Փետրուար 09, 2026
Պայրամովն ու Ֆիտանը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ Հայաստան–Ատրպէյճան յարաբերութիւններու առնչուող հարցերը
- (0)

Երէկ՝ 9 փետրուարին, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամովն ու Հաքան Ֆիտանը հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած են, որուն ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են տարածաշրջանային անվտանգութեան ներկայ իրավիճակին առնչուող հարցերուն։
Կողմերը կարծիքներ փոխանակած են Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակին, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքին, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ։
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկու երկիրներու միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու ծիրին մէջ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ բազմակողմ հարթակներու մէջ համատեղ քայլերու համադրութեան։