Ռազմական Ակադեմիան Ֆրանսայի Հետ Ուսանողներու Փոխանակման Եւ Ուսումնական Ծրագիրներու Արդիականացման Համաձայնագիր Մը Կնքեց

9էն 13 Սեպտեմբերին, Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Վազգէն Սարգսեան» ռազմական ակադեմիոյ պատուիրակութիւնը, գնդապետ Արսէն Մանկասարեանի գլխաւորութեամբ՝ այցելեց Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարութիւն եւ Սէն-Սիրի ռազմական ակադեմիա:

Այցելութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարութեան արտաքին կապերու եւ ռազմավարութեան վարչութեան ներկայացուցիչներու, Սէն-Սիրի ռազմական ակադեմիոյ պետ, զօրավար Էմանուէլ Շարփիի եւ ղեկավարութեան անդամներուն հետ:

Կողմերուն միջեւ ՝ գործակցութեան ընդլայնման եւ ուսումնական ծրագրերու արդիականացման շուրջ համաձայնութիւն մը կնքուեցաւ։

Comments are closed.