«Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» ՀՅԴ 135-Ամեակի Լաւագոյն Նուէրն Է

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչին խօսքը`  «Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակները» հատորի շնորհահանդէսին, 11 դեկտեմբեր 2025-ին

Այս օրերուն,

– Երբ ամէնուրեք մտքի եւ խորքի անկում կայ եւ դիտումնաւոր ուղեղալուացում` արժէքները քանդելու, ոտնակոխելու եւ ուղեղները առաջնորդելու մակերեսային եւ թեթեւաբարոյ տրամաբանութեան,

– Երբ խօսքը, գիրն ու գաղափարը տեղի կու տան թեթեւ հաճոյք պատճառող ցուցադրական քարոզչութեան,

– Երբ ամէն ճիգ կը թափուի նաեւ հայկական միջավայրի մէջ` Հայաստան եւ սփիւռք, նորահաս սերունդները, երիտասարդութիւնը խզելու պատմութենէն, մեր ժողովուրդի սրբութիւններէն, մեր ամուր պահած եւ գոյատեւումը ապահոված արժէքներէն,

ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ հաստատուած «ՎԷՄ» մատենաշարը ժողովուրդին սեփականութեան կը յանձնէ 10-րդ հատորը` այս անգամ «Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակները» խորագիրով, եւ բնականաբար` ընկեր Երուանդ Փամպուքեանի պատրաստութեամբ, խմբագրութեամբ եւ ծանօթագրութիւններու յաւելուածով:

Բծախնդիր, շարունակուող, աչքի լոյս, ջիղ եւ լայն համբերութիւն պահանջող աշխատանք, որուն լաւագոյն կատարողն է ընկեր Երուանդ Փամպուքեան:

Ռուբէն Զարդարեան հանրութեան ծանօթ է իբրեւ գրագէտ ու հրապարակագիր:

Դաշնակցական Զարդարեանը նուազ ծանօթ է, նոյնիսկ` դաշնակցական մեր ընկերներուն:

Ընկեր Երուանդ Փամպուքեան ոչ միայն մատենագիտական լուրջ ու հետեւողական աշխատանքով կը ներկայացնէ Զարդարեանին նամակները, այլ նաեւ այդ նամակներուն ընդմէջէն մարմին կու տայ Զարդարեան դաշնակցականին, որուն եւ իր նմաններուն շնորհիւ ապրած է այս կուսակցութիւնը ամբողջ 135 տարիներ ու կրնայ ապրիլ նոյնքան եւ աւելի, որովհետեւ պիտի ծնին նմաններն ու ապրեցնեն ՀՅԴ-ն եւ անոր ճամբով զօրացնեն մեր ժողովուրդի գոյատեւման կամքը:

Դաշնակցական Զարդարեան Ցեղասպանութեան նախօրեակին Պոլիսը ձգելու եւ արտասահման փոխադրուելու յամառ պնդումներուն կը պատասխանէ, թէ դասալքութիւն է հայ ժողովուրդը ձգել աղէտին գիրկը եւ հեռանալ-երթալ:

Չհեռացաւ Զարդարեան եւ ձերբակալուցաւ ճիշդ այնպէս, ինչպէս Պաքուի մէջ կալանաւորուած Արցախի մարտնչող ղեկավարները, որոնք մերժեցին հեռանալ ու մնացին Արցախ եւ այսօր ենթակայ են անարդար կալանաւորման եւ դատավարութեան, բայց կը մնան ամուր` յուսադրելով ո՛չ միայն բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնը, այլ` ողջ հայութեան բոլոր ազգային զանգուածները:

ՀՅԴ-ի 135-ամեակի լաւագոյն նուէրն է այս գիրքը:

Սիրելի՛ ընկեր Երուանդ, մեզմէ շատերուն ուսուցիչը`  համեստութեան, աշխատասիրութեան, աննկուն կամքին, հաւատարմութեան, յստակատեսութեան, խորքային մտածողութեան, դիմադրականութեան եւ դասալքութեան մերժման,

Վարձքդ կատա՛ր, ընկեր Երուանդ,
Գրիչդ երբեք չկոտրի:
Աչքերուդ լոյսը միշտ վառ մնայ:
Կը սպասենք յաջորդ հատորիդ:
Յարգա՛նք վաստակիդ: