Ռուստամեան. «Ռազմաքաղաքական Հաւասարակշռութիւնը Այս Շրջանին Մէջ Խախտուած Է Յօգուտ Թուրք-Ազրպէյճանական Դաշինքին»
«Մենք օգտուեցանք ընձեռուած կարելիութենէն եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուցինք շրջանին մէջ առկայ իրավիճակին վերաբերեալ ընդդիմութեան տեսլականը», Ազգային ժողովին մէջ ամերիկեան քոնկրեսական պատուիրակութեան հետ հանդիպելէ ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան:
Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգները այն երկիրներէն է, որ անմիջականօրէն ներգրաւուած է Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն մէջ:
«Մենք խօսեցանք խաղաղութեան գործընթացի մասին: Աւելի ճիշդ` այն մասին, թէ ինչպիսի՛ն անիկա պէտք է ըլլայ իրականութեան մէջ: Այդ էր մեր զրոյցի նիւթը: Մենք, անշուշտ, նշեցինք, որ ոչ ոք կրնայ դէմ ըլլալ իրական խաղաղութեան հաստատման: Սակայն այն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ այստեղ, շատ լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ: Իրական աշխարհը պէտք է ըլլայ կայուն եւ անշրջելի: Որպէսզի այս վերոյիշեալ աշխարհը կայուն ըլլայ, կա՛մ պէտք է պահպանել միջազգայնօրէն ճանչցուած կանոններն ու չափանիշները, կա՛մ ապահովել ուժերու հաւասարակշռութեան վերականգնումը», պարզաբանեց Ռուստամեան:
Պատգամաւորը նաեւ նկատեց, որ Ազրպէյճան ամէն ձեւով կը փորձէ յառաջ մղել աշխարհի իր տեսլականը` բացայայտ ուժի կիրարկումով, ինչ որ անընդունելի է: Ան նաեւ նշեց, որ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը այս շրջանին մէջ խախտուած է յօգուտ թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին: