ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
1384
0
Կիրակի, 4 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Plaza Volare սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Պաշտօնական Ճաշկերոյթ, ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։
Ճաշկերոյթին ներկայ էին, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան՝ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեան, Մոնթրէալի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատւոյ Հիւպատոս՝ Լեւոն Աֆէյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Համա-ատենապետ՝ Գրիգոր Մահսէրէճեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ Գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչները։
Ճաշկերոյթի հանդիսավարն էր՝ Տիկին Արազ Եաղճեանը, որ բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Իր նուիրուածութեան եւ ծառայութեան համար։
Ճաշկերոյթի ընթացքին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին, երգչուհի՝ Տիկին Յասմիկ Գասբարեան եւ դաշնակահար՝ Պարոն Խաչատուր Ղազարեան։
Ապա, Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան՝ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեան բարի գալուստ մաղթելով Վեհափառ Հայրապետին, փոխանցեց իր սրտի խօսքը։
Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կամաւոր աշխատեցան Ճաշկերոյթի յաջողութեան համար։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնի Սփիւռքի հզօրացման։ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս նշեց, թէ Վեհափառ Հայրապետը Իր Սրբատառ Կոնդակով անցնող երկու տարիները Սփիւռքի տարի հռչակեց։
«Եթէ Սփիւռքը զօրաւոր է, Հայաստանը զօրաւոր կը մնայ։ Եթէ Սփիւռքը զօրաւոր է, Արցախը զօրաւոր կը մնայ», եզրակացուց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։
Ճաշկերոյթին նաեւ գնահատուեցան անոնք, որոնք երկար տարիներէ կը ծառայեն Մեծն Մոնթրէալի համայնքին համար։
Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ շքանշան ստացան հետեւեալ ազգայինները.-
Տիկ.Շաքէ Կէօնճեան (Կիլիկեան Իշխան), Պրն. Մանուկ Չուխաճեան (Կիլիկեան Իշխան), Պրն. Ժան Մկրտիչեան (Կիլիկեան Ասպետ), Պրն. Վիգէն Սարգիսեան (Կիլիկեան Ասպետ), Պրն. Լեւոն Պէնկեան (Կիլիկեան Ասպետ), Տիկ. Հերմինէ Մանուկեան (Կիլիկեան Ասպետ), Պրն. Յակոբ Լախոյեան (Կիլիկեան Ասպետ), Պրն. Մհեր Գարագաշեան (Մեսրոպ Մաշտոց), Պրն. Թորոս Պապիկեան (Մեսրոպ Մաշտոց) եւ Տիկ. Տիգի Թորիկեան (Մեսրոպ Մաշտոց)։
Նորին Ս. Օծութիւնը Իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլոր շքանշանակիրներուն անոնց կատարած երկար ծառայութեան համար։
Գահակալ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ինչ, որ Անթիլիասի մէջ կը կատարուի, մեր գաղութներուն եւ համայնքներուն ծառայութիւնն է։ Փառք Աստուծոյ, որ գործակից բոլոր միութիւններու եւ հաստատութիւններու նպատակն ալ նոյնն է՝ ծառայել մեր գաղութներուն ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Հովուապետը իր մտահոգութիւնը յայտնեց այն բոլոր մարտահրաւէրներուն մասին, որ մեր գաղութները կը դիմագրաւեն։
«Մեր հաստատութիւնները ինքնաքննութենէ անցնելով պէտք է իրականութեան յարմարին եւ ի հարկին փոփոխութիւն կատարեն», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Իր խօսքը ուղելով երիտասարդութեան, Նորին Ս. Օծութիւնը շեշտեց, «Մեր երիտասարդութիւնը միայն մեր ապագան չեն, այլեւ մեր ներկան են»։
Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը միութեան համար կոչ ուղեց, մանաւանդ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի համար։
Ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ։
Comments are closed.