«Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւնները կը պահանջեն Սուրէն Պապիկեանի հրաժարականը

ԵՐԵՒԱՆ — Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւնները կը պահանջեն պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հրաժարականը՝ Սիւնիքի Շաքի գիւղին մէջ ատրպէյճանցի զինուորի ներթափանցման եւ քաղաքացիի վրայ կրակելու դէպքէն ետք։

Ընդդիմադիր պատգամաւորները Պապիկեանը կը քննադատեն նաեւ այն պատճառով, որ դէպքին օրերուն ան Ստեփանաւանի մէջ քարոզարշաւով զբաղած է՝ փոխանակ սահմանային անվտանգութեան եւ ստեղծուած իրավիճակին անմիջականօրէն հետեւելու։ Իշխանական պատգամաւոր Արփի Դաւոյեան հերքած է այս պնդումները։

Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան եւս մերժած է նախարարի հրաժարականի պահանջը։ Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ան հեգնական կերպով յայտարարած է, թէ Պապիկեան հրաժարական պիտի տայ այն ժամանակ, երբ Սամուէլ Կարապետեան հրաժարական տայ վարչապետի պաշտօնէն՝ աւելցնելով, որ նախարարի հրաժարականին համար որեւէ հիմք չի տեսներ։

Հոկտեմբեր 1-ին ատրպէյճանցի զինուոր մը ներթափանցած էր Հայաստանի տարածք եւ Շաքի գիւղի բնակիչ կնոջ վրայ կրակած՝ ծանր վնասուածքներ պատճառելով անոր։ Դէպքը տեղի ունեցած էր կնոջ երկու երեխաներուն ներկայութեան։ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնը նաեւ առաջարկած է Ազգային ժողովին մէջ քննիչ յանձնաժողով կազմել՝ ուսումնասիրելու բանակին մէջ զինուորականներու մահուան դէպքերը, ինչպէս նաեւ Շաքիի միջադէպը։ Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը, սակայն, յայտարարած է, որ պիտի մերժէ այս նախաձեռնութիւնը։

Այս տարուան առաջին ինը ամիսներուն Հայաստանի բանակին մէջ խաղաղ պայմաններու եւ ծառայութեան հետ կապուած հանգամանքներու մէջ արդէն 15 զինծառայող մահացած է։

Հարցին շուրջ խորհրդարանական քննարկումները Երեքշաբթի խիստ լարուած մթնոլորտի մէջ ընթացած են։ Բարձրաձայն վիճաբանութիւններէն բացի, պատգամաւորներու միջեւ նաեւ քաշքշուք տեղի ունեցած է։