Ոգեկոչման հանդիսութիւն Վանգուվըրի մէջ
Կիրակի, 7 Նոյեմբեր 2021-ին, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. ի Ս. Վրացեան կոմիտէութեան, Գ.Ե.Մ.-ի Ա. Շիրակեան, Պ.Մ. Ս. Թէհլիրեան մասնաճիւղերու եւ Վանգուվըրի Հայ Դատի յանձնախումբի խնդրանքով, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակուած մեր հողապաշտպան հերոսներու յիշատակին:
Յետ պատարագին, տեղի ունեցաւ ոգեկոչման հանդիսութիւն՝ Լազարեան սրահէն ներս: Օրուայ հանդիսավարը՝ Ընկհ. Փամելա Պուճոք, խնդրեց ներկաներէն 1 վայրկեան յոտնկայս յարգելու հողապաշտպան հերոսներու յիշատակը: Ոգեկոչումը բացուեցաւ զոյգ Գանատայի եւ Արցախի քայլերգներով:
Ընկհ. Լար Սիսեռեան ընթերցեց հայերէն լեզուով բացման խօսքը, ընկերուհին իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ «Հերոսներուն ներկայութիւնը Եռափլուրին մէջ, կու գայ մեզ յուշելու, թէ դուք յաղթած էք մահուան՝ Նահատակութեամբ»: Իսկ Ընկերուհի Նանոր Շաննագեան ընթերցեց անգլերէն լեզուով բացման խօսքը:
Պ.Մ. Ս. Թէհլիրեան պատանիները հաւաքական ասմունքով ներկայացուցին «Ընկածները» կտորը, ապա, միասնաբար երգեցին՝ «Ի զէն հայեր», Հայոց բանակի երգը եւ «13 Արծիւները»:
Այնուհետեւ, բէմ հրաւիրուեցաւ Հ.Յ.Դ. ի Ս. Վրացեան կոմիտէութեան հերթապահ՝ Ընկհ. Մարալ Քիւլլահեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ներկայ իշխանութեան ապազգային կեցուածքը:
Հայ Դատի շրջանային ներկայացուցիչ Ընկ. Յակոբ Տէր Յակոբեան փոխանցեց խորհրդարանի (MP) ներկայացուցիչներ Ատրիան Տիքս էւ Տօն Տէյվիսի նամակները:
Ոգեկոչման աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Հոգեշնորհ Տէր Գարեգին Վարդապետ Շըխըրտմեան, փոխանցելու համար օրուայ պատգամը: Հայր Սուրբը շեշտեց, թէ Հայրենիքի զօրութիւնը կը սկսի իւրաքանչիւրի տուներէն, երբ կը պահեն հայկական ընտանիքի կրակն ու ոգին: Իր ձայնը միախառնելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի խօսքերուն, ան ըսաւ՝ «Ու ծափ զարկին մեր հարց ոսկերք, զի չէ մեռած հայոց կրակ»:
Ոգեկոչումը փակուեցաւ «Մեր Հայրենիք»ով ու «Պահպանիչ»ով:
Սիմոն Վրացեան Կոմիտէութեան՝
Լրատուական Յանձնախումբ