Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Փիեռ Փուալիեւր կը շնորհաւորէ Հայ համայնքը՝ Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով

Գանատայի Պահպանողական կուսակցութեան առաջնորդ եւ խորհրդարանի պաշտօնական ընդդիմութեան ղեկավար՝ Փիեռ Փուալիեւր, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը շնորհաւորեց հայ համայնքը՝ Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով։

Իր խօսքին մէջ ան արժեւորեց հայ ժողովուրդի դարաւոր աւանդութիւններն ու պատմամշակութային հարուստ ժառանգութիւնը՝ ընդգծելով, որ հայերը առաջին քրիստոնէական թագաւորութեան ժառանգորդներն են։ Փուալիեւր անդրադարձաւ նաեւ այն ամուր հաւատքին, որ դարեր շարունակ գօտեպնդած է հայ ժողովուրդը՝ նոյնիսկ պատմութեան ամենածանր փորձութիւններուն ընթացքին։

«Դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդը իր հաւատքէն եւ աւանդութիւններէն ուժ քաղած է՝ դիմագրաւելու թէ բարեբեր, թէ դժուար ժամանակաշրջանները»,– նշեց ան։ Ան յիշեց նաեւ այն բարդ ու մտահոգիչ իրավիճակները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին բազմաթիւ հայ ընտանիքներ, յատկապէս անոնք, որոնք հարկադրուած եղած են հեռանալ իրենց պատմական հայրենիքէն՝ Լեռնային Ղարաբաղէն, կամ բնակութիւն հաստատած են պատերազմով եւ անկայունութեամբ յատկանշուող շրջաններու մէջ։

«Այս լուսաւոր տօնը թող մխիթարութիւն, յոյս եւ խաղաղութիւն բերէ բոլոր անոնց, որոնք այսօր կը նշեն Սուրբ Ծնունդը»,– աւելցուց Փուալիեւր՝ իր ջերմ բարեմաղթանքները ուղղելով Գանատահայ համայնքին։ Ան միաժամանակ ընդգծեց հայազգի Գանատացիներու նշանակալի ներդրումը Գանատայի հասարակական ու ազգային կեանքին մէջ՝ մաղթելով համայնքին ուրախ եւ օրհնաբեր Սուրբ Ծնունդ։