Պատրաստ Ըլլանք ԿանգնելուՄեր Հայրենիքին Կողքին Ոչ ՄիայնԽօսքերով, Այլ Նաեւ` Իրական Քայլերով

Դաշնակցական Երիտասարդներու Տպաւորութիւնները` ՀՅԴ 12-րդ Համահայկական Բանակումին Մասին

Անկեղծօրէն  շատ յատուկ իմաստ ունեցաւ ինծի համար այս համահայկական ճամբարին մասնակցիլս, մանաւանդ որ հայրենիքիս մէջ էր: Ապրեցայ եզակի եւ անմոռանալի  փորձառութիւն մը, որ խոր ազդեցութիւն ձգեց վրաս:

Առաջին հերթին զգացի, թէ որքա՛ն մեծ ուժ ունինք` իբրեւ հայ ժողովուրդ: Այն զգացումը, որ աշխարհի չորս ծագերուն կան այնպիսի  հայեր, որոնք մեզի պէս կը մտածեն ու մեզի պէս կը զգան, աւելի ուժ տուաւ ինծի: Այն զգացումը, որ մենք իրարու կողքին ենք` նոյն ոգիով, նոյն նպատակով, նոյն հայրենասիրութեամբ, նոյն պատրաստակամութեամբ, ունինք միասնականութիւն, հաւատք եւ տոկունութիւն: Այն միասնութեան ոգին, զոր զգացի, ինծի ներշնչեց այնպիսի յոյս, որ մենք երբե՛ք պէտք չէ յուսահատինք կամ յանձնուինք` հակառակ բոլոր  մարտահրաւէրներուն եւ  դժուարութիւններուն` ներքին թէ արտաքին գետնի վրայ…

Կ՛արժէ ըսել նաեւ, որ այս ճամբարը ընկերային կողմէ առիթ տուաւ մեզի նոր ընկերուհիներու ծանօթանալու տարբեր երկիրներէ, ինչ որ սկիզբը քիչ մը տարօրինակ թուեցաւ, բայց երբ շաղուեցայ իրենց հետ, անդրադարձայ, որ նոյն նպատակով հաւաքուած ենք մէկտեղ եւ նոյն ազգային ոգիով լեցուն ենք, հետեւաբար  շատ աւելի հեզասահ ընթացաւ մեր ճամբարի գործունէութիւնը:

Առիթը ունեցայ նաեւ արցախցի աղջկան մը հանդիպելու, անոր ընդմէջէն շնչելու մեր արծուաբոյն Արցախի  տոկուն նկարագիրը, դիմադրողական ոգին, բարձրաբերձ լեռներու անառիկութիւնը, հարուստ մշակոյթն ու աւանդը, ինչ որ անբացատրելի եւ աննկարագրելի զգացում էր:

Ճամբարին դասախօսութիւններուն նիւթերը շատ տպաւորիչ էին` նկատի ունենալով, որ մենք կարիքը ունէինք այս նիւթերուն մօտէն ծանօթանալու եւ գիտնալու, մանաւանդ երբ դասախօսները ներկայիս պետական եւ կուսակցութեան ներկայացուցիչներ են:

Ճամբարին ընթացքին ա՛լ աւելի համոզուեցայ, որ միայն խօսքերն ու  արտայայտուած միտքերը բաւարար չեն: Պէտք է գործենք: Պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք` կանգնելու մեր հայրենիքին կողքին` ոչ միայն խօսքերով, այլ նաեւ` իրակա՛ն քայլերով, արդար գործով ու աշխատանքով: Մենք չենք կրնար մենք մեզի թոյլ տալ միայն լսել ներկայացումները եւ անցնիլ մեր առօրեային, ինչպէս Սիմոն Զաւարեան կ՛ըսէր. «Խօսքը առանց գործի` մեռեալ է»:

Այսպիսի ճամբարները կենսական կարեւորութիւն ունին: Պէտք է շարունակական ըլլան` ամէն երկու կամ երեք տարին անգամ մը, որպէսզի նոր սերունդի բոլոր երիտասարդները այս առիթը ունենան: Այս այն զգացողութիւնն է, որ մենք` հայերս, բոլորս պէտք է ապրինք մեր զոհուած, իրենց կեանքը նուիրած ֆետայիներուն շունչով եւ շարունակենք իրենց գործը:

Այո՛ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆՔ:

ՍԱՐԻՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ