«Պատրաստ ենք զարգացնելու Հայաստանն ու Արցախը առանց որեւէ զիջումի»

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հալէպի մէջ կայացած 28 Մայիսի տօնակատարութեան ընթացքին արտասանած խօսքը.

Յարգարժա՛ն հիւրեր, սիրելի՛ ընկերներ եւ հայրենակիցներ,

28 Մայիսը հայութեան հրաշափառ յարութեան տօնն է, մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն նուիրական էջը, որ գրուեցաւ արիւնով ու քրտինքով. անձեւ քաոսէն վերածնաւ մեր պետականութիւնը, Հայաստանը վերադարձաւ համաշխարհային քարտէզին եւ հանդիսացաւ յառաջադէմ ու ընկերային արդարութեան վրայ ամրօրէն խարսխուած երկիր՝ ամէնէն դժնդակ պայմաններուն մէջ իսկ։

28 Մայիսը վերականգնեց հայուն արժանապատուութիւնը, աւելի քան 500 տարիներու բռնագրաւեալ ընդհատումէն ետք, երբ մեր ժողովուրդը վճռեց աննահանջ պայքարիլ իր ազատ, անկախ ապրելու տարրական իրաւունքին համար։ «Մահ կամ Ազատութիւն»ը իմաստաւորուեցաւ. յարատեւ պայքարի կոչը արդիւնաւորուեցաւ. մեր բազմաչարչար ժողովուրդին վերադարձաւ յոյսը եւ ստրուկի հոգեբանութիւնը անդարձ կորաւ մեր ընկճուած ազգի նկարագրէն. խիզախ, իմաստուն, վեհանձն ու արի հայը վերագտաւ իր հնամեայ արժանիքները։

28 Մայիսը Հայաստանի հանրապետութեան հիմերը դրաւ շնորհիւ դաշնակցական մարտական ու քաղաքական այն մեծ ղեկավարներուն, որոնք դիմացան ամէն տառապանքի, դիմագրաւեցին ամէն մարտահրաւէր եւ ամէնէն դաժան պայմաններուն մէջ ներշնչեցին հաւատք։

Եւ պատահեցաւ հրաշքը, երբ մեր թշնամիին զօրքը փոքրաթիւ հայ արիներու եւ ցեղասպանութէնէն նոր ճողոպրած բռնցքուած բեկորներուն կողմէ անակնկալի մատնուեցաւ ու խուճապահար դիմեց նահանջի։ Վերջնական անէացումէ փրկուեցաւ Արեւելահայաստանը ու հոն համախմբուած արեւմտահայոց մնացորդացը։
28 Մայիսով ստեղծուած մեր հանրապետութիւնը հանդիսացաւ հիմնաքարը Խորհրդային Հայաստանին ու այսօրուան վերանկախացած հայրենիքին։

Շուրջ երեսուն տարի առաջ, հոգեկան մեծ հրճուանքով ազատ ու անկախ Հայաստանին փոխանցեցինք Սփիւռքեան աքսորի տարիներուն սրբութեան նման մեր պահպանած պետականութեան ու անկախութեան խորհրդանիշները՝ եռագոյնը, օրհներգը, զինանշանը, ազգային գաղափարախօսութունը։ Բայց այդ հրճուանքը միախառնուեցաւ յուսախաբութեան հետ, երբ ՀՀ առաջին նախագահը քանդեց համահայկական համերաշխութիւնը եւ բաժանարար գիծեր ստեղծեց հայրենի ժողովուրդի շերտերուն եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ։ Նմանօրինակ կացութիւն մը կ’ապրինք այսօր, երբ հայրենիքի մէջ սեւ ու ճերմակի բաժնելու ձգտումներ կը տեսնենք եւ երբեմն թոյն ու ատելութիւն կը տեղան հրապարակի վրայ՝ փոխան սիրոյ եւ հանդուրժողութեան. Վկայ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ ներկայացուցիչ ընկեր Հրանդ Մարգարեանի, անոր որդւոյն եւ թոռներուն հանդէպ ցուցաբերուած հակադաշնակցական անընդունելի մոլուցքը, որ պէտք է դատապարտուէր իշխանութեան բարձրագոյն օղակներուն կողմէ, բայց դեռ կը սպասենք …

Այսօր մենք այն բախտաւոր սերունդն ենք, որ տեսաւ Հայաստանը անկախ, Արցախը ազատագրուած, Ջաւախքի մեր հայրենակիցները պատնէշի վրայ եւ Արեւմտահայաստանի ու Սփիւռքի մէջ իրենց արմատներուն վերադարձող թաքուն կամ ձուլուած հայերու փաղանգ:

Պէտք է ազգովին արժեւորենք եւ ձեռքէ չտանք պատմական այս մեծ պատեհութիւնը, որ տրուած է մեր ժողովուրդին իր անկախ պետականութեան վերընձիւղումով թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի մէջ:

Առիթն է վերաշեշտելու, որ մենք պատրաստ ենք զարգացնելու Հայաստանն ու Արցախը առանց որեւէ զիջումի Արցախի կամ մեր պահանջատիրութեան ճակատներուն վրայ:

Պարտինք համախմբուիլ, որպէսզի ամէն գնով պահպանենք եւ զօրացնենք մեր պետականութիւնը՝ դերերու արդար բաշխումով ու զիրար ամբողջացնելով, որպէսզի մեր համայն ուժերու կարողականութիւնը ի սպաս դնենք մեր հայրենիքին:

Պահն է նոր թափ տալու Ջաւախքի մեր քոյրերու եւ եղբայրներու պաշտպանութեան, որպէսզի անոնք լիարժէքօրէն պահանջեն իրենց ազգային փոքրամասնութեան միջազգայնօրէն ամրագրուած իրաւունքները:

Եւ պարտինք Հայաստանի ու Արցախի զարգացման զուգահեռ ամրակայել Սփիւռքը, զայն դարձնելու աւելի կազմակերպ ու առաւել նպատակասլաց, քաջ գիտակցելով որ յանձնառու սփիւռքը լաւագոյն գրաւականներէն է հզօր հայրենիքի:
Մենք այդ պայքարին պատրաստ ենք, որովհետեւ իւրաքանչիւր դաշնակցական իր ազգին տոկուն զինուորն է, գաղափարական ու պինդ, աննկուն կամքով եւ անսասան հաւատքով։ Մենք մեր երդման հաւատարիմ՝ պատրաստ ենք անսակարկ նուիրումով շարունակելու մեր ժողովրդային կամաւոր ծառայութիւնը:

Միաժամանակ վստահ ենք, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրն ալ գօտեպնդուած է նոյն տեսլականով ու ամրացած նոյն վճռականութեամբ:

Արդ՝ եկէք միասնաբար ուխտենք այսօր, որ ամէն մէկս պիտի բերէ իր մասնակցութիւնը այս սրբազան գործին, իր նախընտրած, իր կարողացած ձեւով ու չափով՝ ի փառս մեր ժողովուրդին եւ ի պանծացումս մեր հայրենիքին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.