«Պաքուի Պահանջած Գիւղերը Յանձնելու Պարագային, Տաւուշի Մարզը Պիտի Բաժանուի 2 Մասի». Խաչատուր Ստեփանեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Խաչատուր Ստեփանեան «Փաստինֆօ»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պաքուի պահանջած գիւղերը յանձնելու պարագային, Տաւուշի մարզը փաստօրէն պիտի բաժանուի 2 մասի: Ան դիտել տուաւ, որ թուրքերը մարզ մտնելէ ետք անմիջապէս պիտի ճեղքեն մարզը` վտանգելով այնտեղէն անցնող մեր ռազմավարական հաղորդակցութեան ուղիները: Ըստ անոր, կը վտանգուի Երեւան-Իջեւան-Թիֆլիս միջպետական ճամբան, որ կը դառնայ անգործարկելի, ինչպէս` Գորիս-Կապան միջպետական ճամբու հատուածը: Կը վտանգուի նաեւ կազամուղը:

«Փաստօրէն, անվտանգային առումով, թէ՛ տնտեսական, թէ՛ փոխադրութեան ու նաեւ մարդկանց գերեվարման, կեանքի անվտանգային առումով որեւէ երաշխիք չկայ, որովհետեւ նշուած գիւղերը յանձնելուց յետոյ Տաւուշի մարզի մի քանի գիւղեր յայտնուելու են թշնամու զինուորի անմիջական նշանառութեան տակ», դիտել տուաւ Ստեփանեան` աւելցնելով. «Նախ` թուրքն այդ տեսակն է` փորձում է խփել թոյլ տեղին, թշնամուն է բնորոշ դա: Իրենք գիտեն, որ դա խոցելուց յետոյ Հայաստանի համար այդ հատուածը դառնալու է խիստ վտանգաւոր, անվտանգութեան որեւէ հետագայ քայլեր նախատեսուած չեն եւ, ըստ էութեան, Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան շրջանն Ազրպէյճանն վերցնելու է իր վերահսկողութեան տակ»:

Ստեփանեան յայտնեց, որ Տաւուշի մէջ շատ աւելի վտանգաւոր վիճակ կը ստեղծուի, քան` Սիւնիքի: Ըստ անոր, եթէ Սիւնիքի մէջ այլընտրանքային ճամբայ կար, Տաւուշի պարագային այդ մէկը չկայ: Ան ըսաւ, թէ ինք համոզուած է, որ իշխանութիւններուն յայտարարութիւնները, թէ` տարածքները պէտք է զիջինք, որպէսզի Ազրպէյճան չյարձակի, որեւէ երաշխիք չեն, որովհետեւ թշնամին, յատկապէս թուրքը, կը յարձակի, երբ թուլակամութիւն կը ցուցաբերես:

Իբրեւ պատմաբան` Ստեփանեան բացառիկ դրուագ մը յիշեց պատմութենէն, երբ Պետրոս Գետադարձ կը համոզէր, որ փրկութիւնը տալու եւ յանձնուելու մէջ է, այդ տեղի ունեցած է այդ օրերու թագաւորութեան անկումէն առաջ:

«Հիմա այսօրուայ իշխանութիւնները համոզում են, թէ պէտք է Ազրպէյճանի պահանջները բաւարարեն, որ չյարձակուեն, բայց, ցաւօք, մենք պէտք է արձանագրենք, որ կարճ ժամանակ անց Ազրպէյճանը նոր յարձակում է սկսելու: Տաւուշից է սկսել, որովհետեւ Տաւուշն այսօր Հայաստանի այս պահին ամենաանվտանգ պաշտպանական գիծն է: Գեղարքունիքում էլ մենք խոցելի ենք, Սիւնիքում էլ խոցելի ենք, Տաւուշում իսկապէս անխոցելի դիրքային առաւելութիւն ունենք: Փաստօրէն փորձում են նաեւ այս մեր անվտանգային գիծը, որ խոցելի չէ, աւելի խոցելի դարձնել եւ Հայաստանի նկատմամբ նոր ճնշումներ գործադրել», դիտել տուաւ Ստեփանեան:

Ինչ կը վերաբերի Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ տաւուշցիներուն տուած խոստումին, որ կը պատրաստուին կառուցել միջպետական մայրուղիի այլընտրանքային ճամբայ մը, Ստեփանեան յայտնեց, որ` ինք թերահաւատօրէն կը մօտենայ անոր: Յիշեցնելով Փաշինեանի նախկին արտայայտութիւնները, որ` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», Ստեփանեան վստահ է, որ այդպիսի ճամբայ մը պիտի չկառուցուի, այլապէս արդէն սկսած պիտի ըլլային անոր շինութեան:

 

Comments are closed.