Պոլսահայ հրապարակախօս Հայկօ Պաղտատ «Հորիզոն»ի խմբագրատուն այցելեց

Պոլսահայ գրագէտ, լրագրող եւ հրապարակախօս Հայկօ Պաղտատ Հոկտեմբեր 6-ին «Հորիզոն»ի խմբագրատան մէջ հանդիպեցաւ վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ։ Պաղտատ Մոնթրէալ ժամանած էր Պոսահայ Միութեան հրաւէրով։ Զրոյցի ընթացքին Հայկօ Պաղտատ յայտնեց, որ անցեալ տարուան յուլիսեան յեղաշրջման դէպքերէն ետք Անգարայի իշխանութիւններու կողմէ ծաւալած հալածանքներուն պատճառով, Գերմանիա ապաստանելու պարտադրանքին առջեւ գտնուած է։

Զրոյցի ընթացքին ան յայտնեց, որ այս հանգրուանին, Էրտողանի գործակատարներու բռնարարքներուն թիրախ կը դառնան Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններէն քիւրտերը, հայերը եւ ալեւիները։ Ըստ Պաղտատի, վերջին 100 տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ իրերայաջորդ իշխանութիւններուն կողմէ ժողովուրդին մէջ սերմանուած է «Սպաննելու» գաղափարախօսութիւնը, որուն անմիջական հետեւանքն էին Հրանդ Տինքի եւ բանակին մէջ ծառայող հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճըի սպանութիւնները։ Ան նաեւ հաստատեց, որ Թուրքիոյ մէջ արդարութեան վերահաստատման համար լրագրող իր գործընկերներուն հետ ինք պիտի շարունակէ պայքարը։

Նշենք, որ 2015-ին երբ Հայկօ Պաղտատ թրքական «Թարաֆ» թերթի աշխատակից էր, Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչեքը «անարգել»ու պատճառաբանութեամբ՝ 1160 լիրայի (400 տոլար) տուգանքի ենթարկուեցաւ։ Դատը բացուած էր Հայկօ Պաղտատի դէմ՝ երկու տարուան բանտարկութեան պահանջով։ Հայկօ Պաղտատ Անգարայի քաղաքապետը «զզուելի» անուանած էր, որովհետեւ Անգարայի քաղաքապետը հայ անուանուիլը «վիրաւորական» նկատած էր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.