Սոչիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

Հոկտեմբեր 31-ին Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ եռակողմ հանդիպումը:

Նախքան այդ տեղի ունեցաւ Փութին-Փաշինեան հանդիպումը, որուն ընթացքին, ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի, Փութին յոյս յայտնած է, որ յառաջ երթալու համար լուծումներ պիտի գտնուին: Ան ընդգծած է, որ այժմ գլխաւոր խնդիրը շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելն է, ինչպէս նաեւ փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու ապաշրջափակումը:

«Մենք կը տեսնենք մեր գործընկերներու մօտեցումները, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ եւ Ղարաբաղի շուրջ: Այս տագնապը արդէն կ՛երկարի տասնամեակներ, ատոր համար անհրաժեշտ է որոշ պահու ատոր վերջ տալ: Համաձա՞յն է՞ք ասոր: Ես գիտեմ, որ դուք ատոր քաղաքական կամքը ունիք, եւ մենք մշտապէս ատիկա կը հաստատենք», ըսած է Փութին:

Ռուսիոյ ղեկավարը նաեւ ընդգծած է եռակողմ հանդիպումի ընթացքին առանցքային հարցերուն մէջ որոշակիութիւն մտցնելու կարեւորութիւնը, ինչ որ պիտի օգնէ յառաջ շարժելու:

Փաշինեան իր կարգին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններ հաստատելու հիմնարար սկզբունքներու ռուսական նախագիծի մօտեցումները ընդունելի են Երեւանի համար, եւ յոյս յայտնած, որ Ռուսիոյ ղեկավարը պիտի աջակցի այս նախագիծին անդրադառնալու առաջարկներուն` իբրեւ հանդիպումին յաջորդած հաւանական եռակողմ յայտարարութեան մաս:

Փաշինեանի համաձայն, Հայաստանը յոյսով է, որ Ռուսիան յստակ դիրքորոշում պիտի յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքներէն Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու դուրսբերման վերաբերեալ:

Ան նաեւ ըսած է, որ Հայաստանի համար կարեւոր է Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն ազրպէյճանական զօրքերու դուրսբերումը:

Հայաստանի վարչապետը աւելցուցած է, որ Հայաստանը պատրաստ է որեւէ պահու ապաշրջափակել Ազրպէյճանի հետ շրջանային հաղորդակցութիւնները, սակայն Հայաստանի տարածքին մէջ հաղորդակցութիւնը պէտք է ըլլայ Երեւանի լիակատար վերահսկողութեան տակ: Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան սահմանային ծառայութիւնը պէտք է վերահսկէ վերոնշեալ համաձայնութիւններու կատարումին:

Ըստ Փաշինեանի, սահմանազատման աշխատանքներու մեկնարկին պէտք է նախորդէ սահմանի անվտանգութեան ուժեղացումը:

«Կ՛ուզեմ ընդգծել Ազրպէյճանի մէջ պահուող Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներու ազատման եւ հայրենադարձութեան հարցի կարեւորութիւնը: Հակառակ ատոր որ մենք տասնեակ անգամներ քննարկած ենք այս հարցը ձեզի հետ եւ հակառակ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան, հարցը տակաւին չէ լուծուած», ըսած է Փաշինեան:

Պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցած է Փութին-Փաշինեան դէմ առ դէմ հանդիպում:

Փութին Փաշինեանի հետ իր 2 ժամ տեւողութեամբ հանդիպումի աւարտին հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ալիեւի հետ եւ յայտնեց. «Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմը Ղարաբաղի մէջ իր առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ ինչպէս վայել է»:

Խօսելով եռակողմ հանդիպումին մասին` Փութին ըսաւ. «Իմ կարծիքով` հանդիպումը կարեւոր նշանակութիւն ունի: Ինչպէս կը տեսնեմ, այս հանդիպումին նպատակը 2020 եւ 2021 թուականներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարումը ապահովելն է», ըսած է Փութին:

Ալիեւ իր կարգին Փութինին շնորհակալութիւն յայտնած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ ունեցած դերակատարութեան համար:

«Այսօրուան հանդիպումը նուիրուած է շրջանային հարցերուն: Կ՛ուզեմ երախտագիտութիւն յայտնել այն դերին համար, որ դուք ունեցած էք ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ: Երկու տարի առաջ ստորագրուեցաւ եռակողմ յայտարարութիւնը, որ վերջ դրաւ բազմամեայ տագնապին: Այժմ եկած է ժամանակը` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: Բարձր կը գնահատենք ձեր անձնական դերակատարութիւնը այս հարցին մէջ», ըսած է Ալիեւ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.