Պաքու Կ՚ոչնչացնէ Հայկական Ժառանգութիւնը Արցախի Մէջ. EurasiaNet
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Արդարադատութեան միջազգային դատարանը (Միջազգային քրէական դատարան) յանձնարարած է, որ Ատրպէյճան պահպանէ հայ գաղթականներուն վերադարձի իրաւունքը, բայց եթէ ոեւէ հայ վերջապէս վերադառնայ, կրնայ չճանչնալ այն տարածքները, ուրկէ փախուստ տուաւ 2023ի վերջաւորութեան: Այս մասին «Պաքու պուլտոզըրով (հողաբարձ խոշոր մեքենայով մը) կ՛ոչնչացնէ հայկական ժառանգութիւնը Ղարաբաղի (Արցախի-Խմբ.) մէջ» խորագիրով յօդուած լոյս տեսաւ EurasiaNet-ի կայքին վրայ:
«Անցեալ տարուան աշունէն, երբ աւարտեցաւ Ղարաբաղի գրաւումը, Ատրպէյճան արագ քայլերու ձեռնարկեց վերականգնելու տարածաշրջանի առանցքային հատուածները` ակնյայտօրէն ձգտելով հեռացնել հայկական ազդեցութեան որեւէ մնացորդ: Փոխակերպումը շրջանցած է միայն բնակավայրերուն անուանումները փոխելու սահմանները: Ղարաբաղի մայրաքաղաքը, օրինակ, տակաւին խորհրդային տարիներուն կոչուած է Ստեփանակերտ, սակայն այժմ վերանուանուած է Խանքենդի: Արբանեակային նոր պատկերները ցոյց կու տան հայ բնակիչներուն տուներու, հայկական եկեղեցիներու եւ մշակութային այլ նշանակալի վայրերու համատարած աւերումը: Ամէնէն ցայտուն փոփոխութիւններէն մէկը Խանքենդին մէջ ամբողջ թաղամասի մը եւ կառատան մը աւերումն է: Քանդուած տարածքը կը գտնուի նախկին Արցախի պետական համալսարանին մօտ, որ այժմ վերանուանուած է Ղարաբաղի համալսարան», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ։
Լուսարձակի տակ կը բերուի այն, որ աւերածութեան բացայայտ օրինակ է Շուշի քաղաքի մերձակայքը գտնուող հայկական Քարին Տակ կոչուող գիւղը, որ, ըստ երեւոյթին, ամբողջութեամբ քանդուած է պուլտոզըրով: Քանդման պատճառը յստակ չէ:
Արբանեակային պատկերները ցոյց կու տան, որ քանդման համար նշուած որոշ մասնաւոր տուներուն մէջ գտնուող անձնական գոյքեր նետուած են աղբը։
Աղբիւրը կը յիշեցնէ նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի շէնքին եւ Վեթերաններու տան քանդումը:
«Ատրպէյճանի կառավարութեան կործանարար հարուածին ենթակայ են հայկական եկեղեցիները, գերեզմանատուները եւ ուղղափառ քրիստոնէական կրօնական խորհրդանիշերը: Հայկական աղօթատեղիներու քանդման փաստագրուած դէպքեր արձանագրուած են Շուշիի եւ Լաչինի մէջ: Նոյն ձեւով քանդուած են արձանները եւ յուշարձանները, որոնք կապ ունին Ղարաբաղի խորհրդային եւ հայկական ժառանգութեան հետ: Օրինակ, հանուած է պոլշեւիկ յեղափոխական Ստեփան Շահումեանի արձանը, որուն անունով կոչուած է Ղարաբաղի մայրաքաղաքը, ինչպէս նաեւ հայ քաղաքական եւ ռազմական գործիչներու այլ յուշարձաններ: Յամենայն դէպս, Ատրպէյճանի քանդման ջանքերուն մէկ մասը կը հակասէ Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ Նոյեմբերին տրուած վճիռին, որ Ատրպէյճանէն կը պահանջէ՝ վկայակոչելով Պաքուի պարտաւորութիւնները Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային ուխտին, ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցներու հայկական մշակութային ժառանգութեան վրայ ազդող վանտալիզմի եւ պղծման գործողութիւնները կանխելու եւ պատժելու համար», կը նշուի յօդուածին մէջ։
Comments are closed.