթական պատասխանատու Տիկ. Սելին Թուիկ, եւ վարժարանի փոխ տնօրէնուհի, նախակրթարանի առաջին բաժնի պատասխանատու Տիկ. Տիան Պայկըն, միասնաբար ներկայացուցին ուսուցիչներու գերազանցութեան եւ մանկավարժական նորարարութեան մրցանակի թեկնածուներուն 4 ծրագիրները, ապա բեմ հրաւիրուեցան սոյն մրցանակը հաստատած վարժարանի շրջանաւարտ՝ Տոքթ. Արի Մկրտիչեան եւ ընդհանուր տնօրէնուհի Տիկ. Լորի Ապրաքեան, որոնք մրցանակը յանձնեցին երկրորդականի ֆրանսերէն լեզուի դասատուներ Տիկ. Միրիամ  Լոզոնի եւ Պրն. Գլէման Ամֆիոնի, որոնք բարձրագոյն կարգերու աշակերտներուն համար մշակած էին գրելու աշխատանոցի նորարար ծրագիր մը։ Յայտագիրը շարունակուեցաւ «Optimath» նահանգային թուաբանական մրցանքի գնահատելի արդիւնքներ արձանագրած աշակերտներու մրցանակներու յանձնումով, Է կարգէն՝  Միա Սիլվա Գաննիզարոյին, Ը կարգէն՝ Վազգէն Հայրապետեանին, եւ Ժ կարգէն՝ Վայք Աճէմեանին։

Շրջանաւարտներուն իր սրտի խօսքը փոխանցեց ընդհանուր տնօրէնուհի Տիկ. Լորի Ապրաքեան, որ անդրադարձաւ շրջանաւարտներուն անցած դպրոցական ճանապարհին, մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական, եւ այդ ընթացքին անոնց դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրներուն, ուսումնականէն մինչեւ համաճարակ, եւ ոմանց համար երկրի ու միջավայրի փոփոխութիւն, նոր լեզուի ու նոր օրէնքներու ընտելացում։ Տնօրէնուհին նշեց, որ մարտահրաւէրները բազում ըլլալով հանդերձ, աշակերտները փայլուն կերպով դիմագրաւեցին զանոնք, խաղով, երգով, պարով, ու չարաճճիութիւններով հասան աւարտական դասարան։  Տիկ. Ապրաքեան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ դպրոցի վարչական խորհուրդին, անոր հարկին տակ գործող բոլոր միութիւններուն եւ Հայ վարժարանի նեցուկ կանգնող բոլոր բարերարներուն, որոնց նուիրական աշխատանքին եւ աջակցութեան շնորհիւ վարժարանը կը գոյատեւէ  50 տարիներէ ի վեր։ Ան նաեւ նշեց, որ այս հունձքի շրջանաւարտներէն ոմանք կը ներկայացնեն այն առաջին սերունդը, որ իր ուսումը սկսաւ «Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» մանկամսուրէն եւ այսօր կ՚աւարտէ «Բաստրմաճեան երկրորդական»ը, հաստատելով որ այս էր տեսլականը համայնքի ղեկավարներուն,  երբ անոնք հիմը դրին այս վարժարաններուն։ Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք ո՛չ մէկ ճիգ խնայեցին այս հունձքի կազմաւորման ու դաստիարակութեան համար։ Ան նաեւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները, եւ յորդորեց անոնց ըլլալ անուանի կին գործիչ Սօսէ Վարդանեանի արժանաւոր ժառանգորդը, ըլլալ հայրենասէր, յանդուգն, յանձնառու եւ անձնուէր հայ, պատրաստ՝ իր անձը զոհաբերելու յանուն ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութեան։ Տիկ. Ապրաքեան խօսքը եզրափակեց Արմէն Գարոյի մէկ պատգամով՝ «Այսօր նոր շրջանի մը առաջ ենք կանգնած եւ պէտք ունինք նոր սերունդի մը՝ սկսուած աշխատանքը շարունակելու համար, բոլորովին այլ պայմաններու մէջ. այդ դերը ձեզի է վիճակուած։ Շուտ ըրէ՛ք, մեծացէ՛ք, բայց լաւ պատրաստուեցէք ձեր վրայ ընկած պատմական պարտականութիւնը յաջող կերպով կատարելու համար…»։

Վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումը կատարուեցաւ ընդհանուր տնօրէնուհի Տիկ. Լորի Ապրաքեանի եւ վարժարանի վարչական խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեանի ձեռամբ: Պատուոյ գերազանց յիշատակութեան, Սուրբ Յակոբ արժանանեաց գնահատագրի, ուսումնական ու յատուկ դասանիւթերու գերազանցութեան, հայերէն լեզուի ու գրաւոր արտայայտութեան, համայնքային յանձնառութեան, կամաւոր աշխատանքի, ինքնագերազանցման, ղեկավարի յատկանիշներու, վարժարանի դեսպանի, մարզական, մշակութային ու միութենական բազմաթիւ մրցանակներու ու կրթանպաստի կողքին, յանձնուեցաւ նաեւ Գանատայի ընդհանուր կառավարիչի շքանշանը, բարձրագոյն միջին ապահոված աշակերտուհիին՝ Արենի Փիլիպոսեանին։

 ֆրանսերէն, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով  աշակերտական ուղերձները յաջորդաբար արտասանեցին Ռաֆայէլ Մարտիրոսեան, Եսենիա Քէլլէյեան եւ Մելիսա Ճապրայեան, որոնք պատմեցին իրենց անցած ուղիին, Սուրբ Յակոբ վարժարանէն ներս ստեղծած յիշատակներուն  եւ ապրած փորձառութիւններուն մասին, եւ երախտագիտութեան խօսքեր յղեցին իրենց ծնողներուն ու ուսուցիչներուն։

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան իր եզրափակիչ պատգամով բարձր գնահատեց «Սօսէ Մայրիկ» հունձքին փոխանցած պատգամը չընկրկելու ու ծունկի չգալու, ո՛չ թշնամիին, ո՛չ ալ կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց, հաստատելով, որ այս յանձնառու սերունդն է որ երբեք պիտի չարտօնէ Հայաստանն ու Արցախը յանձնել։ Ան դրուատեց վարժարանի տնօրէնութեան ու ուսուցչական կազմին աշխատանքը, շնորհաւորեց ծնողներն ու շրջանաւարտները մաղթելով անոնց նորանոր յաջողութիւններ։

Նշենք, որ բոլոր շրջանաւարտները  Քեպէգի Ազգային Ժողովի գնահատագրեր ստացան, տրամադրուած՝ Սէն Լորան շրջանի երեսփոխան Տիկ. Մարուա Րիզքիի կողմէ, ինչպէս նաեւ անոնք ստացան յիշատակի գրիչներ տրամադրուած՝ Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի վարչական խորհուրդին կողմէ, «Նոր Կտակարան»ը տրամադրուած՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ քոյրերուն կողմէ,  Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին խօսքը» գիրքերու Գ եւ Դ հատորներէն օրինակներ,  «Սփիւռք, ինքնութիւն, այրութիւն» գիրքերուն Ա. հատորը՝ Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի կողմէ,  «Հորիզոն»ի Հայկական ցեղասպանութեան նուիրուած պարբերաթերթը  եւ Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի նախկին աշակերտներու միութեան կողմէ պատրաստուած կերպասէ պայուսակներ։

 Հանդէսէն ետք շրջանաւարտներուն պատուին հիւրասիրութիւն մը կազմակերպուած էր «Ահարոնեան» սրահին մէջ, ուր անոնք հատեցին իրենց կարկանդակը, պարեցին ու յիշատակի լուսանկարներ առին իրենց հարազատներուն եւ ուսուցիչներուն հետ։

 «Սարաֆեան նախակրթարանի աւարտականները խոստացան  մնալ հաստատակամ՝ հասնելու իրենց նպատակին»

 Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան» Նախակրթարանի Զ դասարանը աւարտող աշակերտներուն ամավերջի հանդէսն ու վկայագրերու բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի 18 Յունիս 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3։00ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ Հայր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներու, բարերարներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ ուսուցիչներու:

 Աշակերտներու եւ անոնց ուսուցիչներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք, հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, որ մեկնաբանուեցաւ աշակերտներուն կողմէ։

Հանդէսի բացման խօսքը արտասանեց երկրորդականի կրթական պատասխանատու Տիկ. Սելին Թուիկ: Օրուան հանդիսավարն էր վարժարանի փոխ տնօրէնուհի եւ նախակրթարանի առաջին բաժնի  պատասխանատու Տիկ. Տիան Պայկըն, որ ողջունեց ներկաները։

Հանդէսի գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժնով խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ՝ Արարատին»ը։ Այնուհետեւ աշակերտները միասնաբար կատարեցին Ա. Պապաջանեանի «Ազգ իմ Փառապանծ» երգը, որմէ ետք խումբ մը աշակերտուհիներ, իրենց դասընկեր- դասընկերուհիներուն անունով ուխտեցին մնալ հաստատակամ ու համբերատար հասնելու  իրենց նպատակին եւ աշխատասիրութեամբ եւ քաջութեամբ իրականացնելու իրենց երազները։ Անոնք նաեւ, շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց սիրելի ուսուցիչներուն եւ թանկագին ծնողներուն։ Ապա, բոլոր աշակերտները միասնաբար կատարեցին «The Sound of Music» երաժշտական ներկայացումէն՝ «Climb every mountain» երգը, եւ յաջորդաբար երգչուհի Տալիտայի «Laissez-moi danser» եւ հայրենի երգահան Մ. Յակոբեանի «Իմ Անունը Հայաստան է» երգերը, խմբավարութեամբ Տիկ. Դալար Հարպոյեան- Գալլողլեանի, իսկ այս կատարումներուն խանդավառութիւնը կրկնապատկելով խումբ մըն ալ աշակերտներ երգեցողութեան կշռոյթին ընկերակցեցան հարուածային զանազան գործիքներու նուագակցութեամբ։

 Երկրորդականի աշակերտական խորհուրդի անդամներ Թ կարգէն՝ Սէրլի Օգճեան եւ Ը կարգէն՝ Առէն Հատիտեան իրենց խօսքը փոխանցեցին նախակրթարանի աւարտականներուն, յանձնարարելով  անոնց տալ իրենց լաւագոյնը բոլոր դասերուն մէջ, որպէսզի անոնք կարենան գերազանցել իրենք իրենց, ինչպէս նաեւ լաւ սորվիլ մայրենի լեզուն, որպէսզի  մեր ազգը յառաջդիմէ որպէս մէկ ժողովուրդ։ Աշակերտական խորհուրդի անդամները նշեցին, որ երկրորդականէն ներս բազմաթիւ արկածախնդրութիւններ կը սպասեն նախակրթարանի աւարտականներուն,  անոնք շնորհաւորեցին անոնց իրենց առաջին նուաճումին համար, պատրաստակամութիւն յայտնեցին անոնց օգտակար դառնալու եւ խօսքը եզրափակեցին ըսելով՝ «Մենք հպարտ ենք ձեզմով, բարի եկաք երկրորդական վարժարան»։

 Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց վարժարանի ընդհանուր տնօրէնուհի՝ Տիկին Լորի Ապրաքեան, որ նշեց թէ հասած է պահը քաղելու աշակերտներու անցնող վեց տարիներու ժրաջան աշխատանքին պտուղը, եւ ստանալու նախակրթարանի վկայագիրը, որ հաստատագիրն է անոնց կազմաւորման եւ կեանքի նոր հանգրուանի մը պատրաստ ըլլալուն։ Տիկ. Ապրաքեան շարունակեց իր խօսքը նշելով «Թէկուզ հայրենիքի կարօտով լի է ձեր հոգիները,  սակայն  սփիւռքի մէջ մեծնալն ալ իր դրական ազդեցութիւնները ունի ձեր ապագային վրայ, մանաւանդ, երբ կը փորձէք լաւագոյն ձեւով օգտուիլ ձեզի ընծայուած ուսման  անսահման կարելիութիւններէն, որպէսզի օր մը ձեր կարգին,  ձեր ընտրած ասպարէզներուն մէջ որպէս  մասնագէտներ, առանց կասկածելու  ձեր աջակցութիւնը բերէք Հայաստանի  ծաղկումին, մեր հայաշունչ  գաղութին  եւ՝ մարդակերտումի ու հայակերտումի օճախ՝  մեր սիրելի վարժարանին»։ Ան նաեւ երխտագիտութեան խօսք ուղղեց ծնողներուն, եւ նախակրթարանի ուսուցիչներուն, որոնց անսակարկ նուիրումին շնորհիւ, մայրենի լեզուն կը ծաղկի աշակերտներու շուրթերուն վրայ եւ հայ  ժողովուրդին պահանջատիրութեան ոգին անոնց հայեացքով կը փոխանցուի երեխաներուն։ Ընդհանուր տնօրէնուհին երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նաեւ Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ դպրոցի վարչական խորհուրդին, անոր հարկին տակ գործող բոլոր միութիւններուն եւ Հայ վարժարանի նեցուկ կանգնող բոլոր բարերարներուն, որոնց նուիրական աշխատանքին եւ աջակցութեան շնորհիւ այս վարժարանը կը գոյատեւէ  50 տարիներէ ի վեր։  Իսկ իր խօսքը ուղղելով Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Սարաֆեան նախակրթարան»ի 44րդ հունձքին Տիկ. Ապրաքեան յոյս յայտնեց, որ աշակերտները իրենց երկրորդական ուսումը կը շարունակեն նոյն թափով եւ գերազանց ճիգով, որպէսզի հասնին փայլուն ապագայի, եւ փառք ու պատիւ բերեն իրենց ծնողներուն, ազգին ու հայրենիքին։

 Վկայագրերու եւ մրցանակներու բաշխումը կատարուեցաւ ընդհանուր տնօրէնուհի Տիկին Լորի Ապրաքեանի, փոխ տնօրէնուհի Տիկին Տիան Պայկընի եւ Զ կարգի դաստիարակներու մասնակցութեամբ: Մրցանակներ յանձնուեցան Պատուոյ գերազանց յիշատակութեան համար, ինչպէս նաեւ յանձնուեցան ուսումնական գերազանցութեան, իւրաքանչիւր դասանիւթի գերազանցութեան, համայնքային յանձնառութեան, ՀՅԴ ԳՊՄի «Մհեր Ջուլհաճեան», ՀՄԸՄ ԿԱՄՔ-ի, ՀՄԸՄ Լաւալի, մարզական ու ինքնագերազանցման կրթանպաստներ։

 Հանդէսի եզրափակիչ բաժնով Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ  Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան մեծապէս գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, եւ անդրադարձաւ սփիւռքի մէջ ազգային վարժարանի դերին հաստատելով, որ այդ դպրոցը սովորական դպրոցներու գիտութիւն ջամբելու եւ սերունդներ դաստիարակելու պարտականութենէն աւելի պարտաւորութիւն մըն ալ ունի՝ առողջ միջավայրի մէջ կերտել հայու ազնիւ հոգի, եւ այս աշակերտները դաստիարակել հայաշունչ ոգիով, որպէսզի ապագային անոնք ոչ միայն իրենց ծնողներուն ու համայնքին ուրախութիւն պատճառեն, այլ նաեւ անոնց նուաճումները հպարտութեան առիթ հանդիսանան։

 Հանդիսութեան աւարտին աւարտականներուն եւ անոնց ընտանիքներուն պատուին հիւրասիրութիւն մը պատրաստուած էր «Ահարոնեան» սրահէն ներս, ուր աշակերտները կարկանդակը հատելէն ետք, առիթը ունեցան իրենց պատրաստած շնորհաւորական բացիկները նուիրել իրենց հայրերուն, տրուած ըլլալով որ հանդէսին թուականը կը զուգադիպէր հայրերու օրուան։

 «Ապագայ առաջին դասարանի աշակերտները՝ ինքնավստահ աշխարհի քաղաքացիներ» 

Հինգշաբթի 15 Յունիս 2023ին, կէսօրէ ետք ժամը 2։30ին, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի 2022-2023 տարեշրջանի ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն կը սպասէր անակնկալ մը, երբ անոնք անցնող տաս ամսուան իրենց ամբարած գիտելիքներով զինուած, աւարտականներու գլխարկներ կրած եւ տարբեր երկիրներու դրօշակները պարզած սկսան հպարտօրէն տողանցել նախակրթարանի միջանցքներուն մէջ, ուր ջերմ ծափողջոյններով եւ քաջալերական կանչերով դիմաւորուեցան դպրոցի աշակերտներուն կողմէ։ Անոնց տողանցքը աւարտեցաւ դպրոցի «Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան» խմբավայր, ուր համախմբուած էին իրենց ծնողները, մեծ անակնկալ մատուցելով իրենց։ Փոքրիկները խանդավառութեամբ իրենց տեղերը գրաւեցին, իրենց աշխատանքներով զարդարուած բեմահարթակին վրայ եւ սկսան յաջորդաբար կատարել դպրոցական տարեշրջանի ընթացքին սորված փունջ մը հայերէն ու ֆրանսերէն երգեր, որոնք արտացոլումն էր, դպրոցէն ներս կազմաւորուող իրենց փոքրիկ ներաշխարհին։ Աշխարհի տարբեր լեզուներով «Բարեւ» երգելով, աշակերտները ողջունեցին ներկաները եւ ինքնավստահօրէն շարունակեցին իրենց կատարումները, որոնց միացան նաեւ իրենց ուսուցչուհիները։ Գեղարուեստական յայտագրի աւարտէն ետք, Ծաղիկ դասարանի եւ նախակրթարանի առաջին բաժինի մանկավարժական տնօրէնուհի, վարժարանի փոխ տնօրէն Տիկ. Տիան Պայկըն իր կարգին ողջունեց ծնողները եւ գնահատեց անցնող տարեշրջանին աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին տարած աշխատանքը, որուն ականատեսը դարձան ծնողները. ան տեղեկացուց որ հանդէսի աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ իր ծաղիկ դասարանի վկայագիրի կողքին կը ստանայ յիշատակի պատկերագիրք մը, աշակերտին անունով պատրաստուած, պատկերազարդ եւ Իզապէլ Լըպլանի հեղինակած Ֆրանսերէն պատմութեան գիրք մը՝ «Ծովահէններուն դպրոցը» (L’ecole des Pirates), որուն մէջ իւրաքանչիւր աշակերտ իր նուէր ստացած գիրքին հերոսն էր, իր դասընկերներուն ու ուսուցիչներուն հետ։

Հանդիսութեան աւարտին վարժարանի ընդհանուր տնօրէնուհի Տիկ. Լորի Ապրաքեան իր կարգին շնորհաւորեց աշակերտներն ու ծնողները, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին անոնց ջանքերուն եւ բեղուն ուսումնական տարեշրջան մը բոլորելու համար։ Ապա իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտներ համախմբուեցան հատելու իրենց դասարանի կարկանդակները, իսկ ծնողներուն կը սպասէր փոքր հիւրասիրութիւն մը։ Անմոռանալի այս օրը աւարտեցաւ յիշատակի լուսանկարներով։

Comments are closed.