Որպէսզի գիրք մը բանաս
Գոլեժի մակարդակի գրականութեան ուսուցիչ մը՝ Olivier Gamelin, որուն առաքելութիւնը գրականութիւնը սիրցնել է եղած, Le Devoir օրաթերթի 7-8 դեկտեմբեր 2019 շաբաթավերջի թիւին մէջ ստորագրած է բաց նամակ մը՝ ուղղուած իր ուսանողին (Lettre d’un prof de littérature à son étudiant)։
Ան մտահոգ է, որ իր ուսանողն ու անոր դասընկերները, այդ 15-շաբաթեայ դասընթացքը աւարտելէ ետք,– դասընթացք՝ որուն միջոցա՛ւ միայն անոնց մեծամասնութիւնը գրական որեւէ էջ տեսած ըլլայ դպրոցական ամբողջ ճանապարհին,– անոնք պիտի դարձնեն վերջին էջը ու անկէ ետք գրականութիւնը երբեւէ մաս պիտի չկազմէ անոնց կեանքին, մեծամասնութեա՛ն կեանքին։
Վաղը,– կը գրէ ուսուցիչը,– վկայականը ձեռքիդ, պիտի մտնես գործի ասպարէզ կամ պիտի հետեւիս համալսարանական ուսման, վստահ՝ որ անհրաժեշտ գործիքներով օժտուած պիտի ըլլաս, «բայց պէտք է գիտնաս՝ որ այդ ճանապարհին, ասկէ ետք, գրական գործերը սպիտակ մարգարիտներու նման պիտի ըլլան հազուագիւտ, նոյնիսկ անգո՛յ։ Սակայն…»
Անցնող 15 շաբաթներուն,– կը շարունակէ ուսուցիչը,– լաւագոյնս ըրի, քեզ համոզելու համար, որ «գրականութիւնը այդտեղ պէտք չէ կանգ առնէ, այսինքն դպրոցական ուսմանդ դռներուն։ Հոդ՝ մասնագիտական կեանքիդ սեմին։ Հոդ՝ չափահասութեանդ եզրին։ Ընդհակառակն, հի՛մա է, աւելի քան երբեք, որ գրականութիւնը առանձնաշնորհեալ տեղ պէտք է գրաւէ գոյութեանդ մէջ»։
Գնահատելով հանդերձ իր ուսանողին ունեցած հետաքրքրութիւնները օրուան հարցերուն նկատմամբ, գրողը կ՚աւելցնէ. «Փորձեցի, սիրելի՛ ուսանող, քեզ համոզել, որ գրականութիւնը հայելին է անոր՝ որ դուն ես։ Որ ան կը լուսաւորէ մութ կողմերդ, որ կը բոցավառէ ժանեկագործի հրճուանքդ։ Որ գրականութիւնը կենսական ճանապարհն է, որ դուն քեզի հասնիս, դուն ի քեզ, բայց նոյնպէս դուն Միւսին մէջ, եւ Միւսներուն ձայնին՝ ի քեզ։ Որ գրականութիւնը սահմանները կ՚որոշէ կամ կամուրջները կը պայթեցնէ։ Գրաւիս մէջ յաջողեցա՞յ, չեմ գիտեր… Սակայն…»
Եթէ ձախողած է, ուսուցիչը այդ սեփական ձախողութիւնը կը նկատէ աղէտ մը, «հաւաքական նաւաբեկութիւն» մը։ «Եթէ վաղը գրականութիւնը չտեղաւորուի կեանքիդ գրադարանին մէջ, ինչպէ՞ս պիտի հասկնաս՝ ո՞վ ես դուն, ո՞վ եմ ես, ո՞վ եղած են մեծծնողներդ, ի՞նչ կեանք կ՚ապրի Միւսը՝ իր արգելավայրի կամ Ափրիկէի միւս ծայրը, ի՞նչը մեզ բոլորս կ՚ոգեւորէ հոս եւ հիմա։ Ի՞նչ ակնոցով պիտի դիտես մարդկութիւնը որ կը ծաւալի վկայականէդ անդին։ Ի՞նչ պատուհան պիտի բանաս՝ մասնագիտական մեկուսացմանդ օդը փոխելու համար։ Ո՞վ պիտի խաղաղեցնէ տագնապայարոյց առօրեադ»։
Այս խելամիտ ուսուցիչը աղէտ մը կը նկատէ իր ձախողութիւնը գիր ու գրականութիւնը սիրցնելու, որովհետեւ «առանց գրականութեան, առանց բանաստեղծութեան, ինքնութեանդ այն բաժնին, որ աւելի խոր արմատներ կը նետէ քան ոտքերուդ ներբանները, առանց ինքնութեանդ այս գոյութենական բաժնին, հողատարածք պիտի չգտնես ծաղկելու համար։ Գոյութի՛ւն ունենալու համար։ Յայտնաբերելու համար։ Արտայայտուելու համար։ Ըմբոստանալու համար։ Կառուցելու համար։ Ահա որքան բայեր՝ որպէս հոմանիշ ”հետաքրքրութեան”»։
Վերջաւորութեան, ուսուցիչը, պիտի ըսէի Ուսուցիչը, կը կասկածի, թէ կրցած է համոզել աշակերտը, որ «գիրք մը բանայ, առանց որ մէկը պարտադրած ըլլայ զայն անոր»։
Ահա մեծ հարց մը, կենսական հարց մը, որ, համաշխարհայնացման, ընչաքաղցութեան համատարած տիրապետութեան այս ժամանակներուն, Ուսուցիչը կը դնէ իր ուսանողին առջեւ։
Միա՞յն իր ուսանողին։
Կասկած չունիմ, որ ուսանողը պատրուակ մըն է։ Նամակը ուղղուած է բոլորիս, ոչ միայն թերթի ընթերցողներուն, Քեպէգի հասարակութեան, այլ բոլորի՛ս, ի՛նչ ծագում ալ ունենանք, ի՛նչ ազգութեան ալ պատկանինք։
Գուցէ ուղղուած է նաեւ ծանօթ նախարարի մը, որ եթէ չհամոզուի, այդ ալ աղետալի կրնայ ըլլալ մեզի՛ համար…
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ