Ռուբէն Յովսէփեան, Տղամարդ Հայը… (Ծննդեան 85-Ամեակի Առիթով)

Մովսէս Ծիրանի

Սիրելի ընթերցող՝

Այնքան ալ դիւրին չէ յուշեր գրել գրողի մը մասին որ դիւրին կը գրէ, բայց «դժուար» եւ քիչ կ’արտայայտուի: Աւելին՝ այնքան ալ դիւրին չէ գրել ընկերոջ մը մասին, որուն հետ ոչ միայն ոչ մէկ տարակարծութիւն ունեցած ես, ըլլայ ազգային, մարդկային թէ գաղափարական գետնի վրայ, այլ նաեւ՝ այնպիսի գաղտնիքներ փոխանակած էք իրարու, որոնց բացայայտման պարագային կրնային վտանգել մեր ապագան եւ նոյնի’սկ կեանքը: Եւ պատահական չէ որ երբ ինք չկայ, սակայն կը շարունակէ մէջդ ապրիլ ու մանաւանդ այս դժնդակ օրերուն, ակամայ կը յիշես ու կը փնտռես իր նման այն «Տղամարդ Հայը»երը, որոնց խիստ կարիքը ունի ազգն ու հայրենիքը:

Երեւան, ՀՀ-ի Գրողներու Միութեան Ճաշարան, 1976, Խիստ Ձմեռ

Հազիւ տեղաւորուած էի մէկ անկիւնը նստած Ռազմիկ Դաւոյեանի, իր կողակիցի՝ Յասմիկի եւ Ռոպերթ Ամիրխանեանի հետ, երբ յանգարծ Ռազմիկը ոտքի ելաւ ու ջերմութեամբ դիմաւորեց մէկու մը ու հրաւիրեց սեղան, սակայն ան ըսաւ.

– Կարծես թէ ես քո մասին գիտեմ: Դու Սօս Սագսեանի կամ Լութվիկ Խաչատրեանին հետ կապ ունե՞ս:

– Երկուսն էլ ընկերներս են:

– Պայմանաւորուել եմ ուրիշներու հետ, ներող կը լինէք:

Ռազմիկը ցոյց տալով ինձ, շարունակեց.

– Այս երիտասարդը քեզ էր հարցնում: Մովսէս Հերկելեանը մեր լաւ ընկերներից է, Եկել է Պէյրութից այստեղ է սովորում: Նկատի առ որ մուսալեռցի է, աւելի ճիշդը Այնճարից: Ցանկանում է ծանօթանալ քո հետ: Մովսէս, Ռուբէն Յովսեփեանն է… :

Ռուբէնի հետ ձեռք սեղմեցինք, որ ջերմ էր ու նշանակալից: Ռուբէնը աւելցուց.

– Հասկացայ: Մենք անպայման կը հանդիպենք:

Լենինի Պողոտայ, Բ. Հանրակացարան, 1977, Դեկտ.

Լենինի Բ. Հանրակացարանը, մշակութային առումով, ռազմավարական յատկանշական դիրք ունէր: Վերը՝ սարալանջին Մատենադարանն էր, աջին՝ իրարու կից շարուած էին Կինո Նայիրին, Դրատիկական թատրոնն ու «Գարուն»ի եւ «Սովետական Արուեստ»ի խմբագրատուները, ձախին՝ Գեղարուեստաթատերական Բարձրագոյն Հիմնարկն ու քիչ մը վեր Գրողներու Միութեան Տունը: Իսկ հարաւային կողմը կը գտնուէին «Սայաթ Նովա» պարարուետի ոսումնարանը,Դերասաններու տունը, Պետական Երաժշտանոցն ու քիչ մը վար՝ Օփերան: Այս մշակոյթի կեդրոններու արանքներուն կային չորս սրճարաններ. (Փոնչիկանոցը, Բավլավոքը (Առագաստ), Սկուազնեակը (Միջանցահովիկ) եւ Կազիրոքը: Կար նաեւ նշանաւոր Ճաշարան մը՝ «Թիմուրանոցը»,որոնք միշտ լեցուն կ’ըլլային Դերասան դրասանուհիներով, գրողներով, տարբեր տեսակի արուեստագէտներով ու մտաւորակններով ու յատկապէս՝ երիտասարդ ուսանող-ուսանողուհիներով:

Պատկերացուցէք որ այս բոորին կեդրոնը կը գտնուէր Լենինի Անուան Հանրակացարանը, ուր տեղաւորած էին Դաշնակցակամիտ ու «մենաշնորհեալ» արտասահմանցի ուսանողները: Այնպէս որ հասկնալի կը դառնայ թէ ինչու իմ սենեակը ձեւով մը հաւաքավայր էր գրողներու, մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու: Զիս պարբերաբար կ’այցելէին Լեւոն Ներսիսեանը, Հրանդ Մաթեւոսեանը, Սէյրան Խաթլամաճեանը, Ռազմիկ Դաւոյեանը, Հենրիկ էդոյեանը, Արտեմ Յարութիւնեանը, Արտաշէս Յունանեանը, Սօս Սագսեանը, Մկրտիչ Մազմանեանը, Զորայր Խալափեանը, Վարուժան Վարդանեանը եւ շատ շատեր: Ասոնց շարքին էր նաեւ՝ Ռուբէն Յովսեփեանը, որ համեմատաբար քիչ կու գար քովս: Այդ օր առանձին էինք: Ռուբէնը գիտէր որ քանի մը օրէն Պէյրութ պիտի մեկնիմ, հետը բերած էր նոր հրատարակուած «Ամենատաք Երկիրը» հատորէն երկու օրինակ, մէկը ինծի, միւսը՝ «Բագին»ին համար:
Հակառակ անոր որ ատկէ առաջ քովս եկած էր, սակայն պատերուն վրայ կախուած նկարներուն ոչ նայած էր ուշադրութեամբ եւ ոչ ալ կարծիք յայտնած: Այդ օր նստելէ առաջ Բագրատ Գրիգորեանի, Արկատի Պաղտասարեանի, Վարուժան Վարդանեանի եւ Վիգէն Թադեւոսեանի գեղանկարները լաւ մը դիտելէ, եւ միւսներու վրայ արագ հայեացք մը նետելէ ետք նստաւ: Խօսքը ես բացի.

– Ի՞նչ ես ասում, Հաւանեցի՞ր:

Մատնաացոյց ընելով Բագրատի, Արկոյի, Վարուժանի եւ Վիգէնի ստեղծագործութիւնները, ըսաւ.

– Սրանք լաւն են յատակապէս՝ Վարուժանի գործը, սակայն սրանք ու՞մ գործերն են:

– Իմ, Ես եմ նկարել:

– Բայց դու արուեստաբան ես…

– Այո, դրա համար էլ նկարում եմ, որպէս զի իմանամ թէ նկարիչները ո՞նց են ստեղծագործում: Նաեւ նկարչական դասերի եմ հետեւում Գեղարուեստաթատերական Ինստիտուտում, ԱրգատիտՊաղտասարեանի իսկ Մակավարժարանում՝ Արտաշէս Յունանեանի մօտ:

– Դա պարտադի՞ր է:

– Ոչ, Ասպիրանդուրայի ղեկավարս՝ Վահան Յարութիւնեանն է թելադրել:

– Լաւ ես առել որ սկսել ես նկարել սովորել, սակայն սրանք չպէտք է կախես միւսների կողքին… խանգարում են:

Այսպէս էր Ռուբենը, անկեղծ, իրաւ ու անաչառօրէն դատող գրող մը, որ գիտէ չի խնայել նոյնիսկ իր մօտիկ ընկերոջ: Իսկ եթէ լռէր, իր լռութիւնը անպայման համաձայնութեան նշան չէր:

Ուրիշ օր մը, երբ դարձեալ առանձին էինք նոյն սենեակին մէջ, յանկարծ նկատեց ձայնապնակներուս առատութիւնն ու բազմազանութիւնը, քանի մը հատը ստուգելէ ետք ըսաւ.

– Երեւում է որ երաժշտութիւն շատ ես սիրում:

– Այո՛, առանց երաժշտութեան կեանք չունեմ, ամէն գիշեր քնելուց առաջ պարտադիր պէտք է որ երաժշտութիւն ունկնդրեմ:

– Իսկ նուագո՞ւմ կամ երգո՞ւմ ես:

– Ոչ

– Ինչո՞ւ

– Ես ոչ կարողանում եմ նուագել եւ ոչ ալ երգել, թէեւ մտովի ճիշդ եմ նուագում ու երգում, սակայն «ականջ» չունեմ:

– Ես էլ «սուլուխ» չունեմ, սա մեր երկրորդ ընդհանուր գիծն է:

– Երկրո՞րդ, իսկ առաջի՞նը…

Մանկական մաքրամաքուր թեթեւ ժպիտ մը դէմքին, սակայն աչքերու համոզիչ նայուածքով ու դէմքի վճռական արտայատութեամբ, ըսաւ.

– Գաղափարը:

Ես չհարցուցի իրեն թէ խօսքը ի՞նչ «Գաղափար»-ի մասին եւ ոչ ալ որեւէ բացատրութիւն տուաւ ինք, սակայն մենք զիրար ճի’շդ հասկցանք: Հոգիի խորքերէն բխած այս մէկ հատիկ բառը, պատճառ եղաւ որ մենք ոչ միայն մտերմանանք, այլ նաեւ՝ վստահինք իրարու… ամէն բան ու մեր փոխադարձ վստահութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ վերջ:

Զանգեզուր, 1980, Վաղ Աշուն

Սոս Սարգսեանի կազմակերպութեամբ, քանի մը օրով, մեծ Խումբով մը (Ռուբէն Յովսէփեան, Ֆելիքս ՄԵլոյեան, Ռազմիկ Դաւոյեան, Վարուժան Խտշըեան, Պօղոս Գասապեան եւ Մարտիկ Պոյաճեան) մեկնած էինք Սիսեան, այցելելու համար շրջանի տեսարժան վայրերն ու յուշարձաննրը (Որոտնավանք, Տաթեւ, Շաքիի Ջրվէժը, Խնձորեսքի ձորը, ուր կան Մխիթար սպարապետի Դամբարանն ու Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ՝ Ելեքտրակայինի ջրամբարը, հասնելու համար մինչեւ Գորիս: Լռելեայն նպատակ ունէինք նաեւ ուսումնասիլու տարածաշրջանի այն Նոր կազմաւորուող Ազերիական գիւղակներն ու «Եայլաները» (Ամարանոցները), որոնք բնակավայրերու շղթայով մը կը միտէին Ատրպէյճանը կապել Նախիջեւանին: Այս վերջին ծրագրէն ինձմէ եւ Սօսէն զատ տեղեակ էին միայն՝ Ռուբէնը, Ռազմիկն ու Վազգէն Մանուկեանը… որ մեր հետ չէր: Յուշերուս մէջ քանի մը անգամ անդրադարձած եմ այս արշաւին, սակայն Ռուբէն Յովսէփեանի բաժինն ու այլ քանի մը դրուագներ վերապահած՝ այլ առիթի:

Որպէս զի խումբը միասին ըլլար այդ օր մեզի տրամադրուած էր հանրակառք (Ավտոպուս) մը Սիսեանի ՝ Ռայկոմի քարտուղար՝ Սաշիկ Դաւթեանի կողմէ, որուն իբրեւ նուէր տարած էինք «Բագին» եւ Հրայր Մարուխեանի, Սարգիս Զէյթլեանի ու Տք. Բաբկէն Փափազեանի արտասանած կարգ մը Ճառերու ձայնագրութիւննրը, որոնք կրցած էր սահմանէն անցընել Պօղոս Գասապեանը (Պալըխ):

Երբ Շաքիի ջրվէժին մօտեցանք, նկատեցինք որ հեռո՜ւ գետափին, լացող ուռենիներու շուքին, քանի մը երիտասարդներ կրակ կը վառէին: Վարուժանը խանդավառուած բացագանչեց.

– Տեսէք տղաք ի՜նչ հիանալի խորովածի տեղ է, երանի իրենց:

Ջրվէժէն վերադարձին հանրակառքի վարորդը մեզ ուղիղ տարաւ կրակ վառող երիտասարդիներու մօտ: Պարզուեցաւ որ այդ կրակը մեզի համար էր: Սոված էինք ու յոգնած: Վարուժանը այս անգամ ցատկռտելով ողջունելէ ետք տղոց ըսաւ.

– Այս ի՜նչ է, ամէն օր նոր անակնկալներ… այս մարդիկը հիւրասիրել գիտէ, ուտել խմել գիտեն…

Կողքէն Մարտիկը, որ գիտէր թէ Վարուժանին համար կարեւորը «Խմելն» էր, արձագանգեց.

– Խմել գիտեն Վարո՜ւժ, ամէնէն առաջ խմե՜լ գիտեն:

Բայց բուն անակնկալը շարունակութիւնն է: Գետինը փռուած էր գեղեցիկօրէն նաշխազարդ մեծղի կարպետ (քիլիմ) մը: Մէջտեղը՝ երկայնքին շարուած էին ապակեայ ամաններ, լեցուած չքամուած, տակաւին մեղրամոմը վրան, բնական մեղրի կտորներով: Կարպետը երիզուած էր կաւէ պարապ պնակներով, իրաքանչիւրի կողքին դրուած՝ աման մը գիւղական արդար մածուն: Իսկ խորովածը կրակի վրայ էր: Չկային մեզի ծանօթ պանիրներու եւ երշիկներու տեսականիները, թարմ բանջարեղէնն ու կանաչին, նոյնիսկ նշանաւոր թութի օղին կը բացակայէր, որովհետեւ այդ օր միայն նռան գինի «արտօնուած» էր ըմպել: Մեզի բացատրուեցաւ ուտելու կարգը. նախ՝ կտոր մը խորոված եւ ապա լաւաշի մէջ փաթթուած մեղր ու մածուն եւ այսպէս շարունակաբար: Իսկ տնական նռան գինին ըստ ճաշակի եւ կարողութեան: Իրարու հետ անհամատեղ թուացող խորովածը, մածունն ու մեղրը չտեսնուած համով էին: Բնականաբար թամատան Սօսն էր ու կենացները այնքան քաղցրացան ու տաքացան, որ սկսանք ազգային յեփոխական երգեր երգել…: Այս խանդավառութեան մէջ նշմարեցի որ Ռուբէնը առանձնացած, առուակի ճիշդ եզրին նստած փոքր ճիւղով մը հողը կը փորփրէր: Քովը նստայ եւ առանց իմ հարցին սպասելու ու առանց իսկ դէմքիս նայելու, կածես թէ հողին հետ կը զրուցէր, ըսաւ.

– Տեսնո՞ւմ ես ինչքան առնականութիւն եւ ուժ կայ մեր յեղափոխական երգերի մէջ: Դա մեր պապենական հողի արգանդից է ծնւում: Ինչպէս որ բնութիւնը ծոցուորում է հողի մէջ, այնպէս էլ երգը խմորւում ու ծնւում է մայր բնութիւնից:

Մեր հանդիպումներու ընթացքին, Ռուբէնը անընդհատ մտորումներու մէջ կը թուէր ըլլալ: Նոյնիսկ կը կարծէիր թէ քեզ չի լսեր, կամ չի հետեւիր ընդհանուրի խօսակցութեան, սակայն յանկարծ կրնար միջամատել ու կը խօսէր դիպուկ, սեղմ, յանդուգն եւ իմաստալից: Այո՝ Այսպէս էր ան: Միաժամանակ մարդամօտ էր, ջերմ ու իր իրաւոթեամբ անմիջապէս վստահութիւն կը ներշնչէր դիմացինին:

Երեւան, ՀՅԴ. Բիւրոյի Գրասենեակ, 1995, Ամառ:

Շուրջ մէկուկէս տասնամեակ բացակայելէ ետք, վերադարձած էի հայրենիք: Շատ բան փոխուած էր, ամէն ինչ հոգեհարազատ ու յուզիչ էր ինծի համար: Օրը կիրակի էր: Որոշեցի առանձինն այցելել, Սարեանի Այգին (Վերնիսաժ), թէ թարմանալու եւ թէ որոշ գաղափար մը կազմելու ժամանակակից հայրենի նկարչութեան մասին: Երբ տարուած էի գերիրապաշտ բնոյթի արուետագէտի մը գործերը դիտելով, յանկարծ մէկը գրկեց զիս ու սեղմեց կուրծքին: Թէեւ այդ օրերուն նման հանդիպումները, անսովոր չէին ինծի համար, սակայն այս մէկը տարբեր էր: Երբ անդրարձայ որ Ռուբէնն է լեզուս բռնուեցաւ ու չկրցայ բան մը ըսել: Ան փաթթուելու եւ ողջագուրուելու սովորութիւն չունէր, միշտ զուսպ էր ու չափաւոր շարժումներու ու արտայայտութիւններու մէջ: Երբ նշմարեց յուզումս, ըսաւ.

– Բիւրոյի գրասենեակն եմ եկել հանդիպման, արի միասին բարձրանանք:

Ապա զիրար գրկելով, անխօս վեր ելանք: Հոն էին Մասիս Պաղտասարեանը, Վարանդ Փափազեանն ու այլ քանի մը ընկերներ, որոնց հետ ծանօթանալէ ու կարճատեւ զրոյց մը ունենալէ ետք, բոլորն ալ ներս մտան ու քիչ ետք զինք եւս հրաւիրեցին: Պատասխանեց.

– Դուք սկսէք քննարկումը ես յետոյ կը գամ:

Երբ առանձին մնացինք առաջին հարցը հետեւեալը եղաւ.

– Այս յեղափոխական դժուար օրերին դու մեր կողքին պէտք է որ լինէիր:

Հարցին մէջ թէ ափսոսանք եւ թէ յանդիմանութիւն կար:

– Ռուբէն ջան: Արտաքնապէս թւում է թէ Ես յանցաւոր եմ նրա համար որ այդ դժուարին օրերին գաղափարական գործընկերներիս կողքին չեմ եղել: Այո, դրա մէջ ճշմարտութիւն կայ, սակայն երբ ես հայրենիքից Պէյրութ վերադարձայ, քանի մը տարի ետք անդրադարձայ որ ես քաղաքական մարդ չեմ կարող լինել: Ես մշակոյթի մարդ եմ եւ պէտք է որ կեանքս արժեւորեմ ծառայելով Հայ Մշակոյթին, ադպէս էլ անում եմ: Ի դէպ, այս հարցը մենք քննարկել ենք Հալէպում, Սօս Սարգսեանի, Հենրիկ Իգիթեանի եւ Ռազմիկ Դաւոյեանի հետ, ՀՅԴ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւնների ենթացքում: Բաւական վիճելուց յետոյ Ռազմիկը բոլորովին հակառակուեց ինձ, եւ Ռոնալտ Ռիկընին ու Վացլաւ Հաւելի օրինակները յիշեց: Սօսը ասեց որ «Դու ճիշդ ես, Քաղաքականութիւնը պէտք է վստահենք քաղաքագէտներին, մենք կարող ենք սխալուել, բայց քանի որ երդում եմ տուել ու երդումը Սուրբ է, ես շարունակելու եմ իմ կուսակցականի պարտաւորութիւնները», իսկ Հենրիկը աւելցուց. «Քանի որ ես դեռեւս երդում չեմ տուել, չեմ մտնի քաղաքականութեան մէջ, սակայն կը մնամ կուսակցութեան կողքին»: Ընթացքում ես միշդտ կապի մէջ եմ եղել Լութվիկ Խաչատուրեանի եւ յատկապէս՝ վազգէն Մանուկեանի հետ, նրանք զիս ճիշդ են հասկացել: Երբ ես տակաւին կը պատրաստուէի յաւելեալ բացատրութիւններ պիտի տայի Լեւոն Շանթն ու Աեւտիս Ահարանեանը, Ռուբէնը ընդմեջեց ու ըսաւ.

– Ես Սօսի կարգավիճակում եմ, քանի որ երդում եմ տուել, ես էլ եմ շարունակելու կուսակցականի պարտականութիւններս:

Փաստօրէն ըլլայ Սօսը թէ Ռուբէնը, ժամանակ մը ետք սկսան իրենց ժամանակը յատկացնել աւելի մշակոյթին քան՝ քաղաքականութեան, միաժամանակ հաւատրիմ մնալով կուսակցականի պարտաւորութիւններուն:

Երեւան, «Անի» հիւրանոց, 1995, Ամառ

Քանի մը օր ետք, հանդիպելու համար հեռայայնեցի Ռուբէնին: Ինք Բիւրոյի գրասենեկէն եկաւ ու մենք հանդիպեցանք, «Անի»ի սրճարանը, որ տակաւին կը գործէր: Օրերը լաւ չէին, ազգի ու հայրենիքի ապագան մռայլ էր ու մտահոգիչ: Առանձին էինք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ինք իր մասին որոշ տեղեկութիւններ ու բացատրութիւններ տալէ ետք, անցանք ազգային հարցերու…: Ընթացքին ակնարկելով օրուայ իշխանութիւններուն, ըսաւ.

– Մեզ Տղամարդ Հայ է պէտք: Մենք Տղամարդ առաջնորդներ քիչ ենք ունեցել:

– ՃԻշդ ես ասում, մեր պատմութեան մէջ, առաջին Տղամարդ Հայը Հայկ Նահաեէտն է եղել:

– Ո’չ, առաջին Տղամարդ Հայը Արարատ Սարն է, որ խրոխտխբար դիմադրում է ժամանակի արհաւիրքներին… Հայկը Երկրորդն է…

– Իսկ ե՞րրորդը…

– Մեր պատմութեան առանքներում եղել են այլ Տղամարդ Հայեր եւս,Ինչպէս. Վահան Մամիկոնեանը, Աշոտ Երկաթն ու Լեւոն Մեծագործը եւ ուրիշներ, որոնք սակայն գալիս են Հայկից յետոյ եւ մտնում են երրորդի մէջ:

– Իսկ չորրորդը՝

– Արամ Մանուկեանը:

– Այո ես էլ եմ բարձր գնահատում Արամ Մանուկեանին, ինձ համար նա հերոսների հերոսն է: Նա կարողացաւ ողջ ազգը մէկտեղել ու Արարատ Սարի նման դէմ դնել մեզանից տասնապատիկ անգամ ուժեղ թշնամուն: …Այո’, մեզ համար Արամ Մանուկեանի նման Տղամարդ Հայ է պէտք:

Սիրելի իմ հետաքրքրասէր ընթերցող՝

այսքանով Ռուբէն Յովսէփեանի մասին իմ յուշերս չեն աւարտիր: Ան յաճախ Լիբանան կ’այցելէր ու մենք բազմիցս հանդիպած ենք ըլլայ Պէյրութ թէ Այնճար…: Այդ հանդիպումներու մասին այլ առիթով:

Մովսէս Ծիրանի
(Երեւան, 2024, Հոկտ.)

Comments are closed.