Չաւուշօղլու Եւ Միրզոյեան Համաձայնած Են Արագացնելու Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ իրենց հանդիպումէն ետք ունեցան մամլոյ ասուլիս մը:
«Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հաղորդումով Չաւուշօղլու յայտնած է. «Հայաստանը այս դժուար օրերուն մեզի իր մարդասիրական ձեռքը երկարած է եւ ցոյց տուած համերաշխութիւն եւ համագործակցութիւն:
«Այսօր հանդիպած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ: Երկրաշարժէն ետք ան մեզի այցելած է` ի նշան Թուրքիոյ հետ համերաշխութեան:
«Երկրաշարժէն անմիջապէս ետք վարչապետ Փաշինեան ցաւակցական ուղերձ յղեց մեր նախագահին եւ յայտնեց, որ պատրաստ է աջակցութիւն տրամադրելու: Վարչապետ Փաշինեանը նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Ատկէ ետք Հայաստանը մեր երկիր ուղարկեց փրկարարական խումբ, որ 8 փետրուարէն մինչեւ օրս Ատըեամանի մէջ կ՛աշխատի մեզի հետ: Անոնք փոքր աղջիկ մը եւ երիտասարդ կին մը կրցան ողջ դուրս բերել փլատակներէն», նշեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը` շնորհակալութիւն յայտնելով հայկական կողմին այս դժուար օրերուն զիրենք առանձին չձգելուն համար:
Չաւուշօղլու մանրամասնած է, որ Հայաստան 100 թոն մարդասիրական աջակցութիւն ուղարկած է աղէտէն վնասուած Թուրքիա, եւ քանակ մըն ալ ճամբան է:
«Դժբախտաբար, Հայաստանը եւս կը գտնուի երկրաշարժային գօտիի մէջ: Բոլորիս յիշողութեան մէջ կը մնայ 1988 թուականին Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժը, որուն ժամանակ Թուրքիան եւս օգնութիւն ուղարկած էր Հայաստանին: Հայաստանը 1999 թուականին մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի ժամանակ եւս մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած էր: Այդ դժուար օրերուն եւս մեզի իր մարդասիրական ձեռքը երկարած է եւ համերաշխութիւն ու համագործակցութիւն ցոյց տուած», նկատած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Ան նաեւ անդրադարձած է Միրզոյեանի հետ երկկողմանի հանդիպումին` նշելով, որ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ ընթացող աշխատանքներուն:
«Հարաւային Կովկասի մէջ կը շարունակուի յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը: Համոզուած ենք, որ այս օրերուն տեղի ունեցած համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ այս հոլովոյթին: Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ բնականոնացման հոլովոյթները, կը կարծեմ, պիտի նպաստեն մեր շրջանին մէջ կայունութեան եւ բարօրութեան հաստատման:
«Մեր երեք երկիրները իրենց անկեղծ քայլերով կրնան յարատեւ կայունութիւն բերել կովկասեան շրջանին մէջ», եզրափակած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Չաւուշօղլու նաեւ «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ իրենք համաձայնած են արագացնելու երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը: Ան յոյս յայտնած է, որ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց պիտի ըլլայ, ինչ որ բարենպաստ կացութիւն պիտի ստեղծէ շրջանին մէջ:
Ան նաեւ ըսած է, որ Անգարա բարձր կը գնահատէ Հայաստանի օգնութիւնը երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման հարցին մէջ:
Միրզոյեան իր կարգին յայտնած է. «Մեր այսօրուան հանդիպումը պայմանաւորուած է բազմաթիւ կեանքեր խլած աղէտով, սակայն այս դժուար պահուն գտնուելով Թուրքիա, անգամ մը եւս կ՛ուզեմ վերահաստատել շրջանին մէջ խաղաղութիւն կառուցելու, եւ մասնաւորաբար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի ամբողջական բացման հարցին մէջ Հայաստանի պատրաստակամութիւնը եւ ձգտումը: Այսօր մենք քննարկած ենք այս հոլովոյթին վերաբերող որոշակի մանրամասնութիւններ, ունինք համաձայնութիւն միացեալ ջանքերով վերանորոգելու Անիի կամուրջը, ինչպէս նաեւ հոգ տանելու համապատասխան ենթակառոյցներու մասին` սահմանի ամբողջական բացման ընդառաջ»: