«Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնի «Վարպետ» Մրցանակը Գրիգոր Պըլտեանին

Երեւանի 21-րդ «Ոսկէ ծիրան»  շարժապատկերի միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ, փառատօնին պատուաւոր հիւրերը, մասնակցողները եւ կազմակերպիչները հիւրընկալուեցան Արմաւիրի մարզի Առատաշէն համայնքին մէջ գտնուող «Aratashen winery» գինիի տան մէջ:

Օրը յատկանշական էր. նոյն վայրին մէջ, շարժապատկերի բնագաւառին մէջ ունեցած մեծ աւանդին համար «Վարպետ» մրցանակը յանձնուեցաւ Գրիգոր Պըլտեանին, որ առողջական հարցերու պատճառով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ արարողութեան:

Պըլտեան մեծապէս ճանչցուած է` իբրեւ ժամանակակից արեւմտահայ գրականութեան կարեւոր գրական գործիչներէն եւ արեւմտահայերէնով գրող ամէնէն նորարար ստեղծագործողներէն մէկը: Բեղուն տաղանդ ունեցող վիպագիր, յօդուածագիր եւ գրաքննադատ Պըլտեան  հեղինակ է առաւել քան 30 հատորներու, որոնք լոյս տեսած են Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ան ծնած է Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, երկար տարիներ ապրած է Փարիզ եւ դասախօսութիւններ տուած է Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու մէջ:

«Այս տարածքը ամէնէն գեղեցիկներէն է, «Aratashen winery»-ի մէջ կ՛աշխատին մեր լաւագոյն ընկերները, եւ մենք այստեղ ամէն տարի կը յանձնենք մրցանակ մը: Մեր մրցանակակիրը առողջական պատճառներով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ արարողութեան, հակառակ անոր որ ծրագրուած էր հակառակը: «Վարպետ» մրցանակը կը յանձնենք մեր դատական կազմի պատուաւոր անդամներէն մէկուն, որուն կետած  ստեղծագործական երկար ուղիով եւ «Ոսկէ ծիրան»-ի շրջանակներուն մէջ ներկայութեամբ շատ հպարտ ենք», նշեց «Ոսկէ ծիրան»-ի տնօրէն եւ գեղարուեստական ղեկավար Կարէն Աւետիսեան:

Մրցանակը փառատօնի հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեանին փոխանցեց մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան, որուն վստահուած էր այս աշխատանքը: «Կը շնորհաւորեմ «Ոսկէ ծիրան»-ի ընթացքը եւ շնորհակալ եմ, որ ինծի այս պատիւին արժանացուցիք: Դժուար է գտնել ոլորտ մը, որուն մէջ ներդրում չունի Պըլտեանը: Վերջերս յստակացուցինք, որ ան հետաքրքրական մօտեցումներ ունեցած է շարժապատկերի եւ շարժապատկերի գիտութեան նկատմամբ, որուն շնորհիւ ալ անոր կը յանձնուի այս մրցանակը:

«Ան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին այսօր նուիրած է իր ատենախօսութիւնը, որ շատ կարեւոր է, եւ ես մեծ յոյս ունիմ, որ իր հաւաքածուին մէջ գտնուող քանի մը ձեռագիրներ կը հանգրուանեն մատենադարանին մէջ», նշեց Խզմալեան` հաստատելով, որ մրցանակը անպայման պիտի փոխանցուի վարպետին:

Երեկոյի աւարտին, ըստ աւանդութեան, ելոյթ ունեցաւ «Կարին» ազգագրական համոյթը: Երեկոյին ամէնէն յիշարժան պահերէն մէկը համոյթին հետ նաեւ հիւրերուն հայկական աւանդական «Քոչարի» պարելն էր:

Comments are closed.