Պելճիքայի Ծերակոյտին Մէջ՝ Արցախի Գծով Քննարկումներ
Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 25 Մարտին, Պելճիքայի Ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցաւ «Աշխարհաքաղաքական զարգացումները Հարաւային Կովկասի մէջ. կիզակէտի տակ՝ Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ/Արցախ» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկումը:
Քննարկումը տեղի ունեցաւ ծերակուտական Մարք Տեմեսմէյքըրի եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին համագործակցութեամբ, եւ անոր մասնակցեցան պելճիքացի խորհրդարանականներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Կլոր սեղանի չորս հիմնական բանախօսներն էին՝
– Էլս Վան Հուֆ` Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ
– Փօլ Միէրց` միջազգային բանակցութիւններու վերլուծաբան եւ «Քլինկենտայել» հիմնարկի համահիմնադիր
– Գեղամ Ստեփանեան` Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան
– Բենիամին Պօղոսեան` «Ապրի Արմէնիա» հիմնարկի աւագ գիտաշխատող։
Համաժողովի հիմնական նպատակն էր՝ համապարփակ վերլուծութեան ենթարկել Սեպտեմբեր 2020էն ի վեր Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական զարգացումները, մասնաւորաբար՝ Արցախի հակամարտութեան լոյսին տակ:
Բանախօսները միջազգային իրաւունքի, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային հանրութեան արձագանգի տեսանկիւններէն ներկայացուցին տարածաշրջանային զարգացումները: Յատուկ ուշադրութեան արժանացան միջնորդական ջանքերու կարեւորութեան վերաբերող քննարկումները` անդրադարձ կատարելով յատկապէս Եւրոպական Միութեան դերին: Քննարկման մասնակցողները փորձեցին նախանշել ապագայ հեռանկարները, հնարաւոր զարգացումները եւ յստակ քայլերը` Արցախի հայերու անօտարելի իրաւունքները պաշտպանելու համար:
Նախաձեռնութեան բացման խօսքերը արտասանեցին ծերակուտական Տեմեսմէյքըր, Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութեան ղեկավարի տեղակալ Վարդան Սարգսեան եւ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան։
«Այցելելով Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանամերձ շրջանը` անմիջականօրէն տեսած եմ հակամարտութեան ազդեցութիւնը: Ատրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնը եւ Արցախի ցեղային զտումները միանգամայն անընդունելի են: Մենք պէտք է ճնշում գործադրենք Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային հանրութեան վրայ` վերջ տալու անպատժելիութեան։ Միջին Արեւելքի եւ Ուքրանիոյ վրայ կեդրոնանալով, Հարաւային Կովկասը չանտեսելը կարեւոր է: Մենք չենք կրնար անտեսել այս տարածաշրջանի տառապանքը եւ անկայունութիւնը», շեշտեց Տեմեսմէյքըր:
«Վերջերս Արցախի խորհրդարանի շէնքին քանդումը կը խորհրդանշէ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակապէս «մշակութային զտումը»: Մենք չենք կրնար լռել այս հարցին դիմաց: Եւրոպական Միութիւնը պէտք է վերագնահատէ իր յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ եւ օգտագործէ իր քաղաքական գործիքակազմերը` դադրեցնելու հայերու հիմնարար իրաւունքներու խախտումները: Պէտք է եւրոպական մակարդակի վրայ նկատի ունենալ պատժամիջոցներ կիրարկելու տարբերակը», իր խօսքին մէջ ըսաւ Էլս Վան Հուֆ:
Փօլ Միերթս, իր կարգին անդրադառնալով բանակցային գործընթացին՝ ըսաւ․ «Բանակցութիւնները յաջողութեամբ աւարտելու համար պէտք է համաբնագիրին մէջ փոփոխութիւն ըլլայ: Ուժը եւ բանակցութիւնները միասին կ՛ընթանան: Հայաստան չի կրնար բանակցութիւններու մէջ մտնել թուլացած դիրքերով: Այսպիսով` Հայաստանի համար հրամայական է՝ ուժեղացնել իր ռազմական հնարաւորութիւնները եւ ամրապնդել իր դիրքերը բանակցային սեղանին շուրջ՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան համար»:
Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան անդրադարձաւ Արցախի ժողովուրդին դիմաց ծառացած շարունակական մարտահրաւէրներուն: «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի տառապանքները շարունակուեցին 2023 թուականի Սեպտեմբերի բռնի տեղահանութիւնից յետոյ: Հայաստան ժամանելուն պէս Արցախի ժողովուրդը շարունակեց բախուել բազմաթիւ մարտահրաւէրների` նրանց կացութեան կարգավիճակից սկսած մինչեւ սոցիալական (ընկերային), բնակարանային, սննդի եւ աշխատանքի հետ կապուած խնդիրները: Սեմինարը արժէքաւոր հնարաւորութիւն է ընձեռում անդրադառնալու այս խնդիրներին եւ լոյս սփռելու Արցախի ժողովրդի առօրեայ պայքարի վրայ, ինչպէս նաեւ նպաստելու միջազգային հանրութեան մոբիլիզացմանը (զօրաշարժի ենթարկելը)` Արցախի ժողովրդի մարդասիրական կարիքների եւ իրաւունքների պաշտպանութեան գործում», ըսաւ ան:
Բենիամին Պօղոսեան շեշտեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու հարցին քննարկումը` յայտարարելով. «Կար սկզբունքօրէն թերի տրամաբանութիւն, որ Ադրբեջանի նկատմամբ հանդարտեցման քաղաքականութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կործանման ընդունումը ճանապարհ կը հարթեն Հայաստան-Ադրբեջան խաղաղութեան համար: Փոխարէնը, դա միայն ստիպեց Ադրբեջանին աւելի ագրեսիւ (յարձակողական) լինել Հայաստանի նկատմամբ, եւ այժմ բախւում ենք Ադրբեջանի կողմից նոր էսկալացիայի (մագլցումի) իրական սպառնալիքի` ռազմավարական նպատակ ունենալով բացել ցամաքային միջանցք Նախիջեւանի եւ Թուրքիայի հետ` օկուպացնելով (գրաւելով) Հայաստանի որոշ հատուածներ»:
Իր խօսքին մէջ, Գասպար Կարապետեան երախտագիտութիւն յայտնեց ծերակուտական Տեմեսմէյքըրին, բանախօսներուն եւ ներկաներուն` արցախահայութեան իրաւունքներուն իրենց աննկուն հաւատարմութեան համար: «Այս կլոր սեղանը կը ծառայէ՝ իբրեւ կարեւոր հարթակ երկխօսութեան խթանման եւ Արցախի հայ բնակչութեան անքակտելի իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող ջանքերը յառաջ մղելուն: Պելճիքայի եւ Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր երկիրներուն համար հրամայական է ճնշում գործադրելը Ատրպէյճանի վրայ` Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղային զտումներուն համար` փաստօրէն վերջ դնելով Ատրպէյճանի անպատժելիութեան: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում գործադրէ Ատրպէյճանի վրայ` Պաքուի մէջ գտնուող բոլոր հայ ռազմագերիները եւ պատանդները ազատ արձակելու համար: Շարունակական շահերու պաշտպանութիւնը կը մնայ առանցքային` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, արդարութեան եւ կայունութեան ապահովման համար», ըսաւ Կարապետեան:
Քննարկումը աւարտեցաւ հարցում-պատասխանի ձեւաչափով, որուն ընթացքին բանախօսները եւ քաղաքական գործիչները քննարկեցին Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ Արցախի հայ բնակչութեան հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հեռանկարային միջոցները:
Comments are closed.