Եղեռնապատում. Չաթ գիւղի 35 հայուհիները որոնք մերժեցին թրքանալ

Horizon Weekly Newspaper

Ակտաղ լեռը (2272 մ.), որ կը գտնուէր Սեբաստիոյ եւ Անգարայի նահանգներուն վարչական սահմանագիծին վրայ, Սեբաստիա քաղաքէն աւելի քան 90 քլմ. Դէպի հարաւ-արեւմուտք, Հայոց մեծ եղեռնի ընթացքին դարձաւ թուրք ցեղասպաններուն դէմ արեւմտահայութեան մտած ինքնապաշտպանական հերոսամարտերու յայտնի օճախներէն մէկը: Լերան վրայ ապաստանած հարեւան Չաթ գիւղի (մեծ եւ Փոքր Չաթեր) բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ մի քանի այլ գիւղերու բնակչութեան ջարդերէն փրկուած բեկորները մօտ 4 տարի պայքարեցան թուրք բարբարոսներուն դէմ եւ այդ պայքարէն յաղթական դուրս եկան: Ընդ որում՝ գոյատեւման պայքարը կը մղուէր ոչ միայն թուրքերու, այլ նաեւ բնութեան դժնդակ պայմաններու ու սովի դէմ, որոնք ոչ պակաս անողոք թշնամիներ էին:

Անկէ ետք, երբ թրքական ոստիկանական ուժերու եւ հրոսակախումբերու կողմէ Չաթը ենթարկուեցաւ բարբարոսական յարձակման եւ գրեթէ կէսը դատարկուեցաւ, արդէն «օրինական» աքսորի նպատակով կազմուեցաւ 1000 հոգինոց մահուան կարաւան՝ բաղկացած կիներէ եւ երեխաներէ: Աքսորեալներու կարաւանը ճանապարհին՝ Աղիորէնի ձորին մէջ, ամբողջութեամբ ոչնչացուեցաւ թուրք ջարդարարներու կողմէ: Սպանդէն ողջ մնացած մօտ 100 վիրաւոր չաթցիներ՝ Ադամ Չաւուշի հայդուկները գտան եւ տարին Ակտաղ, ուր, սակայն, անոնց մեծ մասը ստացած վէրքերէն հետագային մահացան:

«Նահատակուողներու կարաւանին մէջ գտնուեցան երկու հերոսուհիներ, տիկիններ Զարդար Հապէշեան, Պաճի Հաճը Մկրեան քոյրերը, որոնք արտակարգ արիասրտութեամբ մը դահիճներու ձեռքէն կացինը խլեցին, երկու հոգի սպաննելէ ետք նահատակուեցան:

Կատղած վագրերէն աւելի դաժան եղող խուժանը, հնձեց բոլոր հայերը աննկարագրելի բարբարոսութեամբ եւ Աղէօրէնի ձորը յորդեցաւ անմեղներու կարմիր արիւնով…

Կոտորածն ու կողոպուտը վերջացած էր: Տխռահռչակ Հասան Պէյ հրամայեց 35 հատ հայ գեղեցկուհիներուն, որ թրքանան, եթէ կ’ուզեն ազատիլ չարաչար մահանալէ: Այդ հայուհիները խիզախօրէն մերժեցին կատարել դահճապետին պատգամը՝ առաջարկելով իսկոյն գնդակահարել զիրենք:

Անոնցմէ էին օրդ. Կիւլիւ Պոզոյեան՝ 17 տարեկան, օրդ. Ղազարեան՝ 17 տարեկան, ուզունլուցի օրդ. Շնորհիկ: Համոզելու բոլոր ճիգերը ապարդիւն անցան: Անոնք ինքնաբերաբար շարուեցան ոստիկաններուն առջեւ:

Դժոխապետը արիւնոտած գանկով եւ հրդեհուած աչքերով հրաման արձակեց սպաննելու զանոնք:

Եւ չաթցի 35 գեղանիներ տապարի անողոք հարուածներով նահատակուեցան վայրկենապէս»:

Էդիկ Մինասեան

Տաթեւիկ Մինասեան

«Հայ կանայք 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի հերոսամարտի տարիներին»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.