Չմարող Անցեալը. ՀՅԴ Արևմտեան Բիւրոյի ՈՉ-ՀՐԱՏԱՐԱԿԵԼԻ տեղեկագիրը ՀՅԴ Ամերիկայի շրջանի 20-րդ Պատգամաւորական ժողովին․ 1913 թուական

ԱՐՄԻՆԷ ՄՈՒՔՈՅԵԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Շարունակելով թերթել ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի արխիւային էջերը․

1913 թուական,  Դեկտեմբերի 24-28, Ուստըր, ԱՄՆ

Կայանում է Ամերիկայի շրջանի 20-րդ Պատգամաւորական ժողովը 60 կոմիտէների 52 լիազօր պատգամաւորների մասնակցութեամբ։ Ժողովին լիազոր ձայնով Գանատայից մասնակցել է 2 պատգամաւոր (Համիլթըն, Տանտես)։

Լիազօր ձայնով ժողովին մասնակից են եղել նաև Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, գործիչ Ս․ Սնարեանը և այնժամ «Հայրենիք»ի խմբագիր Սիմոն Վրացեանը։

Ըստ Ժողովին ներկայացրած Կեդրոնական Կոմիտէի 1913 տարեշրջանի տեղեկագրի Կոմիտէների թիւը (ներառեալ Գանատա) եղել է 67, 1650 գործօն անդամներով, Կարմիր Խաչի (մերօրեա ՀՕՄ-ի) խմբեր են ունեցել Նիւ Եորքի, Թրոյի, Ուոթըրվիլթի, Պրիճփորթի, Նիւ Պրիթընիի, Հարթֆըրտի, Ուայթինսվիլի, Շիքակոյի եւ Փրովիտենսի մեջ։ Այստեղ նշենք, որ յաջորդ՝ 1914 թուականին Ամերիկայի և Գանատայի մէջ արդէն գործել են 77 կոմիտէներ՝ 1726 ընկերներով, իսկ 15 քաղաքների մեջ՝ 15 Կարմիր Խաչի խմբեր։

20-րդ Պատգամաւորական ժողովին ՀՅԴ Արևմտեան Բիւրոն յղում է մանրամասն տեղեկագիր բացառապէս ժողովին մասնակցող պատգամաւորների համար միայն և ՈՉ-ՀՐԱՏԱՐԱԿԵԼԻ՝ ներկայացնելով Երկրի կացութիւնը, ինքնապաշտպանութիւնը, Հայկական հարցի վիճակը, Թուրք կառավարութեան ընթացքը, Կովկասի և Պարսկաստանի ներկայ վիճակը և այլ։

ՀՅԴ Արևմտեան Բիւրոյի խիստ գաղտնի տեղեկագիրը ներկայացնում ենք նոյնութեամբ․

Հ․Յ․Դ 20-րդ Պատգամաւորական Ժողով

Ամերիկայի Շրջանի

(Չտպագրել եւ չտարածել․ միայն ժողովի համար)

Ընկերներ,

Համաձայն Կենդր․ Կօմիտէի ցանկութեան, կը փութանք ձեզի հաղորդել ամփոփ Տեղեկագիր մը կուսակցութեան գործունէութեան եւ արդի կացութեան մասին։ Ընդհանուր Ժողովի որոշումները արդէն իսկ փօստին են յանձնուած, Կ․ Կօմիտէի հասցէով։ Անմոռանալի Սիմօնի (Սիմոն Զաւարեանի) մահէն ի վեր, Բիւրօն դեռ նոր վերակազմուած ըլլալով, չկրցանք աւելի կանուխ գոհացնել ձեզ, թէեւ մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդած ենք արդէն Կ․ Կօմիտէին։

Ա– Երկրի կացութիւնը եւ ինքնապաշտպանութիւնը

Ձեզի ծանօթ է արդէն, որ Օսմ․ Սահմանադրութեան առաջին օրերու տպաւորութեան տակ, զգալապէս թուլացաւ ինքնապաշտպանութեան բնազդը։ Մարդիկ համարեայ թէ չէին մտածեր վաղուան համար։ Անակնկալներու եւ յուսախաբութեան վախը շատ ալ զօրաւոր չէր։ Այնպէս որ, Դաշնակցութիւնը ստիպուած էր յաճախ ուժասպառ ըլլալ տարրական անհրաժեշտութիւնները բացատրելու համար, հասարակութիւնը զգուշացնելով մանկունակ լաւատեսութեան կամ յափշտակութեան դէմ, պարզելով իրականութեան պահանջները։

Այս ուղղութեամբ ջանքեր թափուեցան առաջին օրէն իսկ, բայց մանաւանդ վերջին երկու երեք տարուան միջոցին։ Ի հարկէ աւելի մեծ հոգածութեան առարկայ եղած են ԿԱՐԳ ՄԸ ԿԵԴՐՈԱԿԱՆ ՎԱՅՐԵՐ, որոնք իրենց դիրքով եւ գործունէութեամբ կոչուած են հզօր դեր կատարել մեր իրականութեան մէջ։ Կուսակցութիւնը կարելին ըրած է օգտուելու համար իր տրամադրութեան տակ գտնուած բոլոր միջոցներէն։ Թէեւ կը խոստովանինք, որ դեռ անհամար պակասներ կան, որոնք յետաձգուած են նիւթական անձկութեան հետեւանքով։

Այս առթիւ, ինչպէս քանիցս յիշեցուցած ենք Կեդր․ Կօմիտէին ալ – թերեւս տաղտկալի դառնալու աստիճան – մասնաւորապէս մեր հեռաւոր ընկերներն ու մարմինները պիտի չմոռնան մէկ կարեւոր պարագայ, – կուսակցութիւնը այնքան աւելի գործունէութիւն կրնայ ցուցնել, այնքան աւելի կը մօտենայ իր նպատակին իրագործումին, որքան լայն միջոցներ գտնուին իր տրամադրութեան տակ եւ ժամավաճառ չըլլայ մանր հոգերով։ Նկատեցէք որ սնտուկին մէջ մասնաւոր նպատակներով պահուած բոլոր տրամադրելի գումարները բացառապէս յատկացուցած ենք ինքնապաշտպանութեան պէտքերուն, օգտուելով ամէն պատեհ առիթէ, որպեսզի անակնկալներու առջեւ չգտնուինք։ Հետեւապէս, աւելորդ է շեշտել որ ներկայ արկածալից եւ պատմական օրերուն մէջ, մանաւանդ ընկեր եւ հաւաքականութիւն պիտի կրկնապատկեն իրենց ճիգերը, կուսակցութեան բարոյական եւ նիւթական ոյժը աւելացնելու համար։ Ոչ միայն անհրաժեշտ է բազմապատկել շարքերը, գիտակցութեան եւ շարժման բերել հասարակութեան անտարբեր եւ անօգուտ տարրերը, այլեւ կուսակցութեան ծոցին մէջ իսկ ստեղծել ՌԱԶՄԻԿ սերունդ մը՝ միշտ կենսունակ եւ պատրաստակամ։Ահա թէ ինչու օգտուելով Ամերիկայի ներկայացուցած անսահման պատեհութիւններէն եւ դիւրութիւններէն, դուք մասնաւորապէս ոյժ պիտի տաք ԶԻՆԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆ, որոնք իրապէս օրհնութիւններ են մեր դժբախտ Հայրենիքին համար։ Երեւակայեցէք որ բիւրաւոր երիտասարդներ առանց զէնքի կը մնան, իսկ բիւրաւորներ ալ ատրճանակի մը բլթակն անգամ բռնել չեն գիտեր․․․Լման երկու սերունդ կրակի եւ արիւնի դժոխքի մէջ անցուց իր գարուն օրերը, եւ երեւի դեռ երրորդ սերունդ մըն ալ պարտաւոր ենք պատրաստել, որդիներուն եւ թոռներուն ապագան ապահովելու համար․․․

Հակառակ երեւութական բարեփոխումներուն, տարաբախտաբար երկրի վիճակը միշտ ալ կը մնայ տխուր ու վրդովիչ, նոյնիսկ յղի հազար հաւանականութիւններով։ Կառավարութիւնը արտաքին հեռանկարի մը վտանգին առջեւ զանազան շարժուձեւեր կը փորձէ, բայց ո՛չ մէկ իրական փոփոխութիւն՝ ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ, ո՛չ մէկ հետեւողական, անկեղծ, երկրաշէն ծրագիր։ Այսօր ալ, ինչպէս երէկ, հասարակ ոճրագործներ, աւազակներ աւելի «ի պատուի» են քան բովանդակ ժողովուրդը։ Մանաւանդ ոչ մէկ կերպով բարեփոխուած չէ խտրական քաղաքականութիւնը, որուն դէմ առաջին բողոքողը Հայերը եղան, որուն մեծագոյն զոհերը Հայերն են մինչեւ այսօր։

Եւ մխիթարական փաստ, այն շրջաններուն մէջ ուր թուրք կառավարութիւնը կամ ամբոխը «բաներ մը գիտեն» Հայերու ինքնապաշտպանութեան, խառնուածքի, դիմադրական կորովի մասին, – այնտեղ մեր հայրենակիցներուն կացութիւնը աւելի նպաստաւոր է, այնտեղէն գանգատողները աւելի սակաւաթիւ են։

 

Բ․- Հայկական Հարցի ներկայ վիճակը

Բնականաբար, աւելի երկար չէր կրնար տեւել խաբէութեան եւ կարճատեսութեան այն ողբերգութիւնը, որ կը շարունակուի հինգ տարիէ ի վեր, Երիտասարդ Թուրք վարչութեան կողմէ։ Եւ ահա շնորհիւ մղուած պայքարներուն, հայանպաստ պրօպագանդին, միջազգային մրցակցութեանց, բայց մանաւանդ կուսակցական եւ ազգային համերաշխ ճիգերու, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՄԱՆ ՀԱՐՑԸ այսօր կը գտնուի դիւանագիտական սեղանի վրայ։

Ըսենք անմիջապէս, որ մենք շատ ալ հաւատացողներ չենք այսպիսի երեւոյթներու յաջողութեան։ Եւ արդէն լաւատեսութեան քիչ պատճառներ կան ներկայիս, եթէ մանաւանդ ներքին ճնշող ոյժ մը հրապարակ չգայ վերջին պահուն։ Ռուսիա երեք-չորրորդով զիջեցաւ իր սկզբնական ծրագրին վրայ, համակերպելով Գերմանիոյ պահանջներուն, Թրքահայաստանը երկու մասի բաժնելու աստիճան, նոյնիսկ հաւատալով որ ընդհ․ քննիչները Օսմ․ կառավարութեան կողմէ նշանակուին։ Հիմա Գերմանիա եւ Ռուսիա իբրեւ Եւրոպայի ներկայացուցիչ, կը պնդեն մէկ կէտի վրայ, – որ քննիչներու խորհրդականները նշանակուին Եւրոպայի կողմէ, ամենայն իրաւասութիւններով, իսկ Դուռը կը մերժէ վճռապէս։ Ի հարկին իրական ճնշում պիտի փորձե՞ն, գէթ այս երաշխաւորութիւնը ստանալու համար՝ չգիտենք։ Նշանները ե՛ւ յուսալից են ե՛ւ խաբուսիկ։

Նուպար փաշայի պատգամաւորութիւնը տակաւին ամէն յոյս կորսուած չէ․ Եւրոպայի մեր բարեկամներն ալ հաւաստիքներ կու տան։ Միւս կողմէ, ռուսեւգերման մրցակցութիւնը նոր եւ սուր փուլի մէջ մտաւ այս օրերս․ այնպէս որ կանխահաս է որոշ բան ըսել։

Հայկական պահանջներու պաշտպանութեան այս նոր ճանապարհին վրայ, պատրիարքարանն ալ բռնուած է բաւական խելացի ուղղութիւն, թէեւ ակամայ համակերպեցաւ Հայաստանի երկուքի բաժանման եւ թերեւս զիջող ըլլայ նաև ուրիշ կէտերու մէջ, անսալով դեսպանական խորհուրդներու։

Կուսակցութիւնը կարելին կը փորձէ մէկ կողմէ հնարաւոր առաւելութիւններ ստանալու, միւս կողմէ ազգային պառակտումի առիթ չտալու համար։ Մանաւանդ այս վերջին կէտը – ներքին կուռ համերաշխութեան անհրաժեշտութիւնը մեր առաջին հոգերէն մէկն է, եւ ապահովաբար պիտի ըլլայ նաեւ մեր ամէնէն ազդեցիկ զէնքերէն մեկը։ Կառավարութիւնը, արդէն գիտակից այս պարագային, դիւային միջոցներ կը փորձէ իր առջեւ երկու հայ ազգ ստեղծելու համար, շահագործելով ամէն պատեհութիւն։

 

Գ․- Կառավարութեան ընթացքը․-

Ինչպէս ըսինք, կառավարութիւնը իր բոլոր ուժով կը մերժէ օտար միջամտութեան սկզբունքը, կօնտրոլ, եւ այլն։ Մինչեւ վերջերս, իր մտադրութիւնները բաւական լաւ էին հայերուն հանդէպ․ նոյնիսկ դիմումներ եղան մեզ, դարձեալ համաձայնութեամբ գործելու համար Իթթիհատին հետ։ Մենք ի հարկէ պէտք չունէինք անգամ մնալ փորձելու մեր բարեկամները, եւ մնացինք ու կը մնանք միշտ ձեռնպահ եւ արթուն, չհաւատացող ո՛չ մէկ խոստումի կամ բարենորգոչական ծրագրի։

Էտիրնէի գրաւումէն ասդին, Իթթիհատը եւ իր ներկայացուցած կառավարութիւնը տեսակ մը ամբարտաւան եւ անբարեացակամ ընթացք բռնեցին։ Իսկ վերջին շաբաթներու միջոցին, մանաւանդ ընտրական խնդրի մասին դրուած ծրագրերէն յետոյ, ուղղակի թշնամական շունչ մը փչել սկսաւ պետական շրջանակներէ եւ ԻԹԹԻՀԱՏԱԿԱՆ մամուլէն։ Չենք յիշեր այլեւս ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻՆ եւ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ուղղուած կրկնակ սպառնագրերը, հակաքրիստոնէական զանազան արտայայտութիւններ, իսլամ խուժանը հրահրելու, հայերը Թուրքիոյ դաւաճան ներկայացնելու ճիգերը, որոնք թէեւ կարճ տեւեցին, բայց կը մատնեն չափազանց ախտաւոր եւ վտանգալից հոգեբանութիւն մը։

Իթթիհատը իր բոլոր թեւերով կը փորձէ ահաբեկել մեզ, հայ ժողովուրդը, որպեսզի հարկադրուինք յայտարարել, որ կօնտրոլի պէտք չունինք, «մենք մեզի» կրնանք համաձայնիլ․․․Կուսակցութիւնը – շեշտենք աւելորդ անգամ մըն ալ – չափազանց վերապահութեամբ ընդունած է այս ուղղութեամբ ամէն փորձ։ Եւ վերջին անգամ, եղած հրաւէրի մը վրայ, մեր ընկեր պատուիրակները բացարձակապէս ըսին ամէն բան Իթթիհատին եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն․ այնպէս որ, հիմա ճարահատ Պատրիարքարանը սիրաշահիլ կը փորձեն եւ իրենց օրգաններն ալ ողոքիչ լեզու մը կը գործածեն քանի մը օրէ ի վեր։

Բարենորոգումներու համար կառավարութեան հռչակած բոլոր առաջադրութիւնները մենք կը նկատենք արեւելեան խաղեր, սա վտանգաւոր ժամանակները անցընելու, օտար միջամտութեան մղձաւանջէն ազատելու եւ ինքն իր գլխուն մանալու։ Հետեւաբար, Կուսակցութիւնն ստիպուած է լարել իր բոլոր ոյժերը, հսկել իբրեւ արթուն պահակ, ի հարկին, հրապարակ գալու համար։

Դ․- ProArmenia.-

Մեր դատի պաշտպանութեան համար օրգանը, Pour les Peuples d’Orient, իր երկրորդ շրջանը կը սկսի Pro-Armenia։ Հակառակ նոյինսկ ընկերներու յոռետեսութեան, այս թերթը սահմանուած է շատ կարեւոր պէտքի մը, եւ մեր եւրոպացի բարեկամները իրենք, Փրէսանսէն ու Պէրառը, թախանձագին կը խնդրեն որ չընդհատենք զայն, իբրեւ ազդարարութին մը դիւանագիտական աշխարհին եւ երիտասարդ թէ ծեր թուրքերուն, եւ մեր արժանապատւութիւնն իսկ կը պահանջէ կէս ճամբան չմնալ, մանաւանդ ներկայ օրերուն, պարզապէս դրամական նկատումներով։

Հազար շնորհակալութիւն, որ Ամերիկան փութաց գումար մը ղրկել այդ օրգանի ծաղքերուն համար։ Անկասկած այսուհետեւ ալ միշտ աչքի առջեւ կ’ունենաք այդ փոքրիկ պրոպագանդիստը, որուն արժէքը դեռ անծանօթ կը մնայ շատերուն համար։ Մենք պիտի խնդրէինք մանաւանդ ոյժ տալ բաժանորդագրութեան, փոխանակ նպաստի, եւ այդ կը բաւէ խմբագրութեան ճիգերը պակսեցնելու։ Դիւանագիտական շրջանակներու հետ մեր յարաբերութեանց արդիւնաւորութեան տեսակէտով ալ, անուրանալի օժանդակ մըն է Pro-Armeniaն։

Ե․- Կովկասի մէջ․-

Վերջին Ընդհ․ Ժողովին մէջ ներկայացուցիչներ ունէր Կովկասը, որ աստիճանաբար կը գտնէ ինքնզինքը, կ’ամփոփէ իր ոյժերը եւ շուտով պիտի հասնի – տարակոյս չունինք – ցանկալի բարձրութեան, վերջին հարուածի հետեւանքները դեռ նոր պիտի դարմանուին․ բայց կարեւորն այն է, որ տրամադրութիւնը չէ փչացած բոլորովին․ հետզհետէ կ’երեւի հին ոգեւորութեան կայծեր։ Տեղական պայմանները տակաւին շատ թոյլատու չեն։ Ցարի կառավարութիւնը, որքան ալ բարեացակամ այս միջոցին, – իր սեփական շահերու բերումով- միշտ կասկածոտ է դարձեալ․ այնպէս որ, մեր ընկերները ստիպուած են ստորերկրեայ աշխատանքով գոհանալ առ այժմ։ Կը յուսանք, մինչեւ ձեր յաջորդ շրջանային ժողովը, աւելի գոհացուցիչ լուրեր տալ այս մասին։

Զ․- Պարսկաստան․-

Նկատողութեան առնելով Իրանի ներքին խառնակութիւններն ու արտաքին դաւերը, որոնց հանդէպ ներքին իրական ոյժ մը չկայ, Սահմանադրութեան կուսակից, Կուսակցութիւնը առայժմ որոշած է ձեռնպահ մնալ եւ գոհանալ ամփոփ գործունէութեամբ։ Ի հարկէ Դաշնակցութիւնը չպիտի կրնայ անտարբեր մնալ, ժողովրդական ուժեղ յեղափոխութեան մը պարագային։

Է․ Համերաշխութեան խնդիրը․-

Ինչպէս դիտել տուինք, Կուսակցութեան գլխաւոր հոգերէն մէկն է, մանաւանդ, ներկայիս կարելին ընել անխախտ եւ արդիւնաւոր դարձնելու համար ազգային համերաշխութիւնը։ Այս ուղղութեամբ Բիւրոյի առաջին աշխատանքն եղաւ պարլամենտական ընտրութեան առթիւ կազմել տալ խառն յանձնաժողով մը, Ազգ․ Վարչութեան կողքին, մասնակցութեամբ բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ յարանուանութիւններուն։ Բայց առաջադրելով աւելի տեւական հանգամանք մը տալ համերաշխական դատին, Բիւրօն նախաձեռնարկ եղաւ նաեւ, կազմելու միջ-կուսակցական խառն Մարմին մը, որ արդէն իսկ հրատարակած է իր յայտարարագիրը եւ կը խոստանայ գնահատելի գործունէութիւն, համաձայն մասնաւոր կանոնագրի մը։ Չորս քաղաքական կուսակցութիւնները, կարգ մը խորհրդակցական ժողովներէ յետոյ, որոշեցին Միասնաբար եւ ձեռք-ձեռքի գործել հայկական բարենորոգումներու իրականացման համար,-համաձայնութեամբ շարժիլ Ազգային Ներկայացուցչական Մարմիններուն մէջ,- Համերաշխօրէն ընթանալ Օսմ․ երեսփոխանական ընտրութեանց եւ պարլամենտական խնդիրներուն մէջ։

Ի հարկէ ձեր շրջանն ալ լրջօրէն ուշադրութեան կ’առնէ այս կէտերը, զգուշանալով կրայոյզ վէճերէ, ամէն բան ստորադասելով ազգային գերագոյն շահերու եւ կուսակցական բարոյականի պահանջներուն։ Կը բաւէ որքան որ ուժասպառ եղանք ներքին պառակտումներով եւ անիմաստ իրերամարտութեամբ։ Հասկնալի որ, այս ուղղութեան մէջ, կուսակցութիւնը ոչինչ կը կորսնցնէ իր սկզբունքներէն, ոչինչ կը զոհէ իր համոզումներէն, կամ ծրագրէն։

Այս առթիւ, ձեր ուշադրութեան կը եանձնենք նաեւ պարագայ մը,- կուսակցական մամուլը կամ գործիչները, գոնէ ժամանակաւորապէս, պարտին զգուշանալ հակառուսական արտայայտութիւններէ, որոնք կրնան այսպէս կամ այնպէս վնասել մեր դատին: Ճիշդ է որ մեր պայքարը ՌՈՒՍ ՊԵՏԱԿԱՆ ՐԷԺԻՄԻՆ դէմ է ուղղուած, բայց գէթ ներկայ պահուն այդ ձեւի արյայատութիւնները անուղղակի չարիքներ կը պատճառեն:

Ահա ընկերներ, համառօտ պատկեր մը՝ կուսակցական գործունէութեան: Չենք ուզեր յիշել բուն Հայաստանի մէջ կատարուած կարգ մը գործեր, որոնք տարբեր ուղղութեան մը դատերն են: Կ’աճապարենք այս հակիրճ ուղեգիծը եզրակացնել, անգամ մըն ալ ձեր նկատողութեան յանձնելով բոլոր անհրաժեշտութիւնները:

Դուք, հեռաւոր եւ սրտացաւ ընկերներ, երբ համախմբուած ազատ երկրի մը կամարին տակ, այսօր գլուխ գլխի կու տաք մեր կուսակցութեան չարն ու բարին դատելու համար, ապահովաբար ձեզի առաջնորդ պիտի ունենանք, ամէն բանէ վեր, այն բոլոր աւանդութիւնները որոնք ապրեցուցին Դաշնակցութիւնը եւ պիտի ապրեցնեն այսուհետեւ: Դուք չպիտի մոռնաք մեր սրբութիւն սրբոցը,- ժողովուրդն ու ժողովուրդին բարիքը: Ազատութիւնը իր ամէնայն առումով, կ’իրականանայ այն ատեն երբ բոլորս միասին, հաւաքուած խանդավառութեան եւ անձնուիրութեան նոյն սեղանին շուրջ, երիտասարդ աւիւնով եւ առնական կամեցողութեամբ կը լարենք մեր ոյժեր, եւ հաստատ անսայթաք կը քալենք դէպի Մեծ Նպատակը: Դաշնակցութիւնը- մօտէն գիտէք բոլորդ ալ- միշտ բարձր ու ժայռի պէս ամուր է մնացած շնորհիւ իր շարքերու խտութեան, կենսունակութեան, բայց մանաւանդ շնորհիւ անոնց խանդին ու հաւատքի: Պատգ. Ժողովի այս վսեմ վայրկեանին, ձեր տալիք իւրաքանչիւր որոշումը կոչուած է պատմական նշանակութիւն ունենալու ներկայ պատմական օրերուն:

Ցանկալով ձեզ ամէն յաջողութիւն, վստահ ենք թէ ձեր լաւագոյն թելադրութիւններով պիտի օգնէք միշտ բարձր պահելու կուսակցութեան հմայքը:

Ընկերական բարեւներով

Արեւմտեան Բիւրօ

Ուղեցոյց ունենալով 7-րդ ընդհանուր ժողովի որոշումները և Բիւրոյի սույն տեղեկագրով պարզուած մտքերը, քննարկելով ինքնապաշտպանութեան հարցեր, Դաշնակցութեան դիրքը թուրք կառավարութեան, Պառլամենտի, Պատրիարքարանի, Ռուսիոյ ու Պարսկաստանի հանդէպ, անշուշտ նաև տեղական հարցեր՝ Ժողովը ընդունում է իր որոշումներն ու բանաձևերը։

«Չմարող անցեալը» սիւնակում հրատարակուող յաջորդ արխիւային նիւթը՝ Ամերիկայի ԿԿ-ին ուղղուած «Խիստ գաղտնի» մակագրութեամբ ՀՅԴ Արևմտեան իւրոյի տեղեկագիրը՝ թուրք կառավարութեան հետ սկսած բանակցութիւնների մասին։

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.