Երեւան խաղաղութեան պայմանագիրի 11րդ խմբագրումը ստանալէ ետք եւս յայտարարեց, որ մէկ-երկու հարցեր կը շարունակեն չհամաձայնեցուած մնալ: Սակայն, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան չյայտնեց, թէ Պաքուի հետ ո՛ր հարցերուն շուրջ կարելի չէ եղած ընդհանուր յայտարարի հասնիլ:
«Կողմերը չունեն ընդհանուր դիրքորոշում տուեալ հարցերի շուրջ, եւ բնականաբար քննարկումները պաշտօնական Բաքուի հետ շարունակուելու են», ըսաւ ան:
Մինչ այդ, խաղաղութեան համաձայնագիրին վիճայարոյց երեք կէտերը «Էքս»ի իր էջին վրայ գաղտնազերծած է Ալիեւի կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Ֆարիտ Շաֆիեւ: Ըստ անոր՝ անոնցմէ մէկը Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան, միւսը Երեւանի կողմէ «իրաւական եւ դիւանագիտական վէճերու» բացառման, իսկ վերջինը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին օտար ուժերու բացակայութեան կը վերաբերի:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն մօտիկ այս մասնագէտին պնդումներուն՝ Կոստանեան վստահեցուց, որ Սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջ չկայ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծին մէջ: Իսկ արդեօք միւս երկու կէտերը իրաւական վէճերու բացառման եւ սահմանէն օտար ուժերու դուրս բերման մասի՞ն են։ «Քանի որ այս պահին բանակցութիւններն ընթանում են, ես ճիշդ չեմ համարում ամբողջութեամբ բացել, թէ ինչի շուրջ են ընթանում քննարկումները, բայց այո, ինչպէս նշեցի, կան չհամաձայնեցուած կէտեր. եւ սրանց շուրջ պիտի շարունակուեն քննարկումները», ըսաւ Կոստանեան:
Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, որ Հայաստանի համար ընդունելի՞ է պայմանագիրի կնքման պարագային Եւրոպական Միութեան դիտորդներու դուրս բերումը՝ Կոստանեան ըսաւ. «Այս պահին Հայաստանի Հանրապետութիւնը, քանի դեռ մենք ունենք չդելիմիտացուած (չսահմանագծուած) սահման Ադրբեջանի Հանրապետութեան հետ, քանի դեռ առկայ են խնդիրներ, գտնում է, որ Եւրամիութեան դիտորդների ներգրաւումը Հայաստան-Ադրբեջան միջպետական սահմանին կարեւոր անվտանգային ու կայունութեան նշանակութիւն ունի»:
Պատասխանելով դիւանագիտական վէճերուն գծով հարցումին՝ Կոստանեան ըսաւ. «Ընդհանուր գործընթացի ու ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ պիտի նայել: Հայաստանի Հանրապետութեան համար կան նաեւ այս համաձայնագրից դուրս շատ կարեւոր հարցեր, այդ թւում՝ հումանիտար (մարդասիրական) հարցեր, որոնք հասցէագրման կարիք ունեն»:
Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ սերտ կապերով յայտնի փորձագէտը նոյն գրառման մէջ անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի ապառազմականացման հարցին: Հայաստանէն երկու անգամ աւելի ռազմական պիւտճէ ունեցող Ատրպէյճանի պաշտօնեաները եւս երբեմն երբեմն կը խօսին «Հայաստանի զինուած ուժերու նկատմամբ սահմանափակում կիրարկելու մասին»:
Անդրադառնալով այն հարցին, որ արդեօք Պաքու խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ ներկայացուցա՞ծ է այդպիսի պահանջ մը, եւ եթէ այդպիսի հարց դրուի, ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ Երեւան՝ Կոստանեան պնդեց, թէ նման կէտ չկայ համաձայնագիրին մէջ՝ նոյն ատեն աւելցնելով. «Մենք էլ բազմիցս յայտարարել ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը զարգացնում է իր պաշտպանողական կարողութիւնները, եւ սա միջազգային իրաւունքի նորմերին ամբողջութեամբ համապատասխանում է ՄԱԿի կանոնադրութեանը, Հայաստան յարձակողական գործողութիւններ իրականացնելու որեւէ ծրագիր չունի կապուած իր որեւէ հարեւանի հետ»:
Հակառակ Պաքուէն հնչող պահանջներուն՝ Երեւան պատրաստ է աշխուժացնելու նաեւ դէմ առ դէմ բանակցութիւնները, բայց այս պահուն այդպիսի պայմանաւորուածութիւն, ըստ Կոստանեանի, չկայ:
Ան դիտել տուաւ, որ Երեւան պատրաստ է սեղմ ժամկէտի մը մէջ պատասխանել խաղաղութեան պայմանագիրի Պաքուի առաջարկներուն: Իսկ ինչո՞ւ Երեւան չպնդեց համաձայնեցուած կէտերով համաձայնագիր ստորագրելու իր գաղափարը՝ Կոստանեան ընդգծեց. «Մենք շարունակում ենք ընդհանուր բանակցային գործընթաց, որովհետեւ հետաքրքրուած ենք Ադրբեջանի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորման համաձայնագրի ստորագրմանը»:
Կոստանեան աւելցուց, որ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ՔՈՓ-29 համաժողովին մասնակցիլ-չմասնակցելու վերաբերեալ Հայաստան որոշում չունի տակաւին, «այդ հարցով քննարկումներ են ընթանում, դա պայմանաւորուած է բանակցային գործընթացի դինամիկայով (ուժաբանութեամբ)»:
Comments are closed.