Սիւնիքի շուրջ իրավիճակը փոխկապակցուած է մեր շահերուն հետ. Իրանի դեսպան Սոպհանի
- (0)

Սիւնիքի մարզի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը փոխկաակցուած է Իրանի շահերուն հետ, ըստ այդմ, սահմանային որեւէ փոփոխութիւն Թեհրանի համար անընդունելի է։ Այս մասին «Հայք-Իրան. հազարամեայ հարևանութիւն» միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին:
Ան նշած է, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ սահմանը տարածաշրջանի ամենէն ապահովներէն մէկն է եւ թէ իրանը երբեք որեւէ վտանգ չէ զգացած Հայաստանի կողմէ, իսկ Հայաստանը՝ Իրանի կողմէ։
Ան միաժամանակ յիշեցուցած է, որ Թեհրանը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ըրած է ընթանալ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ընդառաջ եւ խուսափիլ լարուածութեան աճ յառաջացնող որեւէ քայլերէ: