Պահանջատիրութիւնը անճիտելու իշխանութիւններու խարդաւանքները

«Այսօր մենք ունենք մեր պետութիւնը եւ բոլոր ջանքերը պէտք է գործադրենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման ուղղութեամբ: Անկախ նրանից Սփիւռք է թէ Հայաստան, Ջաւախք թէ Արցախ`մենք ունենք միասնական հայ ժողովուրդ եւ հայրենիք, որի հսկայական մասը օկուպացիայի տակ է»

Վահան Յովհաննիսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան իրաւական հիմքը՝ սահմանադրութիւնն է, որուն նախաբանին առաջին տողերը յստակօրէն կը նշեն, թէ հայ ժողովուրդը, հիմք ունենալով Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրին մէջ հաստատագրուած հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքները եւ համազգային նպատակները՝ կ՚ընդունի Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը: Ուրեմն անկախութեան հռչակագիրը հիմնախարիսխն է ՀՀ պետական սահմանադրութեան, եւ նոյն այդ հռչակագիրին 11-րդ յօդուածով ամրագրուած է հետեւեալ հիմնարար սկզբունքն ու ազգային նպատակը. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»:

Հռչակագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր վաւերագիրն է, եւ 11-րդ յօդուածին մէջ տեղ գտած «Արեւմտեան Հայաստան» եզրոյթը ինքնին հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան արծարծումն է հռչակագրին ենթախորքին մէջ։ Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւումը թրքական պետութեան կողմէ արդիւնքն է հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան։ Այս նժարին վրայ, ցեղասպանութեան հատուցման գլխաւոր բաղադրիչները կը հանդիսանան ցեղասպանութեան պատասխանատուութեան ստանձնումը եղեռնագործին կողմէ, բռնագրաւուած հողատարածքի վերադարձն ու ճանաչումը։

ՀՀ գործող վարչապետ Փաշինեանի Յունուարին կատարած յայտարարութիւնը նոր սահմանադրութիւն ընդունելու մասին կը միտի հրաժարիլ անկախութեան հռչակագիրէն։ Իշխանութիւններուն արատաւոր այս վարքագիծը արդիւնքն է յետարցախեան պատերազմի թուրք-ատրպէյճանական քաղաքական ճնշումներուն։ Մէ՛կ խօսքով՝ Արցախէն հրաժարալէ ետք հրաժարիլ նաեւ պահանջատիրութենէն։

Ի վերջոյ, յստակ է, որ Արեւմտեան Հայաստանէն, Նախիջեւանէն եւ այսօր Արցախէն ետք, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ միատարր թրքացեղ աշխարհատարածք մը նուիրագործելու ճանապարհին կը մնայ 29.800 քառ. քլմ. Հայաստանը։ Կանգնած ենք ազգի գոյապահպանման, հայրենի հողի եւ պետական անկախութեան լիակատար կորուստի սպառնալիքին դէն յանդիման։ 1915-ի ցեղասպանութեան շարունակութիւնն էին Արցախի սովասպանութիւնը, բռնի տեղահանութիւնն ու լիակատար հայաթափումը, իսկ Հայաստանի ոչնչացման ու ի սպառ անէացման ծրագիրը ինչպէս երէկ, այսօր նոյնպէս Թուրքիոյ պետութեան ռազմավարութեան առանցքային ծրագիրն է։

Սփիւռքը հետեւանքն է 20-րդ դարուն մարդկութեան հանդէպ առաջին եղեռնագործութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան։ Պահանջատիրութիւնը աշխարհատարած հայութեան գոյութենական իմաստաւորման եւ ինքնաճանաչութեան հիմնակէտն է։ Հրաժարի՛լ սեփական արդար իրաւունքներէն ու պահանջատիրութենէն կը նշանակէ համազգային ինքնասպանութիւն։ Պահանջատիրութեան հետապնդումը մեր ազգային ինքնապաշտպանական ռազմավարութիւնն է, որպէս ազգ մեր գոյապայքարի ասպարն ու վահանը, մեր ազգապահպանման այն դաւանանքը՝ որ խարսխուած է Միացեալ Հայաստանի արարման տեսլականով։

Գործող վարչապետին եւ իր համախոհ խմբաւորման կողմէ սահմանադրութեան հանրաքուէ կայացնելու ծրագիրը կործանարար գործընթաց է, որուն զոհը պիտի դառնայ ժողովուրդը։ Գործող իշխանութիւններու վեցամեայ գործունէութեան կենսափորձը ցոյց տուաւ, որ իրենց որդեգրած աշխարհայեացքները ոչ միայն երաշխիք չհանդիսացան պետութեան ամրապնդման, այլեւ՝ պատճառ դարձան մեր պատմութեան մէջ արձանագրուած ծանրագոյն կորուստներէն հանդիսացող Արցախի հայաթափման։ Հայութեան քաղաքական վերջին վրիպումն է սահմանադրութեան հանրաքուէի խարդաւանանքը, որ ազգային մեր հազարամեայ լինելութեան տապանաքարը կրնայ հանդիսանալ։ Այս ճգնաժամային հանգրուանին գլխաւոր հրամայականն է ընդդիմադիր ուժերու համախմբումը՝ ի խնդիր այս ազգադաւ իշխանութիւններու վերջնական հեռացման եւ ի խնդիր հայրենիքի փրկութեան։

«Հորիզոն»ի խմբագրական

 

Comments are closed.