Շրջանաւարտներու նուէր

Անցեալ Հինգշաբթի  Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտները ստացան իրենց յիշատակի վերնաշապիկները՝ հաճելի նուէր մը, որ երկար կը սպասէին։ Երիտասարդները այս առիթով իմացան, որ իրենց հունձքը պիտի կրէ Սօսէ Վարդանեանի անունը, որ ծանօթ է որպէս Հայութեան մայր, որ քաջութեան եւ յարատեւութեան խորհրդանիշ է։
Սօսէ Մայրիկին մահուան 70ամեակին առիթով (մահ՝ 9 Փետրուար, 1953) Տիկ Աննա Պուլկարեան աւարտական դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց Սօսէ Մայրիկին տիպարը։
Յատուկ շնորհակալութիւն ծնողական յանձնախումբին վերնաշապիկները տրամադրելու համար, հնարաւորութիւնը տալով մեր աշակերտներուն հպարտութեամբ ծանուցելու Սօսէ Մայրիկին անունը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.