Ջութակահար Նունէ Մելիքեանի Երաժշտական դոկտորականի (PhD) համերգ- աւարտաճառը

Երաժշտագիտական բարձրագոյն ուսմանց տիտղոսներ ստանալու համար, ինչպէս՝ BA, MA կամ PhD, թեկնածուները պէտք է, որ տեսական նիւթերու քննութեանց կարգին պատշաճ աւարտաճառով նաեւ ցուցաբերեն իրենց ընտրած նուագարաններուն մէջ «մեկնաբանական» (performance) վարպետութիւն: Քննութիւնը կրնայ տեղի ունենալ հանրութեան ներկայութեան: Թեկնածուն իր հմտութիւնը կը փաստէ յաճախ ուրիշ նուագածուներու ընկերակցութեամբ (սենեկային կամ երկանուագ): Երաժշտական կաճառին ուսուցիչ-դատակազմին, օրդ. Նունէ Մելիքեանի պարագային՝ McGill-ի Schulich school of music-ի, մասնագէտներու «դատաժողովը» ուսումնասիրելէ ետք ներկայացումն ու աւարտաճառը՝ կու տայ յաջող կամ ձախող գնահատականը:

Նկատի առած դատավճիռին կարեւորութիւնը, կարելի է պատկերացնել, թէ ի՛նչ հոգեկան ու ֆիզիքական վերիվայրումներէ կրնար անցնիլ երիտասարդ արուեստագիտուհին, 7 Մայիս 2019-ի երեկոյեան իր ելոյթին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ համալսարանին Tanna Schulich hall-ին մէջ: Նուագակիցներն էին cellist Juan Sebastian Delgado-ն եւ pianist Pamela Reimer-ը: Նունէի Դոկտորական աւարտաճառին նիւթն էր «Arno Babadjanian: an Armenian composer in the Soviet context»: Թեզին պաշտպանութիւնը Նունէ պէտք է կատարէր երկու բաժինով՝ նախ գործիքային մեկնաբանութեամբ ու անոր աւարտին ներկայացնէր Պապաջանեանի առնչուած իր կատարած երաժշտաբանական ուսումնասիրութեանց արդիւնքը: Յայտագրի երեք կտորներէն մին էր սովետահայ Առնօ Պապաջանեանի (1921-1983) գործը՝ Piano trio in f# minor, հեղինակուած 1952-ին: Գործը իր երեք շարընթացներով կը տեւէ մօտ 25 վայրկեան: Հոս յիշեցնեմ, թէ նոյն տարին իսկ Առնոյի գործը կը ներկայացուի Մոսկուայի մէջ, կատարողութեամբ՝ թաւ ջութակի վրայ Սվիասթոսլաւ Քնութշեւցքին, ջութակի վրայ անուանի Տաւիտ Օիսթրախը եւ դաշնակով անշուշտ Պապաջանեանը:

Ելոյթի միւս երկու կտորներուն հեղինակներն ալ նոյնպէս 20-րդ դարու ծնունդ են: Երեքին յօրինումներուն արտայայտչական ոճը որոշ կապակցութիւն մը ստեղծելով, յայտագրին կու տար ուսուցողական երեւոյթ, բան մը որ անշուշտ սպասելի է ՄըգԿիլէն: Առաւել, թէ՛ Պապաջանեան եւ թէ՛ Րախմանինօֆ ունեցած են փխրուն առողջական վիճակ:

Հակիրճ ներկայացնենք օրդ. Մելիքեանի կենսագրականն ու երաժշտական նուաճումները: Անոր մասին անուանի ջութակահար եւ ղեկավար Maxim Vengerov կ’ըսէ. «Նունէ խոստմնալից ու գերազանցօրէն տաղանդաւոր երաժիշտ մըն է, օժտուած ջութակահարի ձեռքերով, որոնք գրեթէ կը հասնին կատարելութեան սահմաններուն»:

Նունէ ծնած է Սիպիր ու սկսած է նուագել 6 տարեկանին: Նախ կը յաճախէ Մոսկուայի Gnessin Երաժշտական դպրոցը, ուր կայ փայլուն փոքրերու յատուկ ենթաբաժին: Նշենք, որ 1929-ին Gnessin-էն աւարտած էր Ա. Խաչատուրեան, որ ետքը գնահատուելով 5-6 տարուան տաղանդաւոր, Առնօն կ’ըլլայ անոր խորհրդատուն (mentor): Նունէ 2008-ին կը ստանայ կրթաթոշակ եւ կ’անցնի Մոսկուայի պետական երաժշտանոցը, որմէ ետք ուրիշ մի հատով մը Նունէ կու գայ Université de Montréal, ուր սոյն երաժշտանոցէն 20 տարեկանինին կը ստանայ իր MA-ը (2011): Համբաւաւոր դարձած երաժիշտը կ’արժանանայ շարք մը միջազգային մրցանակներու: Այս բոլորին կը հետեւին ուրիշ պարգեւատրական կրթաթոշակներ, որոնց կարգին՝ David Oistrakh եւVladimir Spivakov foundation-ներունը: 2014-ին կը պարգեւատրուի ՀԲԸՄ-ի Performing Arts fellowship-ով: Տարի մը ետք Մելիքեան Մոնթրէալի մէջ բեմ կու գայ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, իբրեւ Գանատայի մշակութային ներկայացուցիչը (Canada’s cultural representative): Յիշեցնեմ նաեւ, թէ Նունէ եղած է մենակատար ջութակահարը զանազան նուագախումբերու, ելոյթ ունենալով Carnegie Hall եւ Glenn Gould Auditorium-ներու հռչակաւոր բեմերէն:

Ժամը ճիշդ 19:30-ին բեմ կու գան երաժիշտները՝ սկսելու համար Պապաջանեանի վերոյիշեալ դաշնակի եռեակին առաջին՝ Յամրաձայն-Զուարթ ազդեցիկ (Largo-Allergro expressivo) շարժընթացը: Ծաւալուն աղեղաշարժումով լարային նուագարանները միաձայն կը ներմուծեն կտորին բնաբանը (թեմա)՝ Կոմիտասի Գարուն-ա երգը, որ զանազան փոփոխակներով ու շրջանային կրկնութեամբ կը ներկայացուի կտորին տեւողութեան ընթացքին: Նունէի արտայայտիչ vibrato-ները կը հաղորդեն մեղեդիին տխրագին արեւելումը: Մերթ ան ստեղնաշարէն (fingerboard) վեր կը մագլցի 4th position: Կը սահինք դէպի հրավառ ֆօրդիսիմօն: Reimer-ի դաշնակին մի քանի ուժգին համալարերէն (chords) ետք Delgado թաւ ջութակով կը վերսկսի բնաբանը տարբեր ձայնականութեամբ (tonality), որ ծայր կու տայ Նունէի ճշգրիտ երկխօսութեան մը Տէլկատոյի հետ, մինչ Րայմըր դաշնակի երկայնքին կը զարգացնէ կոմիտասեան թեմային հոլովումները: Մելիքեան կը յաջողի զարդարել ասոնք քնքոյշ կիսաձայնային մեղեդիով՝ բարակ լարին վրան, արտայայտուած՝ առանց դոյզն զիլ ճիչի մը, որ ջութակահարներուն եւ անոնց ունկնդիրներուն մղձաւանջն է: Լարային գործիքներէն ուժգնօրէն յորդած մեղեդիական զանազանակները Ա. Շարժընթացը իր լրումին կը հասցնեն լարային ճանկով (pizzicato) մը: Երկրորդը՝ Յորդորակ (Andante), դաշնակէն ետք օրդ. Մելիքեան նուրբ աղեղի հրումով մը կը ներմուծէ C Major-ով նուագուելիք տարբերակը: Reimer-ի դաշնակին հետ կարճատեւ երկեակը՝ Նունէ զգայուն vibrato-ով կը հասցնէ բարակ լարին վերի –B-ին, ու Delgado կը վերակազմէ եռեակը, բերելով իր C Major-ի փոխաձեւութիւնը: Շարժընթացը կը շարունակուի մեղեդիին տարբեր հոլովոյթներով՝ միաձոյլ կամ խաւային կերպով, ոճ մը, որ բնաբանին կրկնութիւնը կը հարստացնէ: Նաեւ հոս, Նունէ կը ցուցնէ տինամիքի անբասիր հասկացողութիւն: Արագաշունջ, երրորդ Allegro-vivace շարժընթացին հարուածային marcato-ներէն Նունէի ու Տէլկատոյի աղեղները զոհ կու տան մի քանի թելեր: Ընդհանրապէս հոս գործը կը հարստանայ փայլուն գործիքային արուեստագիտութեամբ (virtuosity), որմէ Նունէ փաստացիօրէն ունի, եւ թեքնիքի արտացոլման, արտայայտուած ի միջ ի այլոց իր երկու ձեռքերուն վարպետութեամբը, աջով՝ կշռոյթ, ձայնային ուժգնութիւնը (dynamic) եւ ձայնակապութիւնը (articulation), իսկ ձախով՝ ձայներու մաքուր ստեղծում եւ պահպանում՝ արդարացնելով Maxim Vengerov-ի գնահատականը:

Վերի «փոթորիկին» յաջորդեց դանդաղ շարժընթացով (Lentamento) Sergei Rachmaninօff-ի (1873-1943) Vocalise-ը (opus 34 #14): Այդ անբառ երգը գրուած է 1912-ին իգական կամ արական բարձր՝ soprano կամ tenor ձայներու համար: Երգիչը կը զատէ որեւէ ձայնաւոր մը ու անոր եղանակաւոր ելեւէջներով կը զարդարէ գործը: Վիպապաշտ վերջին շրջանի Րախմանինօֆի այս կտորը նաեւ վերամշակուած է զանազան նուագարաններու համար, օրինակ՝ solo եւ ընկերացող գործիքի մը, որոնցմէ միայն յիշեմ ջութակահար Yascha Heifetz-ի ջութակի ու դաշնամուրին-ը: Չեմ գիտեր, թէ Մելիքեանի եւ Րայմըրի մեկնութիւնը որմէ՛ էր: Reimer-ի երկու զարկերէն ետք Նունէ կը զարգացնէ սլաւական երգեցիկ բնաբանը՝ յայտ բերելով իր Landolfi ջութակին հարուստ եւ կեդրոնացած հնչիւնը, զարդարուած՝ վիպրաթոյով ու trilles-ով: Ութեակ մը վար՝ կը ստանանք աւելի յուզիչ թեմա եւ զգայուն նօթերու (notes sensibles) շարք: Ունկնդրութեան հաճոյքը կը տեւէ մօտաւորապէս 6 վայրկեան:

Էտուար Միրզոյեանի (1921-2012) Introduction and Perpetuum mobile համանուագային գործը, մշակուած երկեակի համար Մելիքեան նախորդ կտորին նման նուագեց առանց ձայնատետրի: Րայմըրի կարճ նախանուագէն ետք Նունէ հանդարտիկ կը կատարէ ժողովրդային մեղեդիով կիսաձայնային թեման, ուրկէ կ’անցնի աղեղին խաղերուն չորս լարերուն վրան, յայտնաբերելով կլոր եղանակաւորում եւ անճիչ երկնակ նոթաներ (double stops). բարակ լարին վրայ կը բռնէ բարձր Bbemol-ը: Կը վայլենք երկնակ նոթաներու ուրիշ բարդ ցուցադրութիւն: Երբեմն անեղանակ հիւսուածքով՝ Perpetuum mobile-մասը սկսաւ կտորին 6-րդ՝վայրկեանին: Այս Յարատեւ շարժում-ը՝ իր սաստիկ արագութեամբ, աղեղի խրթին թեքնիքի պահանջքով մօտ 3.5 վայրկեաննոց փորձաքար մը եղաւ երիտասարդ երաժիշտին համար, ուր ան կրցաւ փաստել իր հմտութիւնը:

Ծափողջոյններէն ետք power point-ով պատրաստուած, նկարազարդ իր աւարտաճառը, օրդ. Մելիքեան կեդրոնացուց Պապաջանեանի կեանքին ու գործին վրայ, իբրեւ սովետական շրջանի երաժիշտ: Հայ պատմութեան ու երաժշտութեսն քաղուածքէ մը ետք, ուր նշուեցաւ Կոմիտասի դերը, Մելիքեան պարզեց Պապաջանեանի երաժշտական ինքնայատկութիւնները, որոնք կը զատորոշեն իր գործերը, մասամբ ներշնչուած՝ մեր ազգային րամերգներէն, ռուսական երաժշտութենէն:

Ամէն աւարտական ճառէ ետք կ’ըլլայ հարց պատասխան: Համալսարանի ուսուցչական կազմէն եկած 4, եւ ներկաներէն եկած 2 հարցումներուն օրդ. Մելիքեան պատասխանեց ժպտուն ու բանիմաց: Տեղեկացանք, թէ օրուան քննութեան արդիւնքը յառաջիկայ օրերուն պիտի տրուէր:

Օրիորդը եւ միւս երաժիշտները ստացան ծաղկեփունջեր: Ներկայ էին ԱՄՆ-էն եկած Նունէի հայրն ու քոյրը:

Մինչ այս գրութիւնը կ’աւարտէի, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի տիկին Ծովիկ Գահուէճեանէն իմացայ, թէ Նունէ յաջողութեամբ անցած է դոկտորական քննութիւնը: Տիկին Գահուէճեանն էր, որ աշխատեցաւ մեր համայնքին մօտ հետաքրքրութիւն արթնցնել Մայիս 7-ի երեկոյեան ելոյթին մասին:

Յարատեւ յաջողութիւններու մաղթանքներ՝ երաժշտական մեկնաբանութեանց Դոկտ. Նունէ Մելիքեանին:

Դոկտ. Ատոմ Պուճիգանեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.