Պաքու յամառօրէն կը շարունակէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի քարոզը. Տաթեւիկ Հայրապետեան

Ատրպեճանագէտ Տաթեւիկ Հայրապետեան Դեկտեմբերի 18-ին գրած է.

Դեկտեմբեր 1-էն 15-ը ընկած ժամանակահատուածին միայն Ադրբեջանի պետական լրատուական «Azertag» գործակալութիւնը հրապարակած է ընդհանուր առմամբ քսանչորս նիւթ (միւս լրատուական աղբիւրներուն չեմ անդրադառնար), որոնց մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը կոչուած է «Արեւմտեան Ատրպէյճան»՝ զաւթողական անուանումով։

Նիւթերուն վերլուծութիւնը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.

‒ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» զաւթողական ծրագիրը Ատրպէյճանի պետական քաղաքականութեան բաղկացուցիչ մաս կը կազմէ։ Այս ծիրին մէջ կը կազմակերպուին գիտաժողովներ, ուսումնական ծրագիրներ, երիտասարդական ճամբարներ եւ ցուցահանդէսներ։ «Արեւմտեան Ատրպէյճան վերադարձը» կը ներկայացուի որպէս հիմնական «ազգային նպատակ»։ Այս մասին ուղիղ ձեւով կը խօսին պատգամաւորներ եւ այլ պաշտօնատարներ։

‒ Իլհամ Ալիեւը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ թեման մշտապէս կը ներկայացնեն որպէս «իրաւական, պատմական եւ բարոյական պարտաւորութիւն»՝ զայն ներառելով ուսումնական ծրագիրներու, ժողովրդական բանահիւսութեան հետազօտութիւններու, արուեստի եւ հասարակական դիսկուրսի մէջ, նպատակ ունենալով Հայաստանի տարածքներուն նկատմամբ պահանջները «օրինաչափ» եւ «բնական» դարձնել։

‒ Արուեստի, գրականութեան եւ պատմական գիտութիւններու միջոցաւ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ը կը ներկայացուի որպէս ատրպէյճանցիներու նախնիներու հայրենիք։ Ժողովրդական բանահիւսութեան հաւաքածոները, նկարչական մրցոյթները եւ ցուցահանդէսները կը շեշտեն հայկական տարածքներու «պատկանելիութիւնը ատրպէյջանցիներուն», ենթադրեալ «ատրպէյճանական» մշակութային վայրերու ոչնչացումն ու տեղահանութիւնները՝ հայերը ներկայացնելով որպէս «բռնազաւթիչներ» եւ «ցեղասպաններ»։ Մշակութային թեմաներու ծածկոյթի տակ առաջ կը քաշուին բացայայտ տարածքային պահանջներ։

‒ Ատրպէյճանը կը յղուի միջազգային իրաւունքին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաձայնագրերուն եւ մարդու իրաւունքներու շրջանակներուն՝ վերադարձի «իրաւունքը» պաշտպանելու համար՝ Հայաստանին վերագրելով հաւաքական պատասխանատւութիւն ենթադրեալ յանցագործութիւններու եւ աւերածութիւններու համար։ Այս բոլորը կը ներկայացուի որպէս արդարադատութեան հարց՝ նպատակ ունենալով միջազգային մակարդակով օրինականացնել Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ պահանջները՝ միաժամանակ կապելով պատմութիւնը ժամանակա- կից դիւանագիտութեան եւ պատերազմէն ետք տեղի ունեցող բանակցութիւններուն հետ։ Չեն խորշիր այս ամբողջին մէջ ներառել նաեւ Թրամփի անունը եւ Օգոստոս 8-ի հռչակագիրները։

‒ Ամենէն վտանգաւորը, իմ համոզմամբ՝ Երիտասարդական ծրագիրներու, սեմինարներու եւ համայնքային նախաձեռնութիւններու միջոցով ատրպէյճանական պետութեան նպատակը երիտասարդ սերունդին մէջ յստակ մտածողութիւն ձեւաւորելն է, ըստ որուն ՀՀ-ն «պատմական ատրպէյճանական հող» է, որ «խլուած է իրենցմէ»։ Այս մէկը ապագայ տարածքային պահանջները երիտասարդութեան մոբիլիզացիայի միջոցով առաջ տանելու յստակ ձեռագիր մըն է։

Սա Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ուղղուած բացայայտ զաւթողական ծրագիր մըն է։ Ան չունի որեւէ պատմական, քաղաքական կամ աշխարհագրական հիմք։ Անոր տարածման ծաւալները ատրպէյճանական պետական համակարգին կողմէ ուղղակի անպատկերացնելի են։ Այս կարելի է կանխել միայն աշխատելով։ Այսօր չաշխատելու գինը վաղը շատ թանկ պիտի ըլլայ։