Պետութեան, Քաղաքացիին, Քաղաքականութեան Եւ Ուժերու Յարաբերութեան Մասին
Յ. Պալեան
Ազատ ըլլալ չի նշանակեր ազատիլ միայն մեր շղթաներէն, այլ ապրիլ այնպէս, որ յարգուի եւ զօրանայ նաեւ ուրիշներու ազատութիւնը:
Նելսըն Մանտելա
Պսակաձեւ ժահրի պարտադրած տնարգելութեան քանի մը ամիսները, գէթ սկզբնական շրջանին, առիթ եղան ընթերցումներու եւ անոնց լոյսին տակ խորհրդածելու: Խառնիխուռն ընթերցումներ, հին գիրքեր, նոր գիրքեր: Եւ ի հարկէ միշտ խորքի պատկեր ունենալով COVID 19 անուանակոչուած ժահրը:
Երբ աշխարհ համավարակի դէմ կը պայքարէր, հազարաւոր մարդիկ կը մեռնէին, Թուրքիոյ նախագահը կը շարունակէր իր օսմանական երազանքին հետեւիլ, նոյն հունին մէջ ներառնելով Ատրպէյճանը: Հայութեան համար գոյութենական ծանրակշիռ խնդիր կը դառնայ թուրք-ազերիական ծաւալապաշտութիւնը:
Բայց ոչ միայն հայութեան: Արեւելեան Միջերկրականը Թուրքիոյ նուաճողական քաղաքականութեան նոր բեմ է, աննախատեսելի-նախատեսելի հետեւանքներով, դէպքերու ընթացքը եթէ չդիտենք մատներու արանքէն:
Կացութիւնը կարծէք անգիտանալով, կամ զայն փակագիծի մէջ դնելով, Հայաստան կը շարունակէ պառակտուիլ, բոլորի մեղսակցութեամբ, մինչ Թուրքիոյ նախագահը, պատմութենէն սորված սովորական անպատժելիութեան թելադրանքով, գրաւման քաղաքականութիւն կը վարէ:
Բարեբախտաբար համացանցը օգտակար եղաւ, չխզուեցան մօտի եւ հեռուի հետ կապերը: Ընթերցումներ, բայց նաեւ ներկան, այդ ներկան նաեւ Հայաստան է, որ չի յաջողիր ինքզինք եւ իր քաղաքականութիւնը դնել հունի մէջ, ուր ժողովուրդը կը մնայ տնտեսական, առողջապահական եւ ընկերային վհատեցնող վիճակի մէջ:
Այս վհատեցնողն է, որ բաւարար չափով նկատի չենք առներ, ազգի անդամի եւ քաղաքացիի վերաբերում չենք ցուցաբերեր, պատնէշներ բարձրացուցած եւ անոնց ետին կանգնած, զիրար կը քարկոծենք քէներով, լուտանքներով, ամբաստանութիւննրով, եղած-չեղած ուժի ցուցադրութիւններով:
Վերանկախացած Հայաստանը, երեսուն տարիէ ի վեր կը տատանի: Քաղաքականութիւն խաղը իր իմաստը կորսնցուցած է, կամ մենք պատրաստ չենք այդ խաղին համար: Կը խորհինք, որ ան մենաշնորհն է իրարու յաջորդող իշխողներուն, եւ նորը կը դատապարտէ նախկինը, շարունակութիւն չ’ըլլար:
Կայ այն միտքը, որ քաղաքականութիւնը կը վերաբերի իշխողներուն, որոնք կը տիրեն ուժի լծակներուն (զէնք, տնտեսութիւն, հաղորդակցական միջոցներ, ուսում), իրարու կը հակադրուին, կը տիրեն քաղաքական դաշտին, զանգուածը շերտելով, առաւել կամ նուազ շեշտուած ամբոխահաճութեամբ (populism), ներքին թշնամի փնտռելով:
Քաղաքական դաշտին մէջ դիրք գրաւելու եւ կարենալ անոր տիրելու համար անհրաժեշտ են ուժի լծակները, որոնք կեանք կու տան առաջարկներուն, գաղափարներուն, տեսակէտներուն: Հանրային կարծիքին չի կրնար տիրել հանճարեղ մենակեացը: Այդ լծակները էական նպաստ են ներկայ ըլլալու համար:
Ժամանակի ընթացքին, փառասիրութիւն եւ չարաշահում այլասերած են քաղաքականութեան խորքը: Ան յունական polis-ն է, քաղաքը, որ ներկայի պետութիւն եւ ընկերութիւնն է, տարբերակում-հակադրութիւնը չէ: Քաղաքը բոլորին է, հետեւաբար քաղաքականութիւնը՝ իւրաքանչիւրին, մասնաւորի մենաշնորհ չէ:
Երբ քաղաքը, polis-ը, ընդլայնած է, պետութիւնը, վերնախաւը, իւրացուցած է ուժի լծակները, եւ քաղաք-ընկերութիւն ուժի յարաբերութիւնը վերնախաւ-պետութեան հետ խախտած է, ի նպաստ վերջինին, որ կացութեան տէր մնալու համար, Մաքիավէլի տեսութեամբ, կը գործածէ ուժը եւ խորամանկութիւնը:
Մաքիավէլ խօսած է իշխողի երկդիմի պատկերի մասին, որ օր մը առիւծ է, ուրիշ օր մը աղուէս: Ան կը դիմէ բիրտ ուժին, որ ինքզինք պարտադրէ եւ տեւէ, դատեր եւ բանտարկութիւններ, կամ հրավարութիւններով եւ կիրքեր հրահրելով կը շոյէ ամբոխը, կը գործածէ ամբոխահաճութեան (populism) զէնքը:
Ի հարկէ երկիրները, ժողովուրդները եւ անոնց դիմագրաւած արտաքին եւ ներքին խնդիրները տարբեր են: Բայց իրաւ ղեկավարը, առաջնորդը, հաւաքական շահերը գերադասելով եւ ապագայի տեսիլքով, գաղափարներու կը հետեւի, լուծումներ կը գտնէ, կը միացնէ. Կանտի, զօր. Շարլ տը Կոլ, Նելսըն Մանտելա:
Յաճախ կը յիշենք Կանտիի եւ զօր. Տը Կոլի օրինակները: Նոյնքան եւ աւելի յատկանշական է Նելսըն Մանտելայի քաղաքականութիւնը: Ան մեծամասնութեան եւ անոր կիրքերուն վրայ հիմնուելով չստեղծեց ուժերու յարաբերութիւնը, գերանցեց զանոնք, եւ յաջողեցաւ միացումով ծնունդ տալ պետութեան:
Հայաստանի մէջ իշխող ուժը, իր գոյութիւնը պահելու եւ ինքզինք պարտադրելու համար, չի վարանիր օրէնք եւ Սահմանադրութիւն փոխել, խախտելով, ինչպէս կ’ըսուի, պետական կառոյցի երեք իշխանութիւններու,- օրէնսդիրի, դատականի եւ գործադիրի,- անջատման եւ անկախութեան կարգը:
Այս անջատման եւ անկախութեան կարգի մասին յաճախ պէտք է խօսիլ, յիշեցնել, պահանջել անոր կենսագործումը: Պէտք է յարգել երեք իշխանութիւններու անջատումը եւ անկախութիւնը, որպէսզի անոնք զիրար հակակշռեն, չանձնականացուին, թագաւորի մը ես եմ պետութիւնը ըսած դրութիւնը չստեղծուի: Տրամաբանութիւնը պարզ է. փոխադարձաբար զիրար հակակշռելով, անոնք կը կանխեն մենատիրութիւնը, չարաշահումները, անպատժելիութիւնը, ինքնակալութիւնը: Ոչինչ կը հնարենք ըսելով, որ քաղաքականութիւնը ուժերու համադրութեան եւ անխուսափելի բախման դաշտն է: ԺԸ դարու ժողովրդավարութեան եւ օրէնքներու մեծ մտածող Մոնթեսքիէօ, «Օրէնքներու ոգին» (L’esprit des lois) գիրքին մէջ, կը խօսի այս մասին (1748), որպէսզի իշխանութիւնը հաւասարակշռուած եւ արդար ըլլայ: Իսկ Ժան-Ժագ Ռուսօ կը միտի օրէնքներու փոխահաւասարկշռման ճամբով յաղթահարել տարերային ուժերը եւ տարբերութիւնները, որպէսզի անոնք ներդաշնակ կերպով միասին գործեն, չգործեն իրարու դէմ, չերթան ներհակ ուղղութիւններով:
Մոնթեսքիէօ միամիտ չէր, ան գիտէր, որ իշխանութիւն ունեցող անձը միշտ հակամէտ է զայն շահագործելու: Այդպէս եղած է պատմութեան ընթացքին, այդպէս է նաեւ այսօր, հոն ուր հաւաքական կեանք կայ, եւ իշխողը կը ձգտի իր կամքը պարտադրել կամ մենաշնորհներ ձեռք բերել: Հետեւաբար իշխանութիւնը պէտք է սահմանափակէ իշխանութիւնը, մէկ իշխանութիւն հակակշռէ միւսը: Այս կարելի կ’ըլլայ երեք իշխանութիւններու անջատումով, որպէսզի կառավարումը ծառայէ հաւաքականութեան, իշխանութիւնը՝ ժողովուրդին: Աւելի պարզ. ընկերութիւնը պիտի ըլլայ հաւասարակշռող ուժը, իշխանութիւնը հաշուետու պիտի ըլլայ ժողովուրդին, որ պէտք է գիտնայ ընդդիմանալ, երբ օրէնք եւ արդարութիւն կը խախտին: Այս յարակարծութիւնը (dialectic) միշտ եղած է, իշխանութեան չարաշահումը միշտ եղած է, ծնունդ տալով ընդդիմութեան, յեղափոխութիւններու:
Պէտք է մտածել նաեւ այլապէս, քաղաքական իրաւ մշակոյթի մը տեսանկիւն որդեգրելով: Եթէ դադրինք իշխանութիւնը տեսնելէ եւ իրականացնելէ ուղղաձիգ (vertical) ըմբռնումով, այսինքն կառավարողը կ’որոշէ եւ ժողովուրդը կ’ենթարկուի, յառաջացնելով ուժերու հակադրութիւն, այլ մտածենք, որ իշխող եւ իշխուող նոյն համայնքն են, դատապարտուած են միասին ըլլալու, զանոնք բաղկացնողները զիրար կը ճանչնան, կ’ընդունին, կը յարգեն: Ժան-Ժաք Ռուսօ այդ ըմբռնած էր, երբ կը խօսէր Ընկերային Համաձայնագրի (Social Contract) մասին, որ պէտք չէ հիմնուած ըլլայ բնութեան տարերայնութեան ուժերուն վրայ, որուն պարզ արտայայտութիւնը բանաձեւուած է «մեծ ձուկը կ’ուտէ պզտիկ ձուկը» տարազով, այլ ուժերու գումարումով եւ փոխլրացումով: Այս արդար գումարումն է քաղաքականութիւնը, կամ պէտք է ըլլայ: Ճիշդ է, որ ընկերային եւ տնտեսական կեանքին մէջ կրնան ըլլալ մրցակցութիւններ, որոնց հետեւանքով՝ բախումներ, բայց քաղաքականութիւնը պէտք է ունենայ տարբեր որակ եւ հորիզոն, հետապնդէ հաւաքականութեան շահը եւ բարիքը, շահը եւ բարիքը ե՛ւ մէկուն ե՛ւ միւսին:
Սկզբունքները միշտ գեղեցիկ են: Այրպէս է նաեւ իտէալական ձեւով ըմբռնուած քաղաքականութիւնը: Իրականութիւնը այն է, որ տարբեր մակարդակներու վրայ, թաղէն գիւղ, քաղաք, երկիր եւ միջազգային յարաբերութիւններ, ուժերու, կարողութիւններու եւ հնարաւորութիւններու յարաբերութիւնը այնպէս է, որ կարծէք անխուսափելի է իր անունը ըսող-չըսող բազմերես փտախտը (corruption), դրամական, կրօնական, իշխանական, եւ այլ: Կարծէք ֆրանսական առածը իմաստութիւնն իսկ է, որ կ’ըսէ, թէ «օրէնքը եղած է տխմարներուն համար»:
Օրէնքներ եւ սահմանադրութիւններ կը փոխուին միշտ յաւելեալ արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան մշուշներուն մէջ: Չի բաւեր լաւը տեսնել, երբ անոր ետին չկան ուժն ու իմաստութիւնը, քաղաքականութեան տալու համար իր ազնուականութիւնը, աթոռ-աթոռակի մարտերէն անդին:
Այս մտորումներու թելադրութեան լոյսին տակ կը սեւեռեմ հայկական կացութիւնը, որ, թող ներուի ըսել, գումարում մըն է անհեթեթութիւններու: Վերանկախացումէն ի վեր, Հայաստան եւ հայութիւն չյանգեցան կայունացման, միացման եւ անսեթեւեթ համագործակցութեան: Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը: Իւրաքանչիւր իշխանութիւն եւ իշխանաւոր, անհատ թէ խմբակցութիւն, երկրի գլխաւոր օրէնք՝ Սահմանադրութիւն՝ մշակեց ըստ իր հայեցողութեան: Նախագահական վարչաձեւէն անցանք խորհրդարանականի, հիմա կ’ըսուի թէ նոր Սահմանադրութիւն պէտք է, որ եղածը չի համապատասխաներ ժողովուրդի ակնկալութիւններուն: Բայց նոյն այդ ժողովուրդը քուէարկեց այդ Սահմանադրութիւններուն համար: Եթէ իշխանափոխութիւն ըլլայ, կրկին պէտք պիտի ըլլա՞յ Սահմանադրութիւն փոխել:
Եթէ գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւնները ազգային բարոյականութեամբ եւ միացման քաղաքականութիւն վարեն, երեք իշխանութիւններուն միջեւ բախում եւ անհասկացողութիւն տեղի չեն ունենար:
Մեր օրէնսդիրները, միութեան մը, կուսակցութեան մը կանոնագրութիւն եւ պետութեան սահմանադրութիւն մշակողները, եթէ իրենց փառասիրութիւններու եւ շահերու գերանցումը գիտնան կատարել, յաղթել մրցակցութիւն, քէն ու ոխ, նոյնիսկ գէշ խմբագրուած օրէնքներով կարելի է լաւ կառավարել եւ կառավարուիլ:
Մենք շատ կը սիրենք ուրիշները կապկել:
Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլայ երբեմն յիշել եւ յիշեցնել, որ մեծ կայսրութիւն Անգլիան եւ այսօր կրկին մեծ պետութիւն նոյն Մեծն Բրիտանիան, Սահմանադրութիւն չունի: Բայց կայուն երկիր է, օրէնքներով կը կառավարուի, որոնք չեն փոխուիր երբ մեծմասնութիւն կը փոխուի:
Կարեւորը, օրէնքէն աւելի, այն հզօր գիտակցութիւնն է, որ մարդը, քաղաքացիները, ժողովուրդը կ’ազատագրէ բնութեան տարերայնութենէ, կ’ընէ այնպէս, որ «մարդը մարդու գայլն է» հաստատումը ժխտուի:
Այս յաղթանակին համար պէտք է հետեւիլ շատ պարզ իմաստութեան մը, որ կ’ըսէ. «Ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»:
Այդ ուրիշը՝ դրացիս , քաղաքացիս, հայրենակիցս, ժողովուրդը: Այսինքն պէտք է հրաժարիլ իշխանութիւնը ուժերու եւ եսերու մրցակցութեան խնձոր համարելէ, այլ զայն դարձնել իսկական հանրային ծառայութիւն:
Հայաստան կրկին կը խօսուի Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին: Երեք տարի վերջ, եթէ քուէարկութեան արդիւնքով նոր մեծամասնութիւն գայ, ա՞ն ալ պիտի փորձուի իր ցանկութիւններուն համար նոր Սահմադրութիւն ձեւել:
Սահմանադրութիւնը շապիկ չէ, որ յարմարցուի նոր ղեկավարի հասակին եւ ծաւալին: Եւ միշտ՝ յանուն ժողովուրդին եւ ժողովուրդին համար, անոր տալով արեւածաղիկի դեր:
Սահմանադրութեան կարիք կա՞յ, որպէսզի վերականգնինք, մնանք պատմութեան բեմին վրայ, եւ կուլ չերթանք մեր երկրի եւ ժողովուրդի անհետացումը կայսերական օրակարգ դարձուցած անթաքոյց ուժերուն:
Տնարգելութենէն դուրս կու գանք: Պիտի գանք: Բայց դուրս պիտի գա՞նք զիրար մերժող ուժերու ոչինչ խոստացող գուպարէն:
Բեմերու վրայ չգտնուող մտահոգ եւ ողջախոհ զանգուածներուն պատասխան պէտք է տալ:
«Ազատ ըլլալ չի նշանակեր ազատիլ միայն մեր շղթաներէն, այլ ապրիլ այն-պէս, որ յարգուի եւ զօրանայ նաեւ ուրիշներու ազատութիւնը»: Այս միտքով առաջնորդուած Նելսըն Մանտելա միացուց Հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդը, անկարելի թուացող միացում մը:
Մի՛շտ մտածել օրինակի արժէքի մասին: