«Ուժեղ Հայաստան»ը ԵՄ ներկայացուցչութեան առջեւ կը պահանջէ արդարութիւն Արսէն Գէորգեանի համար

ԵՐԵՒԱՆ.- «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւորներն ու համակիրները նոյեմբեր 11-ին բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Երեւանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան գրասենեակին առջեւ՝ պահանջելով միջազգային յստակ արձագանգ «Նուբարաշէն» քրեակատարողական հիմնարկին մէջ Արսէն Գէորգեանի մահուան առնչութեամբ։

«Արդարութիւն՝ Արսէն Գէորգեանի համար» գրութիւններով ցուցարարները դատապարտեցին ընդդիմադիր գործիչներու նկատմամբ քաղաքական հետապնդումները եւ նախնական կալանքը ճնշումի միջոցի վերածելու գործելակերպը։

«Ուժեղ Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութեան պատգամաւոր Արեգա Յովսէփեան յայտարարեց, որ եւրոպական կառոյցներուն լռութիւնը անընդունելի է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական ազատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու վիճակին նկատմամբ։

Ան շեշտեց, որ ընդդիմադիր քաղաքական հայեացքներ ունենալը չի կրնար քրեական հետապնդումի հիմք դառնալ, եւ պահանջեց դադրեցնել քաղաքական պատկանելիութեան պատճառով գործադրուող ճնշումները։

Ցոյցին ընթացքին բարձրացուեցաւ նաեւ Գէորգեանի կալանաւորման անհրաժեշտութեան հարցը։ Ան ձերբակալուած էր Ստեփանաւանի համայնքային ընտրութիւններէն չորս օր առաջ՝ ընտրակաշառքի մեղադրանքով, զոր մերժած էր։

Գէորգեանի մահուան կապակցութեամբ նախաձեռնուած են քրէական քննութիւն եւ դատաբժշկական փորձաքննութիւն։