ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
686
0
Շաբաթ, 10 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Պաշտօնական Ճաշկերոյթ, ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։
Պաշտօնական Ճաշկերոյթին ներկայ էին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Լիբանանի Հանրապետութեան Օնթարիոյի մէջ Պատւոյ Հիւպատոս՝ Պրն. Գրիգոր Փոսթաճեան, Օնթարիոյ նահանգի Խորհրդարանի անդամ՝ Պրն. Արիս Պապիկեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Համա-ատենապետ՝ Գրիգոր Մահսէրէճեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Պրն. Մհեր Գարագաշեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Միաբան Հայրեր, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներ եւ Գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ճաշկերոյթի հանդիսավարն էր՝ Պրն. Գրիոր Պէպէճեան, որ բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Իր նուիրուածութեան եւ ծառայութեան համար։
Ճաշկերոյթի ընթացքին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ ներկաներուն։
Ապա, Օնթարիոյ նահանգի Խորհրդարանի անդամ՝ Պրն. Արիս Պապիկեան ընթերցեց Օնթարիոյի Վարչապետին բարի գալուստի խօսքը ուղուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։
Ապա, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կամաւոր աշխատեցան Ճաշկերոյթի յաջողութեան համար։
Ճաշկերոյթին նաեւ գնահատուեցան անոնք, որոնք երկար տարիներ ծառայած են Թորոնթոյի համայնքին համար։ Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ Կիլիկեան Ասպետի շքանշանին արժանացան՝ Պրն. Վազգէն Թերզեան, Պրն. Արմէն Կէտիկեան, Տիկին Օսիկ Մխսիարթինեան, Տիկին Ժիւլիէթ Ճանպազեան եւ Օրիորդ Ժիւլիէթ Սարգիսեան։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց շքանին արժանացան՝ Տիկին Սիլվա Փայիլեան, Տիկին Յասմիկ Պապեան եւ Տիկին Ալիս Շիթիլեան։
Նորին Սուրբ Օծութիւնը Իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Գանատայի մէջ ծառայող բոլոր հոգեւորականներուն, Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան, Երեսփոխանական Ժողովին, գործակից միութեանց ներկայացուցիչներուն եւ շքանշանակիրներուն՝ անոնց կատարած երկար տարիներու ծառայութեան համար։
Գահակալ Հայրապետը իր խօսքին մէջ շեշտեց պատկանելիութեան կարեւորութիւնը ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է ունենայ պատկանելիութեան խոր ու ամուր գիտակցութիւն։
«Ես կ՚ուզեմ երեք բառերու մէջ խտացնել մեր հայութիւնը՝ ճանչնալ, փոխանցել եւ մասնակցիլ։ Ինքնաճանաչողութիւնը կարեւոր է մեզի համար։ Պատմութեան պէտք է նայինք, ճանչնանք մեր անցեալը եւ փոխանցենք նոր սերունդին։ Իսկ այս բոլորին կողքին պէտք է հայութիւնը ապրինք, մեր մասնակցութիւնը բերելով հայ կեանքէն ներս», ըսաւ Նորին Ս. Օծութիւնը։
Ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ «Հայրապետական» եւ «Կիլիկիա» մաղթերգներու երգեցողութեամբ։
Comments are closed.