«Պատերա՞զմ թէ՞ խաղաղութիւն» / «բնական կա՞զ թէ՞ Եւրոպա ազատ մուտք».

ՅՈՒՆԻՍ 7-Ի ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՄԵՏԱԼԻՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԵՍՆԵՐԸ

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Սեպտեմբեր 2013-ին, Ռուսական Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին իր մօտ կանչեց իր հայ գործընկերոջ՝ Սերժ Սարգսեանին, եւ հրապարակային կերպով ազդարարեց, որ Հայաստանը չէր կրնար մաս կազմել ե՛ւ նորաստեղծ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ), ե՛ւ գործընկերութեան պայմանագիր կնքել Եւրոպական միութեան (ԵՄ) հետ։ Տրուած ըլլալով Հայաստանի տնտեսութեան կախուածութիւնը Ռուսիայէն՝ Սերժ Սարգսեանին այլընտրանք չէր մնար, բացի չեղարկելու Պրիւքսէլի հետ այդքան խնամքով բանակցուած գործընկերութեան փաստաթուղթը։

Բայց ռուսական պարտադրանքը հայկական դիւանագիտութեան չարգիլեց եւրոպացիները համոզել, որ նոր համաձայնագրի մը հասնելու համար բանակցութիւններու վերսկսումը կը բխի ե՛ւ Երեւանի, ե՛ւ Պրիւքսէլի շահերէն։ Չորս տարի ետք, 24 նոյեմբեր 2017-ին, Պրիւքսէլի մէջ, Հայաստանն ու ԵՄ-ը ստորագրեցին «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր» (ՀԸԳՀ) մը, որուն Մոսկուան չառարկեց։ Հայկական դիւանագիտութեան ամենափայլուն իրագործումներէն մէկը եղաւ ԵՄ-ի հետ ստորագրուած այդ նոր փաստաթուղթը՝ ամբողջ խորհրդանիշ մը, թէ ինչպէս կարելի էր հաւասարակշռել արտաքին քաղաքականութիւնը՝ հաշուի առնելով միաժամանակ տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական իրականութիւնը եւ դէպի Արեւմուտք բացուելու անհրաժեշտութիւնը։ Ի խնդիր յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան կարելիութիւններու բազմազանման, բայց նաեւ՝ աշխարհաքաղաքական կախուածութեան մեղմացման։

Սարգսեանի նախագահութեան մնացեալ ամիսներուն, սահմանադրական փոփոխութիւններու լոյսին տակ, յաջորդ տարուան ընտրութիւններու օրակարգը կը գերիշխէր։ ԵՄ-ի հետ ստորագրուած համաձայնագրի գործնականացման մասին մտածելու առիթ չկար։ Բայց Ապրիլ 2018-ին, ժողովրդային զանգուածային զօրաշարժով իրականացած իշխանափոխութենէն ետք, վարչապետ նշանակուած, ապա ընտրութիւններով այդ պաշտօնին հաստատուած եւ Ազգային ժողովին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն ձեռք բերած Նիկոլ Փաշինեանին առջեւ ոսկի առիթ մը կը ներկայանար՝ հայկական դիւանագիտութեան այդ իրագործումը գնահատելու որպէս արտաքին հաւասարակշռուած քաղաքականութեան շարունակութեան ուղեցոյց։ Փոխանակ «ամէն ինչ զէրոյէն սկսելու»…

Մինչեւ 27 սեպտեմբեր 2020՝ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի սկիզբը, Փաշինեանի կառավարութեան յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ խզումի ոչ մէկ նախանշան կու տային՝ անկախ իր երկրպագուներուն հակառուս աղմկայարոյց յայտարարութիւններէն։ Քոչարեանին հետ իր առճակատումը եւ երկրորդ նախագահի հալածանքը՝ ընդհուպ մինչեւ արգելափակում եւ դատական գործ, Մոսկուայի եւ անձնապէս Փութինի համար դիւր չեկաւ անշուշտ, բայց երկկողմանի յարաբերութիւններն ալ չխանգարեց։ Մոսկուան Փաշինեանէն գանգատելու յատուկ պատճառ չունէր։ Հայաստանի վարչապետը իր առաջին արտաքին այցելութիւնը կատարած էր Ռուսիա, չէր հրաժարած ո՛չ ԵԱՏՄ-էն, ո՛չ ալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ)։

Քառասունչորսօրեայ պատերա՞զմն էր անկիւնադարձը, ռուսական ներխուժո՞ւմը Ուքրանիա՝ 24 փետրուար 2022-ին, նոյն տարուան սեպտեմբերին Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի պատերազմական գործողութիւններուն ՀԱՊԿ-ի անգործութի՞ւնը, ռուս խաղաղապահ ուժերու անտարբերութի՞ւնը՝ սեպտեմբեր 2023-ին Արցախի բռնի հայաթափման ընթացքին… Մէկ բան յստակ է. անցնող հինգ տարիներուն ինչ-որ բեկում առաջացած է հայ-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ։

Այդ բեկումը կը թարգմանուի՞ դէպի Արեւմուտք թեքումի, որուն մասին թերեւս ամենէն աւելի կը յուշեն ՀԱՊԿ-ի սառեցումը, ԵՄ-ի հետ գործընթաց սկսելու համապատասխան օրէնքը եւ ԹՐԻՓՓ-ը, եւ որով ամենէն աւելի խանդավառ են «Թաւշեայ յեղափոխութեան» օրգանական մտաւորականները։ Թէ՞ բեկումը պայմանական է եւ պէտք է հասկցուի միջազգային թէ տարածաշրջանային կացութեան տրամաբանութեամբ, ուր անցնող հինգ տարիներուն Ազգային ժողովին մէջ իր բացարձակ մեծամասնութիւնը կայուն պահած եւ իշխանափոխութեան արտախորհրդարանական քանի մը զանգուածային զօրաշարժեր վերապրած քաղաքական ուժը, որուն անհրաժեշտ չեղաւ արտասովոր ընտրութիւններ հրաւիրել, ապահոված է արտաքին ամէն աջակցութիւն, ի մասնաւորի՝ ԵՄ-էն 15 միլիոն եւրօ, որ ինչ ձեւով ալ քողարկուի, ի վերջոյ իր ընտրարշաւի ծախսերու հոգացման պիտի ծառայէ։ Այնքան ալ յստակ չէ բեկումին բացարձակ բնոյթը՝ դէպի Արեւմուտք արմատական տեղաշարժի իմաստով, որովհետեւ Հայաստանի կախուածութիւնը Ռուսիայէն՝ առեւտուրի, ուժանիւթի, փոխանցուած գումարներու թէ աթոմակայանի գործունէութեան շարունակութեան համար, մեղմացած չի թուիր ըլլալ։ Աւելի՛ն, Ուքրանիոյ պատերազմը, առնուազն առաջին երկու տարիներուն, Ռուսիոյ կամ ԵԱՏՄ-ի հետ Հայաստանի կապերուն կարեւորութիւնը աւելցուց։ Կրնանք մինչեւ իսկ ենթադրել, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը արտաքին քաղաքականութեան «հաւասարակշռման» նոր տարբերակ մը գտած էր, ընդհուպ՝ իր ընտրազանգուածին ցոյց տալով արտաքին յարաբերութիւններու ուղղութեան դէպի Արեւմուտք թեքումի բացայայտ նշաններ, բայց ղեկը ամուր պահելով դէպի Ռուսիա եւ ԵԱՏՄ։

Ի տարբերութիւն սեպտեմբեր 2013-ին, ապրիլ 1, 2026-ին, Մոսկուայի մէջ Փաշինեան-Փութին հանդիպումը տեղի ունեցաւ հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ։ Այդ մասին վարչապետը հանդիպման նախօրեակին կրկնեց ու կրկնեց։ Ոչ ոք գիտէ, թէ հանդիպման առաջարկին ետին եղա՞ծ է Մոսկուայէն նախնական պահանջ մը, եւ Փաշինեանին փութկոտութիւնը՝ նախաձեռնութիւնը ի՛րը յայտարարելու, պարզապէս իր դերակատարի պատկերը բարձր պահելու նպատակով է, թէ Մոսկուան նման հանդիպման յատուկ օրակարգ չունէր, եւ հայկական կողմն էր, որ պնդեց։ Իսկ սեպտեմբեր 13-ի նշումը հոս կը կատարուի, որովհետեւ, ինչպէս այն ատեն, Փութինը Հայաստանի ղեկավարին առջեւ դրաւ՝ կամ ԵՄ, կամ ԵԱՏՄ այլընտրանքը։

Բայց ոչ միակը։ Այդ հարցին ուղղակի կամ անուղղակի առնչակից, Ռուսիոյ ղեկավարը Հայաստանի վարչապետին յիշեցուց նաեւ բնական կազի առանձնաշնորհեալ գինը եւ Հայաստանի արտաքին առեւտուրին համար ռուսական շուկային կարեւորութիւնը։ Եւ այս բոլորը՝ դիւանագիտական արարողակարգի մասնագէտներուն համաձայն, սովորականէն աւելի երկար տեւած բաց խօսակցութեամբ մը։ Չգիտութեան թէ իրադարձութիւններուն մասին իրեն տրուած ոչ այնքան ճիշդ խորհուրդներու պատճառով, բայց դիտողներու ուշադրութենէն չվրիպեցան Ռուսիոյ նախագահի սխալները․ Փութին Հայաստանի ՀԱՊԿ-ի հետ համագործակցութեան սառեցումը կապեց Արցախեան հարցին եւ, ըստ երեւոյթին, անտեղեակ էր ՀՀ օրէնքին՝ ընտրութեան թեկնածութեան հպատակութեան պայմանաւորումներուն մասին, երբ, առանց անուն յուշելու, դրաւ ռուսական հպատակութիւն ունեցող Սամուէլ Կարապետեանի մասնակցութիւնը չարգիլելու պահանջը։

Չենք գիտեր, թէ փակ նիստին մէջ ինչ խօսեցան կամ ինչի շուրջ պայմանաւորուեցան կամ չհամաձայնեցան Փաշինեանն ու Փութինը։ Սակայն այդ հանդիպման յաջորդ օրն իսկ, ռուսական ամենաբարձր ղեկավարութեան մակարդակով, փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ շատ կոշտ պատգամներ յղեցին՝ ԵՄ կամ ԵԱՏՄ այլընտրանքի եւ անոր յարակից հարցերու ուղղութեամբ։ Այդ պատգամները, ինչպէս նաեւ, ամենայն հաւանականութեամբ, Փութինի խօսքերը Փաշինեանին, ուղղուած էին հաւասարապէս Հայաստանի քաղաքական հատուածին եւ հանրային կարծիքին։ Ոչ անպայման «ճիշդ ընտրութիւն» կատարելու կոչով, այլ՝ յունիս 8-ին այս պայմաններուն մասին խօսելու յուշումով՝ անկախ թէ ով կ՚ընտրուի։ Անշուշտ, այլ մեկնաբանութիւն ալ կարելի է՝ այն, որ Փութին արդէն իր թեկնածուն բացայայտեց։ Բայց Հայաստանի հանրային կարծիքին մեծամասնութեան մօտ Ռուսիոյ հանդէպ աւելի շատ ժխտական տրամադրուածութեան լոյսին տակ, Փութինի յայտարարութեան նման մեկնաբանութիւնը պիտի ենթադրէ նաեւ ընդդիմութեան… արջի ծառայութիւն։

Քիչեր անդրադարձան, որ թէեւ ԵԱՏՄ կամ ԵՄ այլընտրանքի պահանջն էր սեղանի վրայ, սակայն խորքին մէջ Փաշինեանի թեքումը շատ աւելի մակերեսային է դէպի Արեւմուտք, մինչ գործնականօրէն կը ձգտի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մեկնարկի եւ սերտացման։ Այսինքն՝ եթէ թեկուզ մասնակի խզում ըլլայ Ռուսիոյ կամ ԵԱՏՄ-ի հետ, Փաշինեանի անմիջական այլընտրանքը այդ երկու երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումն է։ ԵԱՏՄ կամ Ատրպէյճան / Թուրքիա այլընտրանքին մասին կը խօսին Ատրպէյճանի տարածքով ցորենի թէ ուժանիւթի ներածման քանի մը իրողութիւններ։ Ոչ Փութինը, ոչ ալ Փաշինեանը այլընտրանքային հարցը այս ձեւով՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու իմաստով, դրին։ Փաշինեանի պարագային յստակ է՝ այդ է իր ուղին, առաւել եւս որ համոզուած է, թէ խաղաղութեան ուղին կը տանի դէպի Պաքու, իսկ դէպի Պրիւքսէլ ճամբան կ՛անցնի Անգարայէն։ Փութինի լռութիւնը հասկնալու կամ մեկնաբանելու համար հարց պէտք է տալ, թէ եթէ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմանի համաձայնագիրը սեղանի վրայ մնացած ըլլար, եւ Մոսկուան վերահսկողութեան տակ ունենար Զանգեզուրի միջանցքը ու խորացնէր իր ռազմավարական համագործակցութիւնը Ատրպէյճանի հետ, արդեօ՞ք ԵՄ կամ ԵԱՏՄ հարցը այլընտրանքային կարգով պիտի դնէր։ Թէ՞, ընդհակառակը, Մոսկուան ի՛նք պիտի քաջալերէր եւ հովանաւորէր Հայաստանի յարաբերութիւններու խորացումը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, թեկուզ այդ մէկը ըլլար այսօր Հայաստանէն պահանջուած զիջումներու գինով…

Փաշինեան-Փութին երկկողմանի հանդիպումը եւ անոր յաջորդած յայտարարութիւնները բնականաբար իրենց անմիջական արձագանգը ունեցան Հայաստանի մէջ։ Փաշինեանի հետեւորդներուն համար վարչապետը համարձակօրէն իր կեցուածքը պահած է Փութինին առջեւ՝ առանց հրաժարելու ԵՄ-ի ապագայ անդամակցութեան մը հեռանկարէն, բայց նաեւ առանց խզելու ԵԱՏՄ-ի հետ կապերը։ Աւելի՛ն, դէմ յանդիման ռուսական սպառնալիքներուն, անոնք պիտի ձգտին «հերոսական» թռիչք մը տալ ընտրութիւններուն՝ ռուսական միջամտութեան դէմ պայքարի կոչ ուղղելով եւ, շատ հաւանաբար, մատնացոյց ընելով «հիբրիդային պատերազմ»ի փաստը։ Ընդդիմադիր ճամբարին համար ռուսական կողմի պատգամները նախնական զգուշացում են, որ շատ լուրջի պէտք է առնել։ Ոմանց պարագային՝ մինչեւ իսկ ի գին անոր կայսերական մեծամտութեան, տիրակալի ոճի նսեմացումով կամ նոյնիսկ անտեսումով։ Այն նոյն ոճը, որ յատկանշած էր Փութինը նաեւ սեպտեմբեր 2013-ին…

Ապրիլ 1-ի այս հանդիպման լոյսին տակ, ընտրարշաւը կրնայ առաջ ընթանալ երկու կարգի սպառնալիքներու ուրուականներուն ներքոյ՝ «խաղաղութիւն թէ պատերազմ» / «բնական կազ թէ Եւրոպա առանց արտօնագրի մուտք»։ Երկու երեսները՝ միեւնոյն մետալին. ընտրութիւններուն արտաքին միջամտութեան գործօնը։ Ներքաղաքական բեւեռացումը, սակայն, հազիւ թէ կարեւորէ արտաքին որեւէ միջամտութեան բացառումը՝ մետալին երկու երեսները համահաւասար կերպով դիտելով։ Այլապէս, մինչեւ հիմա հրապարակ եկած պիտի ըլլար քաղաքական այլընտրանք մը, որ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի պարտութենէն անմիջապէս ետք ներքաղաքական համաձայնութիւնը եւ համահայկական ներուժի կազմակերպումը դրած ըլլար որպէս կենսական նպատակ։