Ոեւէ ուժային կեդրոնի կողմէ Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտութիւնը մեզ համար անընդունելի է. Իշխան Սաղաթելեան
- (0)

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանն անդրադարձած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Կայա Կալասի երէկուան յայտարարութեան․
«Երէկ Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Կայա Կալասը յայտարարեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները դիմած են ԵՄ-ին՝ խնդրելով աջակցութիւն ընտրութիւններու ընթացքին՝ Մոլտովայի օրինակով կամ փորձառութեամբ։ Այս հանգամանքէն ելնելով՝ պէտք է արձանագրենք երեք փաստ։
Առաջինը՝ արտաքին ուժերու կողմէ ուղղակի միջամտութիւն է Հայաստանի ներքին գործերուն։
Երկրորդ՝ օրուան վարչախումբը քաջ կը գիտակցէ, որ այլեւս չունի ժողովուրդին աջակցութիւնը, եւ նոյնիսկ պետական վարչական ու ուժային լծակները բաւարար չեն իրենց վերարտադրութիւնը ապահովելու համար։
Երրորդ՝ այս իրավիճակէն ելլելով, անոնք արտաքին ուժերու միջամտութեամբ, յատկապէս Մոլտովայի օրինակով, կը պատրաստուին մօտակայ ընտրութիւններուն ժամանակ չեզոքացնելու ընդդիմադիր ուժերու մասնակցութիւնը։ Ասիկա է իրական պատկերը Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան, ժողովրդավարութեան, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան մասին։
Եւ բոլորովին մի՛ զարմանաք, եթէ մօտ ապագային Ալիեւը եւ Էրտողանը յայտարարեն, թէ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով Նիկոլ Փաշինեանն ալ դիմած է իրենց՝ ակնկալելով անոնց օգնութիւնն ու աջակցութիւնը՝ Հայաստանի մէջ Փաշինեանի վերարտադրութիւնը ապահովելու համար։
Իրականութեան մէջ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին ճակատագիրը պէտք է որոշէ հայ մարդը, եւ որեւէ արտաքին միջամտութիւն, որեւէ արտաքին կեդրոն մեզ համար անընդունելի է, եւ մենք այդ մէկը պիտի չթոյլատրենք»,– յայտարարած է Իշխան Սաղաթելեանը։