Պահպանողական Կուսակցութեան Ղեկավար՝ Անտրու Շիր Այցելեց Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն
Հանդիպում Ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ
Շաբաթ, 4 Նոյեմբեր 2017-ին, Գանատայի պաշտօնական ընդիմութեան եւ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար՝ Անտրու Շիր այցելեց Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Շրջանային յանձնախումբն ու տեղական մարմինները ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնած յառաջիկայ կարգ մը ծրագիրները, միջ-մշակութային յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի տրամադրած հսկայական օժանդակութիւնը Սուրիահայութեան: Հայ Դատի պատուիրակները Շիրի հետ քննարկեցին նաեւ Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու ոլորտը, Արցախեան հիմնահարցը եւ Հայ Դատի ու Գանատահայութեան առնչուող շարք մը այլ առաջնահերթութիւններ:
Քննարկումներէ անկախ, կողմերը հաստատեցին վերոնշեալ բոլոր հարցերու նկատմամբ շինիչ քայլերու դիմելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ այս հարցերու նկատմամբ հետեւողական եւ մշտական երկխօսութեան շարունակութեան կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Շիր դրուատելով Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքները, վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Գանատահայութեան եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն: Հարկ է նշել թէ այցելութեան ընթացքին, ան նաեւ իր մասնկցութիւնը բերաւ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի «Ռուփինա» մասնաճիւղի տարեկան տօնավաճառին: