«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը ներկայացուց իր ընտրական օրակարգը

Ապրիլ 11-ին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան կազմակերպած միասնութեան հանրահաւաքը, որ սկսաւ տէրունական աղօթքով։ Հաւաքը ոչ միայն քաղաքական համախմբումի ցուցադրութիւն էր, այլեւ՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ ծրագրային հիմնական ուղերձներու հրապարակում։

Հանրահաւաքին գլխաւոր ելոյթ ունեցող, կուսակցութեան նախընտրական ցուցակը գլխաւորող Նարեկ Կարապետեան ընդգծեց, որ Հայաստանը կանգնած է վճռորոշ ընտրութեան մը առջեւ։ Անոր խօսքով՝ երկիրը կամ կրնայ անցնիլ զարգացման եւ իրական ներդրումներու ներհոսքի ուղիով, կամ շարունակել մնալ լճացման մէջ։ Կարապետեան վստահեցուց, որ իրենք առաջնահերթ կը նկատեն տնտեսական արմատական փոփոխութիւնը՝ շեշտելով, թէ Հայաստան պիտի մտնեն միլիառաւոր տոլարներու իրական ներդրումներ։

Ան նաեւ քաղաքական ընտրութիւնը ներկայացուց իբրեւ յստակ այլընտրանք՝ փոփոխութիւն Սամուէլ Կարապետեանի հետ կամ շարունակութիւն ներկայ իրավիճակին՝ լճացումով, աղքատութեամբ եւ անվստահութեան մթնոլորտով։ Իր խօսքին մէջ ան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն՝ աջակցելու փոփոխութեան գործընթացին՝ վստահեցնելով, որ այդ փոփոխութիւնը կրնայ իրականութիւն դառնալ Սամուէլ Կարապետեանի առաջնորդութեամբ։

Տնտեսական ծրագիրներուն անդրադառնալով՝ Կարապետեան յայտարարեց, որ նախատեսուած է ստեղծել հարիւրաւոր հազարաւոր նոր աշխատատեղեր, ապահովելով, որ քաղաքացիները աշխատին եւ արժանապատիւ ապրուստ ունենան Հայաստանի մէջ։ Ան նաեւ նշեց, որ այս մօտեցումը պիտի նպաստէ արտագաղթած քաղաքացիներու վերադարձին։

Հանրահաւաքին խօսք առաւ նաեւ կուսակցութեան անդամ Արամ Վարդեւանեան, որ կեդրոնացաւ իրաւական եւ հաստատութենական բարեփոխումներու վրայ։ Ան շեշտեց, որ արդարադատութեան հիմքը պէտք է ըլլայ մարդասիրութիւնը, իսկ օրէնքը՝ ծառայէ բոլորին՝ առանց բացառութեան։ Վարդեւանեան ընդգծեց դատական համակարգի անկախութեան կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ դատարանները պէտք է գործեն անվախ եւ չծառայեն որեւէ իշխանութեան։

Արտաքին քաղաքականութեան անդրադառնալով՝ ան զգուշացուց, որ ոչ բաւարար մասնագիտական մօտեցումները կրնան վտանգի ենթարկել Հայաստանի անվտանգութիւնը՝ տարածաշրջանային եւ միջազգային բարդ զարգացումներու պայմաններուն մէջ։ Ան կարեւորեց հաւասարակշռուած դիւանագիտութիւնը եւ գործընկերային յարաբերութիւններու կառուցումը տարբեր ուժային կեդրոններու հետ՝ բացառապէս Հայաստանի շահերէն մեկնելով։

Հանրահաւաքի աւարտին մասնակիցները երթ կատարեցին մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցներով։ Տարբեր գնահատականներով՝ հաւաքին մասնակցած է շուրջ 40 հազար մարդ։